ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Խօսելու կարողութեան «շնորհք» ըլլալուն առանձնաշնորհը, ըստ երեւոյթին շատերուն ծանօթ չէ՛: Իսկ համապատասխան վայրին մէջ, խօսելու իրաւունք ունենալ կամ չունենալէ աւելի, արտայայտուելու ճիշդ եւ յարմարագոյն պահը գտնելը, դարձեալ շատերուն ծանօթ չէ՛:
Առհասարակ խօսիլն ու լռելը, փոխ-յարաբերական կեանքի երկու տարբեր երեսներ կը պարզեն, որովհետեւ եթէ խօսելով տուեալ անձը ուղղակի արտայայտութիւն կու տայ իր մտածումներուն, ապա լռելով կրնայ անուղղակի, բայց երբեմն շատ աւելի ազդու «խօսք արտասանել» տուեալ հասարակութեան մէջ: Այս պարագային լեզուի փոխարէն աչքերը, կամ երբեմն ոչ մէկ արտաքին արտայայտութիւն, այլ պարզապէս լռութիւնը ի՛նք, կրնան մեծ ազդեցութիւն գործել շրջապատին վրայ, աւելի բարձրաղաղակ ըլլալով քան խօսքը:
Շատախօսութիւնը, զոր մեղք հռչակելու համար մեր հայրերը «զրախօսութիւն» բառը օգտագործած են «Մեղայ»ի ցուցակին մէջ, անիմաստ ու անտեղի խօսքի հոմանիշ ըլլալուն հետ, վնասակար արտայայտութիւն բացատրութիւնն ալ կու տայ, զայն ընթերցողին միտքը լուսաբանելով: Շատախօսութիւնը նաեւ կրնայ յանգեցնել երբեմն անսրբագրելի սխալներու, որովհետեւ ըստ գիտութեան, որեւէ քանակի մէջ տեսականին շատ պիտի ըլլայ: Ուրեմն եւ խօսքի առատութեան մէջ ալ սխալները հաշուել աւելի հեշտ պիտի ըլլայ: Խօսքը, նախքան արտասանուիլը, պէտք է իբրեւ մտածում չափուի ու ձեւուի մարդու միտքին մէջ: Այլապէս, չմտածուած խօսքերով ո՛չ միայն ժամավաճառ պիտի դառնայ խօսողը ինք, այլ ժամավաճառ պիտի դարձնէ նաեւ լսողները: Իսկ այդ խօսքին թեթեւ կարծուած «ծանրութիւնը», կրնայ մեծ քանդում ու աւեր յառաջացնել, խորտակելով ինչ-ինչ կառոյցներ՝ ոմանց անձնական կեանքին վերաբերող, կամ աւանդութիւններու հետ առնչուող, եւ այլն: Մեր ժողովուրդի իմաստուն առածներէն մէկը կ՛ըսէ. «Խօսք ըսածդ կլոր է, խորհէ՝ յետոյ գլորէ»: Երբ այդ խօսքը բերնէդ ելած է ու գլորուած, ալ դժուար պիտի ըլլայ զայն կանգնեցնել, որովհետեւ ձիւնագնդակի նման անիկա պիտի թաւալի ու մեծնայ, իսկ յետոյ, ինչպէս դարձեալ իմաստուն առածը կ՛ըսէ, «Բերնէ բերան, կ՛ըլլայ գերան»:
Անտանելի կ՛ըլլայ մանաւանդ դատարկապորտ մարդոց կողմէ կատարուած դատարկաբանութիւնը: Որովհետեւ, տարբեր պատճառներու բերումով, երբեմն կարելի է նաեւ լսել զարգացած մարդոց բերնէն ելած խորքէ զուրկ խօսքեր: Ատոնք կրնան շրջապատի, ժամանակի կամ պահու պայմաններու ազդեցութեան տակ արտայայտութիւն գտած ըլլալ: Սակայն, երբ դատարկապորտ մարդիկ նաեւ դատարկաբանութիւն կատարեն, ատիկա անտանելի ու անհանդուրժելի կը դառնայ ունկնդիրներուն համար:
«Մեծ-մեծ ջարդել»ու սովորութիւնը, խօսելու պարագային, փորձութիւն կը դառնայ շատերու համար: Անպայման խօսք ըսելու մարմաջը, միջամտութիւն կատարելով աւելորդ յաւելում ընելու ցանկութիւնը, շատերու մօտ կը յայտնուի իբրեւ անզսպելի ձգտում:
«Կարեւոր» կամ «մեծ» բան ըսելու ձգտում ունեցողին համար կ՛ըսուի, թէ՝ երբ անոր ըսեր են մտածումներդ ժողվէ եւ ըսելիքդ ըսէ, իր հասկացողութեամբ «մեծ» բան ըսած ըլլալու գոհունակութեամբ յանկարծ բացագանչեր է.
_ Փի՜ղ:
Յետոյ դարձեալ ըսեր են աւելի՛ բանաձեւէ միտքերդ ու «մեծ» բան ըսէ. ան ա՛լ աւելի ինքնավստահութեամբ ըսեր է.
_ Լե՜ռ:
Ծաւալը միջուկին հետ շփոթող միամիտներով լեցուն է մեր շրջապատը: Մեծ ըլլալը միայն արտաքին կազմուածքին կամ ֆիզիքական հսկայութեան հետ պէտք չէ առնչել: Այլ՝ իմացական կարողութիւնը եւս նոյնքան կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենալ եւ ընդունիլ: Որովհետեւ շատ անգամ արտաքնապէս խոշոր երեւցող խնձորին մէջը բորբոսած կ՛ըլլայ ու փտած, մինչ կրնայ պատահիլ, որ մեծ կեռասի չափով փոքրի՜կ խնձորէն մեղրի համ գայ…
Խօսելու առիթ ամէն մարդ ունի այս կեանքին մէջ: Պիտի առարկուի թերեւս, որ համրերը զուրկ են այդ շնորհքէն: Աստուածային պատիժ կարելի չէ՛ համարել այդ երեւոյթը, երբ այսօր, դարձեալ Աստուծմէ տրուած շնորհքի բերումով, հնարուած են զանոնք «խօսեցնելու» տարբեր միջոցներ՝ նշանալեզուի յատուկ կանոններով ու ցցնատիպ հրատարակութեամբ յատուկ այբուբէնով: Սա ալ մարդկային իմաստութիւն պէտք չէ՛ համարել սոսկ, այլ աստուածային տնօրինում, որպէսզի պարագաներու բերումով համր ծնած մարդիկ կարենան տեղ ունենալ մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ:
Յիսուսի կատարած բժշկութիւններուն մէջ համրերու բարբառիլը, խլութեան վերացումին ու դեւերու հեռացումին հետ միատեղ, անկասկած հրաշալի երեւոյթներ էին: Այլապէս անհաւասարակշիռ ձայներով միայն արտայայտուող խուլերը, ամբողջական մասնակցութիւն չէին կրնար բերել հաւաքական կեանքին, ինչքան ալ բարձրաղաղակ գոռում-գոչումներով իրենց ներկայութիւնը պարտադրէին: Իսկ այսօր խուլերուն համար նոյնիսկ յատուկ անկիւն վերապահուած է հեռատեսիլի բազմաթիւ կայաններու փոքր պաստառներուն վրայ, իրենց «լեզուով» ներկայացնելու համար յատկապէս առօրեայ լրատուութիւնը: Ուրեմն խլութիւնն ու համրութիւնը այլեւս մարդը անդամալուծութեան մատնող արգելքներ չե՛ն, այլ առանց խօսելու եւ առանց լսողութեան կարողութեան, մարդ կրնայ արտայայտել ինքզինք իր շրջապատին մէջ:
Ֆիզիքական այս անկարողութեան համար գտնուած լուծումը, սակայն, չկրցաւ լուծում դառնալ լեզու ունեցող, բայց խօսիլ չիմացող մարդոց համար… Ոմանք կը կարծեն թէ օտար լեզուներ գիտնալը առաւելութիւն է: Հակառակը չենք պնդեր: Սակայն որեւէ լեզուով եթէ խօսելիքը չիմանայ մարդ, այդ լեզուն ալ անպէտ պիտի դառնայ: Որովհետեւ որեւէ լեզուով իր մտածումները կարգաւորելու եւ տուեալ լեզուի համար ընդունուած շարահիւսութեան ու քերականական կառոյցին հետ, միտքերը տրամաբանուած յաջորդականութեամբ ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը կարեւոր է, ըսելիքը ճիշդ հասկցնելու համար ունկնդիրներուն:
Ապակողմնորոշուիլը, այնպէս ինչպէս սովորական ճամբու պարագային կրնայ վտանգներու առաջնորդել ու ի վերջոյ կործանման, նոյնպէս ալ իմացական կեանքի մէջ կրնայ մեծ անակնկալներու առջեւ դնել ե՛ւ անհատ մարդը ե՛ւ հաւաքականութիւններ: Հայկական առածներու ճոխ հաւաքածոյէն դուրս կրնանք բերել դարձեալ մէկը՝ «Խենթին գլորած մէկ քարը, հազար խելացի չկրցան իր տեղը դնել»: Մէկուն անտեղի արտայայտութիւնը, յանկարծ կրնայ դուռ բանալ անիմաստ վիճարկութիւններու, որոնք ո՛չ միայն կրնան ապակողմնորոշել բազմութիւններ, այլ երբեմն անջնջելի հետք թողուլ յաջորդող սերունդներու աշխատանքային ուղեգիծին վրայ, իրենց նախընթացով մաս կազմելով զմռսուած աւանդութեան, որուն դիպչելու երկիւղածութիւնը այնքան զգալի է պահպանողական հաւաքականութիւններու մէջ:
Ուրեմն, արտայայտուող խօսքը պէտք է ունենայ շինիչ դերակատարութիւն, այլապէս կը դառնայ քանդիչ, պառակտիչ, անարգական, վիրաւորական եւ այլ: Պոռթկումները հասկնալի են, որովհետեւ ամէն մարդ կարողութիւնը չունի հակակշռի տակ առնելու իր ամէն խօսքերը: Արդ, լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ հետեւեալը. _ Եթէ խօսիլ չե՛ս գիտեր, ուրեմն՝ գէթ լռել գիտցի՛ր: