ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Քանի մը տարի առաջ հանգուցեալ Խրիմեան Հայրիկ Պետերսբուրգ գնացած էր։ Ի միջի այլ բարձրագոյն անձերու՝ ան այցելած էր նաեւ Պետերսբուրգի միտրոպոլիտին, որ անպաշտօն կերպով պատրիարքի դեր կը խաղայ։ Սովորական հարցուփորձերէ ետք՝ ներողամտութեան եւ հեզութեան քարոզչի «աշակերտ»ը խօսքը կը դարձնէ քրիստոնէական կրօններու բաժանումներու վնասակարութեան վրայ եւ սա համեստ միտքը կը յայտնէ, թէ ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար որ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները միանային եւ թէ աւանդապահ Հայաստանեաց Եկեղեցին առաջին քայլը ընէր այդ ուղղութեամբ։ Հանճարեղ Խրիմեանը վայրկեան մը կը կնճռէ իր արծուային դէմքը, բայց անմիջապէս կը պատասխանէ. «Յիսուսի հօտը ներկայացնող եկեղեցիներն ու դաւանանքները, կ՛ըսէ Խրիմեան, կը նմանին փունջի մը, որ տարբեր ծաղիկներէ կազմուած է, բայց որ հէնց իր բազմազանութեան համար կը ներկայացնէ առանձին գեղեցկութիւն մը։ Հայ եկեղեցին փունջը կազմող համեստ ծաղիկներէն մէկն է եւ անոր, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ ծաղիկի բացակայութիւնը եւ ամբողջ փունջը միատեսակ ծաղիկներէ կազմելը կարող է միայն վնասել ընդհանուր գեղեցկութեան»»:
Սիմոն Զաւարեան (հատուած՝ Բերայի Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ 1908ի Յունուար 24ին ներկայացուած բանախօսութենէն)
Հայ ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու վճռականութիւնը նուիրագործած 21 Սեպտեմբեր 1991ի հանրաքուէին 22րդ տարեդարձին առիթով շատ բան ըսուեցաւ, գրուեցաւ եւ հրապարակուեցաւ ինչպէս մամուլի էջերուն, զանգուածային լրատուամիջոցներով ու համացանցի կայքերուն վրայ, այնպէս ալ պաշտօնական բեմերէ եւ հանդիսաւոր ելոյթներու ընթացքին։
Բնականաբար ու արդարացիօրէն գերակշռող եղան յաւուր պատշաճի կատարուած գոհաբանական արտայայտութիւնները, որոնց պսակումը հանդիսացաւ ազգային շունչով ու ոգիով յագեցած Հայաստանի գործող նախագահին պետական ուղերձը։ Նախագահ Սարգսեան ոչ միայն նորովի շեշտեց հայ ժողովուրդի ազատութեան ու Հայաստանի անկախութեան վերականգնման անփոխարինելի արժէքն ու նշանակութիւնը, այլեւ հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ առաջնային կարեւորութեամբ դրաւ Սեպտեմբեր 21ի համազգային նուաճումը պահպանելու եւ ամրապնդելու հրամայական պահանջը։
Անշուշտ ուշադրութենէ չվրիպեցաւ, որ Անկախութեան հանրաքուէի 22ամեակին նուիրուած բոլոր արտայայտութիւններն ալ անխտիր, ուղղակի թէ անուղղակի յղումներով, անդրադարձան կամ քաղաքական գնահատականը կատարեցին Եւրասիական միութեան մաքսային պայմանագիրը ստորագրելու Հայաստանի նախագահին վերջին նախաձեռնութեան։
Ինչպէս որ Հայաստանի մէջ կը սիրեն ըսել, «գործընթաց»ը իր «մեկնարկային» փուլին մէջ է։ Այսինքն՝ իր առաջին քայլերը կը նետէ նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրները տարածաշրջանային միաւորման նորօրեայ տարազով մը համախմբելու Ռուսիոյ քաղաքական նախաձեռնութիւնը։
Թէեւ գաղափարը տարիներէ ի վեր շրջանառութեան մէջ դրուած, բազմակողմանի քննարկման եւ բուռն բանավէճերու առարկայ դարձած էր արդէն, բայց ռուս պետական միտքը փաստօրէն նոր թափ հաղորդած է իր ազդեցութեան գօտին տնտեսապէս, նաեւ ու ի վերջոյ քաղաքականապէս միաւորելու ռազմավարութեան։
Առանձնայատուկ քննարկման եւ արժեւորման նիւթ է, թէ Ռուսիա ճիշդ ի՛նչ կը հետապնդէ արագընթաց շարժման մէջ դրած իր այս ռազմավարութեամբ, որ առայժմ միայն մաքսային միաւորման ուղղութեամբ կը յառաջանայ։
Հայ քաղաքական միտքի բոլոր հոսանքները այսօր յուզող մեծ հարցականը ա՛յն է, թէ հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ Հայաստանի անկախութեան դիտանկիւնէն ինչպիսի՞ հաւանականութեանց եւ ռազմավարական հեռանկարի առջեւ կանգնած ենք ազգովին։
Թէ՛ իբրեւ ազգային պետականութիւն եւ թէ իբրեւ Հայ Դատի պահանջատէր ժողովուրդ մեր իրաւունքն ու միաժամանակ պարտաւորութիւնն է յստակացնել, թէ ի՞նչ ապագայ կը դիմագրաւէ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի ռազմավարական յատուկ գործակցութիւնը՝ Մաքսային միութեան պայմաններուն մէջ։
Իսկ հայ քաղաքական միտքի տարբեր հոսանքերուն մօտ դարձեալ տիրական է աւանդական այն մտայնութիւնը, թէ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի օրինակով փոքր ուժը ի՞նչ կրնայ ընել կամ ինչպէ՞ս կրնայ ազդել դէպքերու հոլովոյթին վրայ, երբ Ռուսիոյ տարողութեամբ մեծապետական գերուժը որոշած է առաջ շարժիլ դէպի տարածաշրջանի նորատիպ միաւորումը։
Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը երեւութապէս հանգիստ է ու կը փորձէ, ըստ այնմ, հանգստացնել մեր ժողովուրդը, թէ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ եւ ամէն բան հակակշիռի տակ է։
Ընդդիմադիր դաշտը ղեկավարող ուժերը կը տարուբերին երկու բեւեռներու միջեւ. մէկ բեւեռին կանգնած են ահազանգ հնչեցնողները, որոնք վտանգուած կը տեսնեն Հայաստանի անկախութիւնն ու հայ ժողովուրդի ազատութիւնը։
Իսկ միւս բեւեռին կանգնած են ողջմտութեան եւ իրատեսութեան կողմնակիցները, որոնք նախագահական իշխանութենէն յստակացում կը պահանջեն եւ դատապարտելի կը գտնեն, որ հայոց պետականութեան եւ հայոց պահանջատիրութեան հիմերուն առնչուող նման զարգացումներու դէմ յանդիման՝ պետութեան ղեկավարը ինքնագլուխ կը շարժի։
Առաջին անգամ չէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ինքնագլուխ գործելու իր վարքագիծով կը «փայլի»…
Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ 2008ի Մայիսին եւս, դարձեալ Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի գործող նախագահը յանկարծ յղացաւ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» գիւտը եւ ինքնագլուխ նախաձեռնեց «գործընթաց»ի մը, որ տարի մը ետք յանգեցաւ տխրահռչակ հայեւթուրք արձանագրութեանց ստորագրումին՝ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը ծանր հարուածի տակ դնելով եւ հայ քաղաքական միտքը պառակտման վտանգին մատնելով։
Շատեր կ՛ուզէին հաւատալ եւ փաստօրէն հաւատացին ու պաշտպանեցին Սերժ Սարգսեանի ՀՀ նախագահ վերընտրութիւնը 2013ին՝ նախագահական այլեւայլ ելոյթներու եւ ուղերձներու մէջ փնտռելով ու գտնելով գործող նախագահին ազգային յանձնառու կեցուածքը ապացուցող արտայայտութիւններ…
Այդ առումով աւելի քան հասկնալի է ընդվզումը «Ալիք» թերթի կայքով վերջերս հրապարակուած Հենրիկ Խալոյեանի յօդուածին, որ մատը կը դնէ բուն վէրքին վրայ։
Յօդուածագիրը կը մատնանշէ, որ Սեպտեմբեր 2ին Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 22ամեակն էր եւ հայ մարդը արդարօրէն կը սպասէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն, որ վաղուան «Միացեալ Հայաստան»ի հեռանկարով ջերմացնէ սեփական ժողովուրդի միտքն ու հոգին։ Բայց յաջորդ օրն իսկ՝ Սեպտեմբեր 3ին, «ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը Մոսկուայում իր յայտարարութիւնը կատարեց՝ կտրուկ համաձայնութեան որոշում ստորագրելով՝ միանալու Ռուսաստանի նախագահ Պուտինի նախաձեռնած Եւրասիական միութեանը, Մաքսային միութեան նախաքայլով: Այսպիսով, Սեպտեմբերի 2ից մինչ 21ի գեղեցիկ օրերի բնաբանը, որ պիտի լինէր՝ «Անկախութիւն» եւ «Միացեալ Հայաստան», դարձաւ «Եւրասիա՞», թէ «Եւրոմիութիւն»:
«Սերժ Սարգսեանի հերթական քաղաքական անակնկալը, ինչպիսին էր հայ-թուրքական պրոտոկոլի ժամանակ, ոնց որ կատարուած նոր, բայց նոյն հին կացութեան առջեւ կանգնեցրեց հայ քաղաքական միտքն ու նոյնիսկ Հայաստանի վարչամեքենան:
«Ինչ չափով «մտածուած» քայլ էր ՀՀ նախագահի այդ յայտարարութիւնը՝ չգիտեմ, բայց այնքանով, որ դա անակնկալ էր հէնց իր վարչամեքենայի, Ազգային ժողովի եւ միջազգային քաղաքական ու յատկապէս Եւրոպայի համար, յստակ է:
«Իսկ մտահոգիչ պարագան այն է, որ այդ տակտիկով յայտարարութիւնը (ինչպէս հին ժամանակներում երկրների թագաւորներն էին կատարում) միանգամայն միանալու Մաքսային միութեանը, տակտիկա է՝ մոլորելու հայ ներքաղաքական հոսանքները, որպէսզի նրանք զբաղուեն ոչ թէ բուն նիւթով, որին անգամ ծանօթ չեն մանրամասնօրէն, այլ՝ զբաղուեն բողոքելով արդէն կատարուածի ձեւաչափերի եւ նրա հակաժողովրդավարական հիմունքներով կամ թէ նրա, այսինքն Մաքսային միութեան, միայն տնտեսական դրական ու բացասական հետեւանքներով:
«Ու նկատելի է, որ այս օրերին նուազ անդրադարձ է կատարւում Եւրասիայի քաղաքական ու նրա իրականացման հեռանկարների եւ միւս կողմից կայացած Եւրոմիութեան հետ անցեալ ամեակներում տարուող ինտեգրման աշխատանքների եւ դրանք ջուրը գցելու ռազմավարական փոփոխութեան մասին:
«Իսկ ամենանուազ անդրադարձը, ցաւօք, մեր «անկախութեան» եւ «ինքնորոշման» սկզբունքով հարցի քննարկումն է:
«Լաւագոյն պարագայում մեծամասնութիւնը հարց է բարձրացնում պայմանագրերին ծանօթ չլինելու եւ Ս. Սարգսեանի անընդունելի գործելաոճի վերաբերեալ: Սակայն, ի՞նչ է Հայոց պետականութեան ազգային ռազմավարութիւնը՝ մեր «Անկախութեան» վերաբերեալ եւ, օրինակ, սրանից 8 տարի յետոյ նրա 30ամեակին (երբ ըստ Եւրասիայի ծրագրի, եթէ թղթի վրայ չմնայ, 2020ից կ՛աշխատի ռուբլին՝ տարածաշրջանում եւ երեւի մենք էլ կը վերադառնանք հին լա՛ւ օրերին…) ինչ պատկեր է կազմելու Հայաստանի անկախ եւ ազատ Հանրապետութիւնը, դժուար թէ որեւէ քաղաքական դէմք եւ հոսանք ունի յստակ գրաւոր ծրագիր ու հայեցակարգ, իսկ Եւրասիայինը արդէն պարզ է…
«Շատ են անհերքելի «տրամաբանութիւններ»ը, դէ որ փոքր ենք, միջազգայնօրէն քաղաքական ուժ չէ մեր 22ամեայ պետականութիւնը մինչ օրս Եւրոպայից ի՞նչ օգուտ, երկու միլիոնից աւելի Սփիւռք ունենք Ռուսաստանում, մեր արտադրութիւնը այդքան էլ յոյս չի ներշնչում Եւրոպա արտահանելու, իսկ Ռուսաստանի պարագայում լաւագոյնս տիրապետում ենք կոռուպցիոն համակարգին…
«Եւ այսպիսով, յանուն մեր «ազգային անվտանգութեան» ու հէնց յանուն Արցախի, որ ժամանակին ռուսները նուիրեցին Ադրբեջանին եւ ապա, իհարկէ, թոյլ տուեցին դեֆակտօ (իրողական փաստ-Խմբ.) անկախանալ եւ այն, որ ռուսներն են մեր ռազմավարական բարեկամը եւ ընդհանրապէս պատմական «բարեկամ»ը. ուրեմն՝ ի՞նչ քաղաքական կոմպլիմենտարիզմ (լրա-ցուցիչ-Խմբ.) կամ դիւերսիֆիկացիա (այլազանութիւն-Խմբ.): Մեր քաղաքական միտքն ու հոսանքները եւս կաղապարուած նմանատիպ «տրամաբանութեամբ» եւ քաղաքական գործնապաշտութեամբ, համակերպւում ենք անտառի ուժի գերիշխանութեանը. ու ոնց որ, ի՛մ ու քո՛, եթէ նոյնանման մտածողութիւն ունենք, եզրակացւում է, որ անկախութիւնը ռոմանտիզմ է միայն:
«Ուրեմն՝ փառք մեր նախնիներին, որոնք իրենց «ռոմանտիզմ»ով մեր հայրենասիրութեան հրաշքը նուիրաբերեցին. հրաշք, որը մեր այսօրուայ Հայաստանի գոյութիւնն է»:
Մէջբերումը երկար եղաւ, որովհետեւ մտահոգութեանց ու հարցականներու ամբողջ եւ մեծ ծրար մը ամենայն պարզութեամբ խտացուած է հոն։
Անկախութեան պահպանման բաց ու առաջնային օրակարգը ամենայն հրատապութեամբ դրուած է հայ քաղաքական միտքին առջեւ։
Եւ որպէսզի չկրկնուի հայեւթուրք արձանագրութեանց ձախաւերութիւնը՝ անհրաժեշտ է տաքը-տաքին ծեծել երկաթը, որպէսզի հայութեան սպառնացող դամոկլեան սուրի մը չվերածուի Եւրասիական մաքսային միութեան մաս կազմելու Հայաստանի ստորագրած պայմանագիրը։
Ուշագրաւ զուգադիպութեամբ մը, այս անգամ «Ասպարէզ»ի էջերէն, քանի մը օր առաջ ընթերցողը հետեւեցաւ, դարձեալ հայ մարդու ազգային խոր ընդվզումով գրուած, Արտաշէս Շահբազեանի յօդուածին, որ նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին։
«Մերը դարձնենք 21րդ դարը» խորագիրին տակ, յօդուածագիրը իբրեւ մեկնակէտ՝ կը հիմնուի պատմաքննական հետեւեալ կարեւոր ընդհանրացումին վրայ.
«20րդ դարասկզբի եւ նոյն դարի վերջի Հայաստանի անկախացման գործընթացներն ունեն մի շարք զուգահեռներ: Երկու պարագայում էլ անկախ պետականութեան վերականգնման հիմնական նախապայմաններից մէկը ռուսական կայսրութեան քայքայումն էր եւ վերջինիս ժամանակաւոր հեռացումը Անդրկովկասից: Երկու դէպքում էլ պետականութեան կերտումը տեղի ունեցաւ պատերազմական պայմաններում: Ինչպէս դարասկզբին, նոյնպէս եւ դարավերջին, ազատութեան ձգտող հայութեան դէմ Ռուսաստանը հրահրեց Կովկասի թաթարների, ազերիների բիրտ ուժը:
«Անշուշտ չի կարելի դարասկզբի օրհասական վիճակը համեմատել Ղարաբաղեան պայքարի օրերին ստեղծուած իրավիճակի հետ, ինչպէս որ զուգահեռներ չեն կարող լինել Ցեղասպանութիւնից արիւնաքամ եղած եւ թուրք-ադրբեջանական կեղեքմանը յանձնուած Հայաստանի եւ խորհրդային տնտեսական ներուժը ժառանգած երկրի ու պատերազմների քաղաքականութիւնը մերժող նոր իրականութեան հետ:
«Միաժամանակ, մերժելի է այն տեսակէտը, թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակի կառավարման դժուարութիւնները մեծապէս պայմանաւորուած էին Արցախում ընթացող պատերազմով: Պետական տնտեսութեան կազմալուծման եւ մասնաւոր սեփականութեան ձեւաւորման շրջանում տեղի ունեցած մեծամասշտաբ թալանի պատճառը չեն եղել Ղարաբաղում տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
«Այստեղ յիշենք, որ անկախացման շրջանում Հայաստանը ներքաղաքական անիշխանութեան իրավիճակում չի յայտնուել: Եղել են անշուշտ անօրինականութեան դրսեւորումներ, սակայն իշխանութիւնները միշտ էլ վերահսկել եւ ուղղորդել են գործընթացները եւ երկրի ընդհանուր կեանքը:
«Մէկ հասարակարգից միւսին անցման պահին, ինչպէս ցանկացած երկրի դէպքում, Հայաստանը եւս կանգնեց զարգացման ուղի ընտրելու պատմական մարտահրաւէրի առջեւ:
«Հրապարակներից իշխանութեան աթոռների փոխադրուած նոր իշխանութիւնը ինքն իրեն յաղթահարելու քաջութիւնն ունենալու դէպքում պէտք է ամրապնդէր ազգային շարժման ժողովրդավարական նուաճումները, իր ձեռքերում գտնուող իշխանութիւնը բաժանէր որքան կարելի է շատ դերակատարների միջեւ՝ իշխանական թեւեր, իրաւական համակարգ, քաղաքական ուժեր՝ ընդդիմութիւն, հասարակական կառոյցներ եւ այլն:
«Դժբախտաբար նա գնաց հեշտ ու գայթակղիչ ճանապարհով՝ յարմարեցրեց իրեն նախկին համակարգի վերաձեւած պետաիրաւական զգեստը եւ երկրում հաստատեց մէկ ուժի վրայ յենուած աւտորիտար (հեղինակապետական) ռեժիմ:
«Նորաթուխ կառավարիչները յանգել էին այն տարօրինակ բանաձեւմանը, թէ որքա՛ն արագ երկրում յայտնուեն մեծահարուստներ, այնքա՛ն արագ նրանք կը զարգացնեն երկիրը եւ կ՛ընդլայնեն բարեկեցութեան հնարաւորութիւնները հասարակութեան այլ հատուածների համար:
«Գռեհիկ պատկերացմամբ ազատական մտածողութիւնը, որ որդեգրուել էր որպէս տնտեսական գաղափարախօսութիւն, պատճառ դարձաւ, որ պետութիւնը, որպէս սեփականատէր ունեզրկուի ու կորցնի տնտեսվարողի դերակատարութիւնը, իսկ նրան պատկանող ողջ սեփականութիւնը օտարուի եւ անօրինականօրէն բաշխուի իշխողների ու նրանց համախոհների նեղ խմբի մէջ»:
Արտաշէս Շահբազեան ուղղակիօրէն չ՛անդրադառնար նորատիպ Մաքսային միաւորման պայմանագրին, բայց Հայաստանի անկախութեան պահպանման օրակարգը ամենայն սրութեամբ կը դնէ հայ քաղաքական միտքի քննարկման սեղանին վրայ՝ մեր նուաճած ազատութեան եւ անկախութեան հետ լրջագոյն պատասխանատուութեամբ վարուելու մեծ Պարտքին տակ դնելով վերանկախացեալ Հայաստանի պետականութիւնը։
Խարանելով մինչեւ Հայաստանի գործող նախագահի իշխանութեան շրջանը շարունակուած չարաշահումները, յօդուածագիրը կ՛եզրակացնէ.
«Հայաստանն ունի երկրի տնտեսական անվտանգութեան եւ զարգացման համար անհրաժեշտ այնպիսի զարգացած ու զարգացող ոլորտ, որպիսին էներգետիկան է: Էներգիայի մեր պաշարներն ու առկայ ներուժը կարող են ապահովել ոչ միայն բարձր զարգացած տնտեսութեան կարիքները, այլեւ՝ արտահանուել:
«Գիտնականների վերջերս հրապարակուած ուսումնասիրութիւնների համաձայն, մեր երկրի ընդերքի հարստութիւնը գնահատւում է 4 տրիլիոն 138 միլիարդ 564.4 միլիոն դոլարի չափով: Համեմատութեան համար նշւում է, թէ այդքան է կազմում Քաթարի ու Եգիպտոսի նաւթային պաշարների արժէքը՝ միասին վերցուած:
«Հայաստանի տնտեսութեան համար մեծ հեռանկար է խոստանում հաւասարակշռուած փոխգործակցութիւնը տարբեր երկրների ու դաշինքների հետ:
«Հայաստանը քաղաքական կայունութեան հեռանկարով ամենայուսալին է դիտւում տարածաշրջանում (պատահական չէ, որ այստեղ է կառուցուել ԱՄՆի ամենամեծ դեսպանատներից մէկը):
«Փոխլրացման քաղաքականութեան յաջող շարունակման դէպքում Հայաստանի կշիռն է՛լ աւելի կը մեծանայ թէ՛ արեւելքի ու արեւմուտքի եւ թէ հիւսիսի ու հարաւի համար:
«Հայաստանը թէ՛ քաղաքական եւ թէ տնտեսական առումներով կարող է մեծ արդիւնքների հասնել՝ գործելով Սփիւռքի հետ ձեռք-ձեռքի տուած (դրա օրինակները կան, թէեւ ներուժն աւելի մեծ է):
«Ի վերջոյ, Հայաստանի եւ հայութեան յաջողութիւնների գլխաւոր գործօնը հայ մարդն է:
«Այն նոյն հայ մարդը, ով ներկայումս հազար ու մի հոգսի տակ կքած է, արտագաղթում է, չի կարողանում կարողութիւնները լիարժէքօրէն ի սպաս դնել իր երկրի եւ ժողովրդի առաջընթացի ու բարգաւաճման գործին:
«Եւ ակնյայտ է, որ բոլոր հնարաւորութիւններն ու ակնկալիքները անկատար կը մնան, եթէ չբարեփոխուի անկախութեան երրորդ տասնամեակն ապրող Հայաստանի ներքաղաքական կացութիւնը ու դրանով պայմանաւորուած՝ մնացած ոլորտները:
«Անկախութեան հերթական տարեդարձը անհրաժեշտ է նշել ա՛յս վճռական մտասեւեռմամբ»:
Պատահականօրէն չէ, որ ընտրուեցան եւ այսքան ծաւալուն մէջբերումով ներկայացուեցան զոյգ յօդուածներն ու անոնց հեղինակներուն ախտաճանաչումները։
Հայաստանի անկախութեան պահպանման բաց օրակարգին միեւնոյն մետալին զոյգ երեսները ամենայն սրտցաւութեամբ լուսարձակի տակ առնուած են։
Հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման երթը կը դիմագրաւէ թէ՛ արտաքին ճնշումներու եւ կամ սպառնալիքներու վտանգը, թէ՛ ազգային մեր պետականութեան հզօրացումն ու հայ ժողովուրդի ազգային ներուժին համահայկական արդիւնաւորումը կրծող ու տկարացնող ցեցերու չարիքը։
Մէկ ու միակ է մարտահրաւէրը եւ հայ քաղաքական միտքը ինքնահաստատման մեր ընդհանուր երթը յաղթանակով կրնայ պսակել, եթէ Խրիմեան Հայրիկի եւ Սիմոն Զաւարեանի ուղիով գործէ՝ թէ՛ բարեկամին, թէ՛ չարակամին ամենայն ինքնավստահութեամբ ցոյց տալով, թէ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը անփոխարինելի իրենց արժէքն ու տեղը ունին բազմազանութեան պահպանման ու զարգացման մէջ իր ուժն ու հարստութիւնը գտած հանուր մարդկութեան մեծագոյն ընտանիքին մէջ։