ԵՐԵՒԱՆ.– Եւրոպական վիճակագրական կեդրոնը հրապարակած է տուեալներ՝ Եւրոպական միութեան երկիրներուն մէջ ապաստան որոնող անձերուն վերաբերող։
Ըստ վիճակագրութեան, այս տարուան առաջին եռամսեակին Եւրոպայի մէջ ապաստան ստանալու խնդրանքով դիմած է Վրաստանի 2315 քաղաքացի, Հայաստանի 1355 քաղաքացի եւ Ատրպէյճանի 650 քաղաքացի: Անոնց համար առաւել գրաւիչ երկիրներ եղած են Ֆրանսան եւ Գերմանիան:
Ըստ վիճակագրութեան, նշեալ ժամանակաշրջանին ապաստանի համար դիմողներուն մէջ գերակշռող եղած են Ռուսիոյ, Փաքիստանի եւ Սերպիոյ քաղաքացիները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.