ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի յունահռոմէական ըմբիշները գերազանց արդիւնքով սկսան Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի երիտասարդական ախոյեամնութիւնը: Կարէն Ասլանեանը (60 քկ.) եւ Կարապետ Չալեանը (74 քկ.)՝ յաղթելով բոլոր մրցակիցներուն, նուաճեցին աշխարհի ախոյեանի կոչումը:
Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան Կարապետ Չալեան իրարու ետեւէ պարտութեան մատնելով ալճերիացի Ապտելքրիմ Ուաքլին՝ 7:0 (բացայայտ առաւելութիւն առաջին հանգրուանին), սերպ Վիքթոր Նեմեսը՝ 3:1, մոլտովացի Փետրու Սեւչիւկը՝ 11:3 (բացայայտ առաւելութիւն), ռուս Պեքհան Օզտոյեւը՝ 8:4, եզրափակիչ հանգրուանին 3:0 հաշիւով առաւելութեան հասաւ նաեւ ուքրանացի Անտրէյ Անթոնիւքի նկատմամբ ու Եւրոպայի ախոյեանի կոչման աւելցուց նաեւ աշխարհի ոսկին:
Պայքարը գերազանց սկսաւ եւ հրաշալի ոճով տրամաբանական աւարտին հասցուց նաեւ Կարէն Ասլանեանը, որ կիսաեզրափակիչ հանգրուանին 7:2 հաշիւով յաղթելով ատրպէյճանցի Էլման Մուխտարովին, վճռորոշ գօտեմարտին բացայայտ առաւելութեամբ՝ 7:0, յաղթեց նաեւ թուրք Պասար Էնեսին ու նուաճեց աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանի տիտղոսը: Իսկ մինչ այդ, հայ ըմբիշը պայքարէն դուրս հանած էր ռուս Արթուր Սուլէյմանովը՝ 4:1, ռումանացի Միհալ Միհուտը՝ 11:2 (բացայայտ առաւելութիւն առաջին հանգրուանին) եւ ամերիկացի Հայտըն Դանիէլ Թուման՝ 8:6:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.