ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 19 Սեպտեմբերին ընդունած է հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի մասնակիցները:
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով հանդիպումին ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական լոպպիստական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նախարար Օհանեան ներկաները շնորհաւորած է Հայաստանի վերանկախացման առիթով՝ յոյս յայտնելով, որ հետագային կարելի կ՛ըլլայ քննարկել Հայաստանի ապագային նուիրուած հարցեր: «Բոլորիս համար լաւ կը լինէր, որ այս պահին քննարկէինք մեր ապագային նուիրուած հարցեր, ինչեւէ մեր ժողովրդի ճակատագիրն այդպիսին է, եւ մենք պարտաւոր ենք անդրադարձ կատարել մեր անցեալին, մեր պատմութեանը՝ դասեր քաղելու եւ միասնական պարտաւորութիւն ստանձնելու մեր ապագան կերտելու համար», դիտել տուած է Օհանեան՝ ընդգծելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը մօտեցած է միջազգային ճանաչման սահմանագիծին: «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գաղափարը նշանակալի է նրանով, որ, առաջին հերթին, մենք բարոյական խնդիրներ ենք առաջ քաշում այն պետութեան հանդէպ, որն իրականացրել է Մեծ Եղեռնը: Անկախ նրանից՝ ինչպիսի փոխհատուցում կը լինի՝ մենք, այնուամենայնիւ, պէտք է անդրադառնանք մեր ակունքներին», նշած է նախարարը:
Անոր համաձայն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման իմաստն ու արժէքը կը կայանայ նաեւ այն երեւոյթին մէջ, որ դատապարտուին երկրագունդի վրայ բոլոր ցեղասպանութիւնները: «Հայոց Ցեղասպանութեան չճանաչումն ու դատապարտման բացակայութիւնն է թոյլ տուել, որ կատարուեն այլ ժողովուրդների ցեղասպանութիւններ, տեղահանումներ: Այդ է պատճառը, որ մենք ունեցանք մեր պատմութեան մէջ Բաքուի, Սումգայիթի տխրահռչակ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պատերազմական իրավիճակը, որը պարտադրուել էր հայ ժողովրդին», ըսած է Ս. Օհանեան՝ կարեւոր նկատելով մեր միասնականութեամբ արժանի հակահարուած տալն ու յաղթանակը:
Ան հաստատած է, որ շարք մը երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հայկական շարք մը կառոյցներու միասնական ու քրտնաջան աշխատանքի արդիւնք է. այս առիթով երախտագիտութեան խօսք ուղղած է այդ կառոյցներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն։
Հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը շարունակուած է դռնփակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.