ԵՐԵՒԱՆ.– Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու գծով յանձնակատար Նիլս Մուլժնիեքսը «Թուիթըր»ի իր պաշտօնական էջին վրայ արձանագրութեամբ մը անդրադարձած է վերջին շրջանին հայաստանցի քաղաքացիական գործիչներուն դէմ կատարուող յարձակումներուն:
«Մտահոգ եմ Արշամեանի, Սաղաթելեանի եւ Հայաստանի մէջ այլ գործիչներու նկատմամբ բանեցուած յարձակումներուն համար: Պէտք է ապահովուի արդիւնաւէտ հետաքննութիւն եւ հաշուետուութիւն», գրած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.