
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան, Յովհաննէս Թասլաքեան, Աւետիս Կիտանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Երկուշաբթի, 19 Օգոստոսին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:
Պէյթէտտինի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը՝ պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը: