
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ Ուրբաթ, Օգոստոս 23ին հանդիպում մը ունեցած է Պաքու գտնուող Ճափոնի պաշտպանութեան

փոխնախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ Ապիեւ հիւրերուն ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան եւ ամբողջ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական բարդ իրավիճակը՝ պնդելով, թէ Հայաստան կը շարունակէ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան մը հետեւիլ, հակառակ տագնապը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի միջնորդութեամբ լուծելու փորձերուն: Ան նաեւ ցաւ յայտնած է, որ ցարդ կարելի չէ եղած հաստատ արդիւնքներու հասնիլ այդ բանակցութիւններով:
Նախարարը նաեւ «մտահոգի»չ որակած է այն, որ «Հայաստան կը մերժէ գործադրել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի վաւերացուցած չորս բանաձեւերը», միաժամանակ, հիւրերուն մօտ յայտարարած է, որ եթէ այս իրավիճակը շարունակուի, ապա Ատրպէյճան «ստիպուած պիտի ըլլայ օգտագործելու ատրպէյճանական բանակին կարելիութիւնները»:
Հակադարձելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի սպառնական այս յայտարարութեան՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան յիշեցուց, որ ատրպէյճանական կողմը իր բանակին հնարաւորութիւնները ամբողջութեամբ կ՛օգտագործէ: «Հիմա էլ են օգտագործում, բայց դրանից մեծ բան չի փոխւում», ըսած է ան:
Ատրպէյճանական կողմի սպառնալիքներուն նոյն ձեւով հակադարձելու մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանեց. «Մեր կողմից չի եղել եւ երբե՛ք էլ չի լինի. դա գործելակերպին, ընդհանուր մարդկանց տեսակին է վերաբերում: Լուրջ տարբերութիւններ կան»:
Ան աւելցուց, թէ հայկական բանակը եւ հայկական բանակի ղեկավարութիւնը խօսքէն աւելի գործին կարեւորութիւն կու տայ: «Մենք չենք սիրում խօսել, սիրում ենք գործ անել, իսկ ատրպէյճանական բանակը ե՞րբ չի խօսացել, 1988ին, 89ին, 90ին չի խօսե՞լ, 1993ին չէ՞ր խօսում: Սահմանի վրայ թելադրել է հայ զինուորը 1993ին, 1994ին եւ հիմա էլ շարունակում է թելադրել հայ զինուորը», եզրափակեց Արծրուն Յովհաննիսեան: