Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

«Բերանի այրուածքի ախտանիշ»ը (burning mouth syndrome) յատուկ հիւանդութիւն մը չէ, այլ ախտանշաններու խմբաւորում մը, որոնց կարեւորագոյնն է՝ ներբերանի այրուածքային ցաւի զգացողութիւնը:
Այս գրութեան մէջ «Բերանի այրուածքի ախտանիշ»ի բառախումբին փոխարէն պիտի գործածեմ ԲԱԽը՝ օգտագործելով երեք բառերուն սկզբնատառերը:
Լեզուի ծայրամասը, ոսկրային քիմքի (palate) յառաջամասը, կոկորդի եւ վարի շրթունքի ներքին բաժինի մակերեսը կ՛ազդուին առաւելաբար ԲԱԽէն:
ԲԱԽի պարագային բերանի լորձնաթաղանթը (mucous membrane) կ՛ունենայ բնական վիճակ, առանց որեւէ մէկ ախտաբանական երեւոյթի կամ փոփոխութեան:
ԲԱԽը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ երկու սեռերուն: Բայց առաւելաբար տարիքոտ կիներուն մօտ: Անիկա կը սկսի անակնկալօրէն առանց ազդանշանի եւ կը տեւէ տարիներ: Քիչ պարագաներու անիկա կ՛անհետանայ շուտով կամ կ՛ունենայ մեղմ ընթացք:
Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս բերանի այրուածքային ցաւը ԲԱԽին հիմնական ախտանշանն է, որ կը պատահի ամէն օր եւ երկար ժամեր: Բերանի այրուածքային ցաւը ընդհանրապէս կը սկսի առաւօտուն կամ կէսօրէն առաջ:
Քիչ պարագաներու անիկա կը յայտնուի յետմիջօրէին:
Այրուածքային ցաւը առաջին ժամերուն կ՛ըլլա՛յ մեղմ: Անիկա կը սաստկանայ կամաց-կամաց եւ գագաթնակէտին կը հասնի ուշ գիշերին:
Բերանի այրուածքային ցաւը կ՛ընդգրկէ լեզուին ծայրամասը, ոսկրային քիմքի յառաջամասը, կոկորդի մակերեսը եւ վարի շրթունքի ներքին բաժինի մակերեսը:
Բերանի այրուածքային ցաւին կ՛ուղեկցին նաեւ հետեւեալ ախտանշանները.
1.- Բերանի չորութիւն.
2.- Համի զգացողութեան խանգարում կամ փոփոխութիւն (dysguesia).
3.- æուրի պահանջք՝ ծարաւութիւն.
4.- Կծումային (tingling) զգացողութիւն բերանին մէջ կամ լեզուին ծայրամասը:
ԲԱԽին ախտապատճառը ընդհանրապէս անորոշ է: Այս պարագային ԲԱԽը կը կոչուի hիմնական ԲԱԽ:
Յստակ եւ որոշ ազդակներով եւ ախտապատճառներով յառաջացած ԲԱԽը կը կոչուի երկրորդական ԲԱԽ:
Երկրորդական ԲԱԽի յստակ եւ որոշ ազդակներն ու ախտապատճառներն են.
1.- Յոռի սննդարութիւն.
2.- Ալքոլի եւ «սիկարէթ»ի գործածութիւն.
3.- Բերանի չափազանց գրգռութիւն՝ թթուային նիւթով (acid) հարուստ ըմպելիներով եւ ատամներու մաքրութեան օճառներով.
4.- B2, B6, B9 եւ B12 կենսանիւթերու (vitamine), զինկի եւ երկաթի անբաւարարութիւն.
5.- Որոշ սննդանիւթերու եւ կերակուրներու գերզգայնութիւն (allergy).
6.- Որոշ դեղերու գործածութիւն.
7. Ատամնաշարի կազմուածք, սխալ նստուածք եւ անբնական ճնշում.
8.- Բերանի սնկային (fungal) բորբոքումներ, օրինակ՝ բերանածաղիկ (thrush).
9.- Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux).
10.- Շաքարախտ եւ ենթավահանագեղձութիւն (hypothyroidism),
11.- Ներազդակային (hormonal) խանգարում դաշտանադադարի (menopause) շրջանին.
12.- Հոգեբանական խանգարումներ եւ վերիվայրումներ՝ անձկութիւն (anxiety), ճնշուածութիւն (stress), ընկճուածութիւն (depression) եւ բնականէն աւելի առողջութեամբ մտահոգութիւն.
13.- Տարեցութիւն:
ԲԱԽով կրնան զարգանալ հետեւեալ ախտաբանական երեւոյթները.
1.- Քնանալու եւ ուտելու դժ-ուարութիւն.
2.- Անձկութիւն.
3.- Ընկերային կեանքի խանգարում:
Հիմնական ԲԱԽի ախտապատճառներուն անորոշութեամբ՝ անոր դարմանումը կը դժուարանայ եւ կրնայ վերջնական եւ ամբողջական չըլլալ: Սակայն անիկա կը մեղմանայ հետեւեալ կողմնակի դարմանամիջոցներով.
1.- Ցաւաբեկ եւ չորութեան դէմ դեղերու գործածութեամբ.
2.- Յաճախակի հերթականութեամբ քիչ քանակութեամբ ջուր խմելով.
3.- Սառի կտորիկներ ծծելով.
4.- Պաղ ջուրով բերանը եւ կոկորդը ողողելով (gargle).
5.- Անշաքար ձիւթ ծամելով:
Շատ քիչ պարագաներուն հիմնական ԲԱԽը կրնայ անակնկալօրէն անհետանալ կարճ ժամանակ մը եւ վերայայտնուիլ նոյն դրութեամբ եւ ուժգնութեամբ:
Երկրորդական ԲԱԽի դարմանումը կ՛ըլլայ վերջնական եւ ամբողջական՝ դարմանելով անոր բուն ախտապատճառը կամ ախտապատճառները: Մինչ այդ, վերը յիշուած հիմնական ԲԱԽի կողմնակի դարմանամիջոցները կարելի է օգտագործել: