«Հիւրրիյէթ» իր համացանցի կայքին վրայ Չորեքշաբթի օր կը հաղորդէր, թէ այլեւս ելեկտրոնիկ գրապահոցներու մէջ կարելի է ունենալ եւ ներբեռնել թուրք-հոլանտական արտադրութեան «Մայնտ մուլտ» ծրագիրը, որ նոր հետաքրքրութիւններ պիտի բանայ խաչբառի սիրահարներու առջեւ։ Այս ծրագիրը խաչբառի ձեւով խաղ մըն է, որուն ծրագրաւորողներն են հայազգի Լեւոն Սեպուհեան եւ Արման Գայհան։
«Միայն թէ երէկ «Հիւրրիյէթ» լուրը հաղորդած էր, առանց նշելու որ հնարիչները հայեր էին։ Բայց քանի մը վայրկեան վերջ ելեկտրոնային նամակներ ղրկուեցան «Հիւրրիյէթ»ի համապատասխան բաժիններուն եւ պահանջուեցաւ որ սրբագրուի սխալը եւ անպայման նշուի որ ծրագրաւորողները հայեր էին։ Որոշ ատեն մը վերջ լուրը սրբագրուած ձեւով դարձեալ զետեղուեցաւ համացանցի կայքին վրայ», կը տեղեկացնէ «Մարմարա» օրաթերթը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.