ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Ի յետեւում Դաշնակցական աւանդութեանց, յաւուր պատշաճի այս խօսքերը միայն յետմահու պիտի կարենայինք արտասանել: Այս պահուս պիտի անցնինք համեստութեան այն կարմիր գիծերը, որոնք ընկեր Քրիստափոր ուրուագծած էր իր անձին շուրջը, քանի պիտի վիրաւորենք այն հեզութեան երանգը, որուն այնքան փարած էր իր երկրաւոր կեանքին մէջ, դառնալով բառին բուն իմաստով «խոնարհ հերոս»ը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան փաղանգին:
Այս անգամ պիտի չ՛անսանք վաղեմի իր զգաստութեան հրաւէրներուն, զսպուածութեան կոչերուն ու մենք՝ յամարձակ եւ անկաշկանդ, վիրաւորելով իր համեստութիւնը, Դաշնակցական օրինաչափութիւններով պիտի ըսենք, թէ ՀՅԴ կորսնցուց իր աւանդապահ գանձարանին հաւատաւոր պահակներէն մէկը:
Ան հանդիսացաւ այն մունջ նուիրեալներէն մէկը, որ Սուրիոյ կազմակերպական կեանքի համրացած ոդիսականին, այդ անլուսարձակ կեանքին, վերակենդանացնելու հրամայականին անսաց: Ան, 1960 թուականներու առթած ոչ ձեռնտու կուսակցական գործի պայմաններու ու երկարատեւ կազմակերպական թմբիրին, այդ տարտամ կարգավիճակին նոր աւիշ ներդրեց, հոյլ մը նուիրեալներու մասնակցութեամբ: Ան իր ամբողջ հասակով, այլ ուխտեալներու կողքին, պատասխանատու գործերու ընդմէջէն կոչուեցաւ վերակենդանացնելու ու խթանելու խամրած օճախը, բոցավառելով յոգնած հոգիները: Եւ այն ալ ծայր աստիճան զգայուն եւ ծանր մթնոլորտներուն ներքեւ, այնպիսի՜ թումբերով լեցուն միջավայրի մէջ, ուր ոչ շատ հեռու ժամանակ, Դաշնակցականի կերպարը նզովուած էր որոշակի տեղական շրջանակներու կողմէ:
Ան, իր անբասիր եւ անշահախնդիր ցայտուն նկարագիրով, փշրեց այդ յերիւրածոյ պատուարը, շրջեց այդ աղմկարար շրջանակներուն բանադրանքները՝ ջամբելով իսկական դաշնակցականի կերպարի էութիւնը: Այդ մէկը եղաւ իր ուսումնական կեանքի մէջ վարած պաշտօններու ընդմէջէն ու որպէս հասարակական գործիչ: Աւելի ուշ, դարձաւ պետական պաշտօնեայ, ծառայելով բանակային շատ զգայուն բաժանմունքի մը մէջ իբրեւ երկրաչափ: Այդ պետական համակարգի մթնոլորտներուն մէջ քաջաբար աւանդեց իր շրջապատին, թէ հայը նոյնքան սուրիացի եւ անբաժան մասնիկն է այդ հիւրընկալ հայրենիքին, որքան՝ այլ: Նախանձախնդրօրէն պատգամեց, թէ հայը, զօրաւիգ է Սուրիոյ հայրենիքի ծաղկման, ներգործօն տարրերէն մէկը՝ անոր բարգաւաճման ու անսակարկ երաշխաւորողը՝ հայրենիքի ամրակայման:
Կ՛ըսուի, թէ յարգանքը չի պարտադրուիր, այլ՝ կը վաստակուի: Ան, իր ազնուական նկարագրային ստորոգելիներով իրողապէս արժանացաւ բոլոր շրջանակներու անվերապահ մեծարանքին՝ սիրոյն: Վաստակեցաւ շրջապատի յարգանքն ու ակնածանքը:
Իր վարած պատասխանատու պաշտօններուն ընդմէջէն ճանչցուեցաւ իր ողջախոհութեամբ ու կշռադատ վարքովը, ստեղծելով իւրայատուկ նկարագրային օրնինաչափութիւն: Շատ մը երեւոյթներու հանդէպ, ուր կը կարծուէր, թէ իր հանադարտաբարոյ, սառնասիրտ նկարագրով եւ ժուժկալ կենցաղովը ծանօթ ընկեր Քրիսը կարելի էր ապակողմնորոշել կամ շեղել, ան կը կերպարանափոխուէր՝ հանդիսանալով գաղափարական մարտիկի յատու, յանդուգն, խիզախ եւ օրինակելի անդրդուելի տիպարը, թումբ կանգնելով այդ սադրիչներու մոլորեցնող ծրագիրներուն:
Ան խորապէս հաւատացողն էր հաւաքական ղեկավարութեան Դաշնակցական մակնիշին: Զրահապատուած անխոնջ ղեկավարի բարոյական հեղինակութեամբ, անսակարկ զոհաբերութեամբ, ան հանդիսացաւ ուղղորդող առագաստը այդ օրերու ծաղկող ու եռուն գաղութային կեանքին եւ անմրցելի կուսակցական եռուզեռին՝ ախոյեանը ըլլալով քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման լոզունգներու իրականացման:
Մարմիններու երիտասարդականացման ջատագովն էր ու համադրող շունչը՝ պատասխանատու մարմիններու գործունէութեան: Անսակարկ սատարողն էր սաղմնային իրավիճակով գոյաւորուած դաշնակցական տեղական մտաւորական ածուին: Անմրցելի օրինականութեամբ, փորձառական տարերքին շաղախեց երիտասարդական յանդգնութիւնն ու խանդը, տալով փաստը այն օրինակելի գոյակցութեան՝ երէցի ու երիտասարդի, փորձի ու յախուռնութեան կարելի համակեցութեան:
Չկայ ազգային բնագաւառ մը, ուր ընկեր Քրիստափորը իր ուրոյն դրոշմը չէ ձգած: Շատ բան կարելի է պատմել իր նուիրական աշխատանքի մասին ազգային-եկեղեցական բնագաւառէն ներս: Այդ առաքելութեան մասին, իր գործընկերները ամենայն հարազատութեամբ ու կենդանի օրինակներով վստահ եմ առիթը պիտի ունենան լայնօրէն անդարդառնալու:
Սիրելի ընկեր Քրիս,
Դուն, որ նախաձախնդիր էիր կուսակցական արժէքներու ու աւանդութեանց անաղարտ պահպանման, վերջին անգամ ըլլալով քեզմէ պիտի խնդրուի, որ հանդիսանաս այն առաքեալը, որ հարազատութեամբ փոխանցես պատգամ մը այն հոյլ մը սրբազան ընկերներուն, դաշնակցական տիտաններուն, որոնք քեզ կանխելով՝ հանգչած են, երանելի ու անմահ Դաշնակցականներու եդեմային յարկին տակ:
Անոք, որոնք ուրուագծեցին եւ սալայատակեցին սուրիահայ դաշնակցական վերածաղկման ճանապարհը, պէտք է հպարտութեամբ իմանան, որ սուրիահայ արիասրիտ հայորդիները, իրենց ի՛սկ ցանած Դաշնակցական սերմերը, այսօր յայտնուած են աննախանձելի լինելիութեան պայքարի բուքին մէջ: Հակառակ ասոր, անոնք կը մնան հաւատարիմ ու ուղղափառ իրենց ազգային առաքելութեան, իրենց դաւանած Դաշնակցականի բիւրեղ արժէքներուն: Որ անոնք՝ տէրը իրենց երդումին, անկոտրում կամքով պիտի շարունակեն նախնիներու երթը, մնալով պատնէշի վրայ, ծառայելով ազգին եւ պահպանելով Մայր գաղութ օրրանը:
Օրինակդ վարակիչ, յիշատակդ վառ՝ սիրելի ընկեր Քրիս: