
ՀՅԴ Յունաստանի պատանեկան միութեան 10օրեայ բանակումը Քափանտրիթիի մէջ աւարտեցաւ Երկուշաբթի, 12 Օգոստոսի առաւօտեան, երբ տղաքն ու վարիչները հաւաքեցին իրենց պիտոյքները եւ Աթէնք վերադարձան, իրենց ճամպրուկներուն մէջ ամբարած 10օրեայ բանակումի ընկերային կեանքի յուշերը:
87 պատանիներ մասնակցեցան միութեան 33րդ բանակումին, անգամ մը եւս համախմբուելով իրարու մօտ, իրենց 16 վարիչներու աչալուրջ հսկողութեան տակ:
Հայկական մթնոլորտ, դաստիարակութիւն, հայախօսութիւն, զուարճութիւն, ընկերային կեանք, բոլորը ազդակներ, որոնք արժանի ու արդիւնաւէտ ձեւով զբաղեցուցին պատանիներու 10օրեակը:
Փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Օգոստոսի երեկոյեան, բանակողներու ծնողներուն, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն եւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Քոքինիոյ եւ Ֆիքսի հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, Յունահայոց Ազգային վարչութեան, միութեանց վարչական ներկայացուցիչներ եւ այլ հայորդիներ:
Նախքան յայտագիրի բացումը, ծնողները առիթը ունեցան շրջելու ընդարձակ բանակավայրէն ներս, ծանօթանալով դաշտերուն, լողաւազաններուն, վրան-տաղաւարներուն, ճաշարանի վայրին եւ բանակավայրի ամէն տեսակի յարմարութիւններուն:
Զրոյցներու հիմնական թեման էր բանակողներու առօրեան խանգարած հիւանդութիւնը, որ պատճառ եղաւ, որ թիւ մը պատանիներ հեռանան բանակավայրէն ապաքինման համար: Անոնց մեծ մասը վերադարձաւ եւ բոլորը միասին մաս կազմեցին փակման ձեռնարկին:
Երեկոյեան ժամը 8ին բոլորը դաշտ ուղղուեցան դրօշակի արարողութեան համար: Պատանիները կանոնաւորապէս շարուելէ ետք «Մեր հայրենիք» եւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգներու երգեցողութեամբ կատարեցին դրօշակի պաշտօնական արարողութիւնը, օրուան հերթապահ Յարութ Սպարթալեանի ուղղութիւններուն համաձայն:
Ապա բոլորը տեղեր գրաւեցին ճաշարանին շուրջը շարուած սեղան-նստարաններուն վրայ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ժագլին Աճէմօղլու: Յաջորդաբար խօսք առին պատանիներուն կողմէ՝ Ռուբէն Ճանիկեան, Վարիչ մարմինին կողմէ՝ Արմէն Բախանեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ՝ Նազարէթ Պէրպէրեան:
Բոլոր խօսք առնողները շեշտեցին բանակումի կազմակերպման կարեւորութիւնը, որ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան աշխատանքներու գագաթնակէտը կը կազմէ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Նազարէթ Պէրպէրեան՝ ողջունելով Պատանեկան միութեան 33րդ բանակումի կազմակերպումը, ուրախութեամբ արձանագրեց մասնակցութիւնը մեծ թիւով պատանիներու, որոնք համախումբ կեանք ապրեցան բանակումի օրերուն, հայախօսութեամբ յատկանշուած: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հպարտութեամբ անդրադարձաւ պատրաստակամ կեցուածքին երիտասարդ վարիչներուն, որոնք լրիւ ստանձնեցին բանակումի պատասխանատուութիւնը եւ լաւագոյն ձեւով յաջողցուցին կարեւոր այս ձեռնարկը, նոյնիսկ յաղթահարելով անկանխատեսելի դժուարութիւններ, որոնք ստեղծուեցան հիւանդութեան դէպքերուն որպէս արդիւնք: Ընկերը շեշտեց, թէ գաղութի ապագան երիտասարդ ուժերուն մէջն է եւ վստահութիւն պէտք է ցուցաբերել տարուած ճիգերուն:
Ձեռնարկի երկրորդ բաժինը նուիրուած էր բանակումի առօրեային: Խմբերգներ, պար ու զաւեշտական ներկայացումներ ամբողջացուցին յայտագիրը:
Հանդէսը իր աւարտին հասաւ խանդավառ շուրջպարերով: