
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 20ամեակին առիթով, Կիրակի, 1 Սեպտեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք կէսօրուան ժամը 12ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան, տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն: «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կայացած ձեռնարկին ներկայ էին նահատակին ընտանեկան պարագաները, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ գաղափարակիցներ ու երիտասարդներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ ԶՈՄին եւ ԼԵՄին անունով խօսք առաւ Արամ Սոմունճեան, որ նշեց, թէ Մհեր Ջուլհաճեան իր կեանքը նուիրեց իր հայրենիքին ու միացաւ նահատակներու հերոսական փաղանգին: Սոմունճեան ըսաւ, որ Ջուլհաճեան իր նահատակութեամբ հաստատեց, որ սփիւռքահայը հայ ժողովուրդի պայքարին մէջ մեծ դեր ունի, եւ պայքարով կարելի է տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն: Ան յայտնեց, որ նահատակներու արեան կաթիլներով ազատագրուած հայրենիքէն հողի զիջումը անընդունելի է եւ վերաբնակեցումը կանխարգիլման լաւագոյն միջոցն է:
Ապա ներկաները դիտեցին Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրութիւնը եւ վկայութիւններ ներկայացնող տեսաերիզ մը, որուն ցուցադրութենէն ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Տիգրան Ճինպաշեան:
Ան ըսաւ, որ Ղարաբաղի ժողովուրդին կողմէ սկսած հրապարակային պայքարը իր սկզբնական շրջանին խաղաղ եւ ժողովրդավար բնոյթով վարակեց ամբողջ հայութիւնը՝ Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս:
Ճինպաշեան նշեց, որ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի առաջնորդ կազմակերպութիւնը՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը չէր կրնար ձեռնածալ մնալ ու առաջնորդող մասնակցութիւն չունենալ իր ծրագրային նպատակներուն համապատասխանող պայքարին մէջ: Ան աւելցուց, որ երբ հայրենի հողէն լսուեցաւ «Դէպի երկիր» կանչը, ընտրեալ սերունդը՝ ուսում առածները, գաղափարական նպատակ ունեցողները շտապեցին պայքարի դաշտ, եւ այդ ընտրեալներէն մէկն էր Մհեր Ջուլհաճեան, որուն համար նահատակուելու ուխտը աւելի հզօր էր, քան՝ վախը մահէն կամ սէրը՝ կեանքէն:
Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց, որ ուսուցիչ, կազմակերպական գործիչ, վարիչ եւ մարտական մարզիչ Մհեր Ջուլհաճեանի գործունէութեան ամէնէն բնորոշ յատկանիշը Դաշնակցութեան առաջին սերունդներուն կողմէ նուիրագործուած բարոյական նկարագիրն էր, կարգապահութիւնը եւ գաղափարական հաւատքը:
Ան նաեւ նշեց, որ պայքարի ճակատին վրայ կարիքը ունինք Մհեր Ջուլհաճեաններու հաւատքով տոգորուած երիտասարդներու, որոնք մէկդի կը ձգեն երկրորդական նկատառումներ եւ պատրաստ կ՛ըլլան միացեալ եւ ազատ Հայաստանի հիմքը հանդիսացող Հայաստանի ու Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն հզօրացման համար նուիրելու իրենց բոլոր կարելիութիւնները:
Օրուան պատգամէն ետք ելոյթ ունեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան: Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 20ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ Պետրոս Սեմերճեանի նուիրուած երգին հաւաքական կատարումով: