ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նոր վերադարձած եմ Երեւանի մէջ կայացած եռօրեայ համաժողովէն, ուր 40 հայ գործիչներ, լրագրողներ եւ քաղաքական, կրօնական ու մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ աշխարհի 18 երկիրներէն (Հայաստան, Արցախ, Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Պելճիքա, Պրազիլ, Դանիա, Եգիպտոս, Եթովպիա, Իսրայէլ, Իրան, Լիբանան, Քանատա, Հոլանտա, Ռուսիա, Սուրիա, Ուրուկուէյ եւ Ֆրանսա) կը մասնակցէին դռնփակ զրոյցներու՝ կառավարութեան բարձրաստիճան իշխանաւորներու հետ:
Մասնակիցները հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահին եւ խորհրդարանական բոլոր յանձնաժողովներու նախագահներուն, նախագահ Սարգսեանի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանին, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանին, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանին եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:
Քանի որ զրոյցներուն ընթացքին կը քննարկուէին քաղաքական եւ ազգային անվտանգութեան զգայուն եւ գաղտնի հարցեր, կրնամ բացայայտել միայն ընդհանուր թեմաները՝ առանց նշելու բանախօսին կամ մասնակիցին անունը.
– Հայաստանի որոշումը՝ միանալու ԱՊՀ Մաքսային միութեան՝ Եւրոպական ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման փոխարէն.
– Հայաստանի ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգները եւ ջանքերը՝ անոնց չէզոքացման համար.
– Նախապատրաստական աշխատանքներ Թուրքիոյ դէմ հնարաւոր միջազգային դատական հայցի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան համար հատուցում ապահովելու նպատակով.
– Ծրագիրներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին համար.
– Ստորագրուած, բայց չվաւերացուած Հայ-թրքական արձանագրութիւններու կարգավիճակը.
– Յաղթանակած հայ զինուորի բարոյական գերազանցութիւնը՝ առաւելութիւն Ատրպէյճանի հետ պատերազմի վերսկսման պարագային.
– Սփիւռքի մասնակցութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական զարգացման գործին:
Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած համաժողովը բացառիկ կարելիութիւն ընձեռած էր մասնակիցներուն՝ ներկայացնելու իրենց գնահատականներն ու տեսակէտները հայրենիքին մէջ տիրող իրավիճակի մասին եւ անկեղծ հարցումներ ուղղելու Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան իշխանաւորներուն: Քաղաքական առաջնորդները եւ Սփիւռքի անոնց հիւրերը մեծապէս շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը անյապաղ ստեղծելու կառոյց մը կամ ծրագիր մը, որ պիտի համակարգէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ջանքերը:
Համաժողովին եւ մամուլին տուած հարցազրոյցներուս ընթացքին առաջարկեցի ստեղծել համահայկական յանձնաժողով, որուն մաս կը կազմեն ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն, եւ որ միմիայն կը զբաղի Արցախի կարեւորագոյն խնդիրներով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովի նմանողութեամբ, բացառութեամբ, որ Արցախի յանձնաժողովը կը կրէ մնայուն բնոյթ:
Սեպտեմբեր 21ին համաժողովին մասնակիցները հրաւիրուեցան յատուկ նախագահական ընդունելութեան՝ Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով: Երեկոն աւարտեցաւ հանրապետութեան հրապարակի մէջ կազմակերպուած տպաւորիչ համերգով եւ հրավառութեամբ:
Նախքան Երեւան ժամանելը՝ ես մասնակցեցայ Մոսկուայի մէջ հայկական մայր եկեղեցւոյ օծման արարողութեան, որուն կառուցման վրայ, ինչպէս կը հաղորդուի, ծախսուած են տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ՝ նուիրաբերուած Ռուսիոյ առատաձեռն հայ գործարարներու կողմէ: Կ՛ակնկալուի, որ այդ հոյակերտ եկեղեցական կառոյցը եւ անոր կից համայնքային կեդրոնը էական դեր կը խաղան Ռուսիոյ մէջ բնակող շուրջ երկու միլիոն հայերու հայոց լեզուի եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման գործին մէջ: Սեպտեմբեր 17ի օծման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, բարձրաստիճան հայ հոգեւորականներ տարբեր երկիրներէ եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիրիլ Առաջինը: Նախագահ Փութինը չմասնակցեցաւ արարողութեան՝ Մոսկուայէն բացակայելուն պատճառով:
Ռուսիոյ հայոց թեմը այս հանդիսաւոր առիթով շարք մը համերգներ, ընդունելութիւններ եւ հանդիսաւոր ընթրիքներ կազմակերպած էր Մոսկուայի մէջ՝ ամբողջ աշխարհէն ժամանած մեծաթիւ հիւրերուն համար: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, իբրեւ երախտիքի նշան, Հայոց եկեղեցւոյ բարձրագոյն պատուաւոր մետալներ շնորհեց եկեղեցւոյ կառուցման մասնակցած երկու տասնեակ բարերարներու:
Մոսկուա գտնուելուս ընթացքին ներկայ եղայ ոսկերչութեան նուիրուած քանի մը ձեռնարկներու, զորս կազմակերպած էին Ռուսիոյ հայ ականաւոր ոսկերիչներ: Հարիւր տարուան ընթացքին առաջին անգամ Ռուսիոյ ոսկերիչներու հեղինակաւոր արուես-տակցութեան նախագահ ընտրուած է հայ ոսկերիչ մը՝ «Էստետ» ոսկերչական տան նախագահ Գագիկ Գէորգեան: Պարոն Գէորգեանը Մոսկուայի մէջ գտնուող իր ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ հովանաւորած էր ոսկերչական բարեգործական տարեկան շքեղ պարահանդէսը, որուն կը մասնակցէին հազարէ աւելի ոսկերիչներ եւ անոնց ընտանիքները, անոնց շարքին յայտնի հայ ոսկերիչներ՝ Ֆրանսայէն, Քանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
Հպարտութեան մեծ զգացումով կը նայէին Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ ոսկերիչներու միութիւններու անդամներուն, որոնք ուղերձներով դիմեցին Միջազգային ոսկերչական տնտեսական ֆորումի բարձրաստիճան հիւրերուն եւ ցուցադրեցին իրենց բարձրարժէք աշխատանքները JUNWEX-ի մէջ՝ Ոսկերչութեան եւ ժամացոյցներու միջազգային 12րդ ցուցահանդէսին:
Նախքան Մոսկուայէն մեկնիլս՝ քանի մը հարցազրոյցներ տուի պատկերասփիւռներու կայաններու եւ մասնակցեցայ Հայկ Դեմոյեանի՝ «Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը» նոր գիրքին քննարկման:
Հակառակ լարուած օրակարգին՝ իմ ճամբորդութիւնս Մոսկուա եւ Երեւան ստեղծեց կարեւոր կապերու հնարաւորութիւն Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու՝ Սփիւռքի երկու մեծագոյն համայնքներու միջեւ առաւել սերտ համագործակցութեան համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը