
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- «Մարզախաղը, որ ազգերը համախմբելու ձեւ մը պէտք է ըլլայ, կրնայ օգտագործուիլ երկրի մը իրականութիւնը թաքցնելու նպատակով»: Այս խօսքերով սկիզբ կ՛առնէ ՀՅԴ «Արմէնիա» երիտասարդական միութեան հաղորդագրութիւնը, 2020 թուականի Ողիմպիական խաղերուն նստավայրի ընտրութեան նախօրեակին: Այդ որոշումը պիտի որդեգրուի Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի մէջ:
Հարկ է նշել, թէ Պոլիսը այս ուղղութեամբ թեկնածուներէն մէկն է, հակառակ անոր, որ մինչեւ օրս Թուրքիան չէ ընդունած 1915-23 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրման իր հեղինակութիւնը:
ՀՅԴ «Արմէնիա» երիտասարդական միութեան յայտարարութիւնը կը նշէ, թէ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողքին, Պուէնոս Այրես այցելող Թուրքիոյ պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ տնտեսութեան նախարար ու արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Պապաճան, որ կը սպառնայ Հայաստան-Թուրքիա փոխյարաբերութիւնները չվերականգնել, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «ցեղասպանութիւն» բառը արտայայտէ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ կուսակալ Հիւսէյն Աւնի Մութլու, որ 2012 թուականին մասնակցած էր ծայրայեղ-ազգայնական ցոյցի մը, ուր հայատեաց լոզունգներ բացագանչուած էին եւ հայ ծագումով լրագրող Հրանդ Տինքը սպաննող Օկուն Սամասթի անունը մեծարուած էր: «Կասկած չունինք, որ այս բոլորը որեւէ մէկ ձեւով չի ցոլացներ Ողիմպիական խաղերու մղիչ ուժը, որն է՝ ազգերու միջեւ եղբայրութիւնը», կ՛արտայայտէ ՀՅԴ «Արմէնիա» երիտասարդական միութիւնը իր հաղորդագրութեան միջոցաւ, նոյն ժամանակ տեղեկացնելով, թէ յառաջիկայ Շաբաթ օրը բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Էրտողանի այցելութեան առիթով:
Միւս կողմէ, համայնքը մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ տարածքին մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն նկատմամբ, նշելով «Լրագրողներ առանց սահման»ի միջազգային կազմակերպութեան տեղեկատուութիւնը, որ երկիրին շնորհած է «լրագրողներու համար աշխարհի մեծագոյն արգելարանը» տիտղոսը, ինչպէս նաեւ անցեալ Յուլիսին Թաքսիմ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանական վայրագ ճնշումները:
«Պոլսոյ ընտրութիւնը որպէս Ողիմպիական խաղերու նստավայր արդէն ճնշուած փոքրամասնութիւններուն խոցելիութիւնը ա՛լ աւելի պիտի խորացնէ եւ թրքական իշխանութիւնները պիտի քաջալերէ իր այլատեաց ու խտրական քաղաքականութիւնները շարունակելու», կ՛եզրափակէ հայ երիտասարդներուն կոչը:
Իր կարգին, ՀՅԴ «Արմէնիա» երիտասարդական միութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ռազմիկ Նալպանտեան հաստատեց, թէ Թուրքիոյ Ողիմպիական կոմիտէն աշխատանքի կոչած էր համաշխարհային համբաւ ունեցող Պուրսոն-Մարսթելլեր հրապարագրական գործակալութիւնը, որ 1978 թուականին Արժանթինի բռնակալ իշխանութիւններուն հետ համագործակցած էր այդ տարի տեղի ունեցած Ֆութպոլի Համաշխարհային խաղերուն ընթացքին:
ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿՈՉԱԾ Է ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԲՌՆԱԿԱԼ ՎԵՐՋԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ «ՊԱՏԵՐԸ ՄԱՔՐՈՂ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Ողիմպիական կոմիտէն, ինչպէս վերեւը նշուեցաւ, աշխատանքի կոչած է այդ նոյն հրապարագրական ընկերութիւնը, որ 1978ին Արժանթինի զինուորական բռնակալ կառավարութեան օժանդակած էր իր «պատկերը մաքրելու» ուղղութեամբ:
«Պուրսոն-Մարսթելլեր» հանրային յարաբերութեանց միջազգային գործակալութիւնը այդ օրերուն մշակած էր «Արժանթինցիներս ուղիղ եւ մարդկային ենք» տխրահռչակ լոզունգը, առ ի պատասխան Մարդկային իրաւանց բռնակալութեան դէմ միջազգային բողոքներուն՝ ըստ զինուորական կառավարութեան օրերուն պաշտօնական հրապարագրական միջոցներու մասին Ռուպէն Մորալեսի կողմէ պատրաստած ուսումնասիրութեան: Նշեալ զեկոյցին համաձայն, ընկերութիւնը նոյնպէս աշխատանք տարած էր «վերապրողներուն, արտաքսուածներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ զոհերուն ամբաստանութիւնները հակասելու համար, տրուած ըլլալով որ անոնք արդէն տարածուած էին աշխարհի տարածքին»:
Արժանթինի լայնատարած «Փախինա-12» օրաթերթը իր սիւնակներէն մէկուն մէջ լրագրող Հորասիօ Վերպիձքի կը բացատրէ, թէ սոյն ընկերութեան նպատակն է «ներկայացնել իր յաճախորդներուն պատմութիւնը՝ զայն պարտադրելով անոնց քննադատողներուն, խորհրդարանականներուն, առեւտրականներուն, յաճախորդներուն եւ կամ պաշտօնեաներուն»:
Թուրքիոյ կողմէ Արժանթինի բռնակալ վերջին զինուորական կառավարութեան հետ համագործակցող նոյն հաղորդագրական ընկերութիւնը օգտագործելու տեղեկութիւնը տարածուեցաւ այդ երկիրի դէմ հայ համայնքի կողմէ կատարուած քննադատութիւններուն ծիրին մէջ, որ թրքական իշխանութիւնները կ՛ամբաստանեն Մարդկային իրաւանց բռնաբարումները, լրագրողներու բանտարկութիւնները, Թաքսիմ հրապարակի խաղաղ ցուցարարներու դէմ ճնշումները, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրման ուղիով իր հեղինակութեան ժխտումը թաքցնելու՝ օգտագործելով Ողիմպիական խաղերու առիթը: