(Նուիրուած՝ Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100ամեակին)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Գիտակից կուսակցականը չի մոռնար երբեք, որ եթէ մի կէտով, մի շահով ան կապուած է կուսակցութեան հետ, երկու շահով կապուած է իր ազգի, իր հայրենիքի հետ, աւելի մեծ ու բազմաթիւ շահերով – Մարդկութեան հետ»:
Սիմոն Զաւարեան («Բիւթանիա» – 1913 Յունուար 12)
Որքան ալ աշխարհաքաղաքական ու քաղաքակրթական տարբեր, երբեմն նաեւ ներհակ միջավայրերու մէջ կազմաւորուեցան մեր ժողովուրդին աշխարհասփիւռ հատուածները, այդուհանդերձ բոլորին մօտ ալ ժամանակը արմատաւորեց ընդհանուր մտայնութեան եւ հոգեխառնութեան որոշակի գիծեր, որոնք այսօր արդէն կը բնորոշեն ազգային մեր նկարագիրն ու բնաւորութիւնը։
Խօսքը կը վերաբերի թէ՛ լայն ընդգրկումով հայ ժողովուրդի գլխաւոր երկու թեւերուն՝ հայրենաբնակ ու սփիւռքեան հատուածներուն, թէ՛ նոյնինքն Սփիւռքը բաղկացնող ցիրուցան հայօճախներուն միջեւ առաջացած ազգային նոյնատիպ մտայնութիւններուն, դրական ներգործութիւն ունենան անոնք թէ բացասական անդրադարձ։
Օտարամոլութիւնը եւ այլասիրութիւնը, ցեղակրօնութիւնը եւ աշխարհաքաղաքացիութիւնը, դրամապաշտութիւնը եւ խստակրօնութիւնը, ազատախոհութիւնն ու այլամերժութիւնը, բարեպաշտութիւնն ու անձնակեդրոնութիւնը ցայտուն, այլեւ իրերամերժ դրսեւորումներ են Հայուն բնորոշ արմատացած մտայնութեանց։
Անկասկած անհամատեղելի շատ բան ունին նկարագրի եւ բնաւորութեան գիծ դարձած այդ մտայնութիւնները, բայց Հայը իւրայատուկ իր համադրումը կատարած է այդ բոլորին։ Աւելի՛ն. Հայուն բնորոշ ինքնապահպանման եւ ինքնահաստատման առաջատար մղումը տեւական շարժումի մէջ պահած է ազգային մեր նկարագիրի զարգացման, ինքնամաքրման ու հարստացման ներուժը։
Հայու քաղաքակրթական ու քաղաքացիական զարգացման այդ յարատեւ ոգորումին մէջ է, որ իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ կուսակցական պատկանելութեան որքան միացնող, նոյնքան եւ բաժանարար մղիչ ուժը։
Հայ քաղաքական մտքի բանավէճերու կիզակէտին միշտ յայտնուած, իսկ վերջին տարիներուն յատուկ հնչեղութիւն ստացած խնդիր է կուսակցական գործօնի արժեւորումը վերանկախացեալ Հայաստանի կայացումով իր երթը վերանորոգած աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Կարիքը չկայ անգամ մը եւս ետ նայելու եւ մէկ կողմէ վերահաստատելու, որ հայրենի հայութիւնը խորհրդային լուծի տակ իր արիւնէն, քրտինքէն եւ մտաւորական որակէն շատ ծանր գին վճարեց կուսակցական շահը ամէն բանէ վեր դաւանող գաղափարախօսութեան։ Նաեւ՝ միւս կողմէ կրկնելու, որ սփիւռքի հայութիւնը իր մեղքով եւ ոչ միայն իր մեղքով, այլեւ խորհրդային ճնշումի հետեւանքով անհարկի տուրք վճարեց միջ-կուսակցական վէճերու եւ հակադրութեանց սրումին՝ յանգելով մինչեւ իսկ անդարմանելի պառակտումներու եւ եղբայրասպանութեան։
Բայց կարիքը անպայման կայ շեշտելու, որ կուսակցականութեան գործօնին նկատմամբ մեր ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն մօտ, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, տակաւին կը յամենայ թիւր ընկալումներու եւ հիւանդագին զգայնութեանց ծանր ժառանգութիւն մը։
Վերջին դրսեւորումի մը ականատեսն ենք այս օրերուն, երբ գաւաթ մը ջուրի մէջ քաղաքական ու գաղափարական փոթորիկ բարձրացնելու ճիգ կը թափուի աջէն թէ ձախէն՝ Հայաստանի իշխանաւոր ուժին կողմէ ընդդիմադիր Դաշնակցութեան ներկայացուած դեսպանութիւն ստանձնելու ա-ռաջարկի մը եւ անոր գտած ընդառաջումին շուրջ…
Արդէն մամուլը, զանգուածային լրատուամիջոցները եւ համացանցը խճողած են այսպէս կոչուած կուսակցականութեան, այսինքն՝ կուսակցական շահերը ամէն բանէ վեր դասելու ենթադրեալ մտայնութեան դէմ կրակ ժայթքող մեկնաբանութիւններով։
Բարձրացած աղմուկին մէջ արդէն լսելի չեն այն ձայները, որոնք ընդհակառակն սթափութեան կոչ կ՛ուղղեն եւ կը շեշտեն, թէ այլեւս գոյութեան իրաւունք չունին ու ոչ մէկ պարագայի արդարացում կրնան ունենալ կուսակցական շահերը ազգային ու պետական շահերէն վեր դասելու մտայնութիւնները։
Լսելի չեն մանաւանդ այն արդարացի քննադատութիւնները, որոնք կը շեշտեն, թէ կուսակցութիւնները իբրեւ այդպիսին դեռ կազմաւորուած չեն վերանկախացեալ Հայաստանի արդէն 22 տարեկան ժողովրդավարութեան մէջ։ Իբրեւ կուսակցութիւններու եւ կուսակցականներու՝ Հայաստանի ներ-քաղաքական դաշտը գրաւած են առաւելաբար ուժեր եւ դէմքեր, որոնք հագուստ փոխելու պէս կուսակցական պատկանելութիւն կը փոխեն եւ որոնց համար պետական իշխանութիւն ու կուսակցութիւն տակաւին անբաժանելի «ամուսիններ» են…
Թերահաւատները կրնան աչքի առջեւ բերել նորանկախ Հայաստանի իրերայաջորդ երեք նախագահական իշխանութեանց խօսուն օրինակները։ Բացառութեամբ երկրորդ նախագահական իշխանութեան, որ յանձին Ռոպերթ Քոչարեանի երեւութապէս կառչած մնաց անկուսակցական իր պատկանելութեան եւ ձեւականօրէն մերժեց պետական իշխանութիւնը նոյնացնել որեւէ կուսակցութեան հետ, վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ եւ ներկայ նախագահները՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ու Սերժ Սարգսեանը սնուցանեցին իրենց մականին տակ շարժող կուսակցութիւններ կեանքի կոչելու եւ արմատաւորելու ցնորքը։ Այդ ճամբով ալ հասարակական գիտակցութեան մէջ վերապրեցաւ կուսակցական ու պետական շահերը իրարմով պայմանաւորուած տեսնելու մտայնութիւնը։ Արմատաւորուեցաւ, նաեւ, կուսակցական շահերու հետեւանքով ազգն ու պետականութիւնը պառակտումի վտանգին ենթարկելու մտայնութիւնը, որ քաղաքացիական հասարակութեանց մէջ շատոնց կորսնցուցած է գոյութեան իր իրաւունքը։
Նոյնիսկ մեր ժողովուրդը, մինչեւ 1918ի Մայիս 28ին Հայաստանի անկախութեան կերտումը, կարեւոր ճամբայ հարթած էր կուսակցական պատկանելութիւնը քաղաքացիական գիտակցութեան զարգացման ծառայեցնելու ուղղութեամբ։
Այս առումով՝ Սիմոն Զաւարեան ամբողջ սերունդի մը նուաճած ազգային ու քաղաքացիական գիտակցութիւնն ու հասունութիւնը պատգամի կը վերածէր, երբ հարիւր տարի առաջ կը գրէր.-
«Մեր տգէտ եւ վատասերած կեանքին մէջ աղաւաղուել է եւ քաղաքական կռուի գաղափարը, կռուի շիտակութեան սկզբունքը։
«Մոռնալու չէ, թէ այն տարակարծութիւնները, որ կան ժողովրդի ու կուսակցութիւնների, տարբեր կուսակցութիւնների եւ կուսակցական զանազան խաւերի ու անհատների միջեւ, զանազան արտայայտութիւններն են մարդկային ազատ եւ յառաջդիմող մտքի։ Այդ կարծիքներէն ո՛չ մին կարող է բացարձակ ճշմարտութեան յաւակնութիւնն ունենալ։ Փոխադարձ համոզումին եւ մտքի կատարեալ ազատ արտայայտութենէն միայն կարող է ծնել իսկական ճշմարտութիւնը, անոր վրայ միայն կարող է հաստատուել մարդկային յառաջդիմութիւնը։
«Եւրոպացի գիտակից կուսակցականը չի մոռնար երբեք, որ եթէ մի կէտով, մի շահով ան կապուած է կուսակցութեան հետ, երկու շահով կապուած է իր ազգի, իր հայրենիքի հետ, աւելի մեծ ու բազմաթիւ շահերով – Մարդկութեան հետ»:
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով եւ իբրեւ ժողովրդավարական հանրապետութիւն հայոց պետականութեան կայացման 22ամեայ կենսափորձով՝ Հայը այսօր ունի ամէն հիմք, թէ՛ նախա-եղեռնեան անցեալի եւ թէ յետ-անկախութիւն 70ամեայ ժամանակաշրջանի իր բոլոր վերիվայրումներով հանդերձ, որպէսզի ինքնավստահութեամբ կտրէ դէպի քաղաքացիական լիարժէք հասարակութիւն անցումի ուղին։
Հիմնականն ու կարեւորը մեր ժողովուրդին քաղաքացիական գիտակցութեան զարգացումն ու կուսակցական պատկանելութեան բիւրեղացումն են։ Մանաւանդ՝ հասունացումն ու արմատաւորումն են այն մտայնութեան, որ կուսակցականութիւնը ամէնէն ուղիղ ճանապարհն է հասարակութեանց ժողովրդավարացումին ու քաղաքացիական զարգացումին։
Պայմանաւ, անշուշտ, որ գիտակից կուսակցականի գաղափարաբարոյակա՛ն մշակոյթով կազմաւորուի հասնող սերունդը եւ գիտնայ երբեք մտահան չընել այն շահերը, որոնք զինք կուսակցութենէն անդին եւ կուսակցութեան ճամբով կը կապեն ազգին ու հայրենիքին եւ, ի վերջոյ, համայն մարդկութեան հետ։