
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ 30 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է «Քարլ եւ Էմմա Սողոյեաններ» ձեռագիր մատեաններու ցուցասրահի բացման արարողութիւն:
Հայ եկեղեցւոյ բարերար տիկին Էմմա Սողոյեանը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնին նուիրած է քսաներկու ձեռագիր մատեաններ եւ հայերէնով առաջին տպագիր Աստուածաշունչը՝ ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Քարլ Սողոյեանին:
Տէրունական աղօթքէն եւ շարականի երգեցողութենէն ետք Է. Սողոյեան հատած է ցուցասրահի մուտքի ժապաւէնը, որմէ ետք՝ Գարեգին Բ.ի գլխաւորութեամբ հիւրերը մուտք գործած են նորաբաց ցուցասրահ:
Այս առիթով ներկաները ողջունած է Մայր Աթոռի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Ասողիկ քահանայ Կարապետեանը: «Այսօր այս ձեռագրերը ցուցադրութեան են դրւում Սուրբ Էջմիածնում, որպէսզի ամէն ձեռագիր՝ որպէս սրբութիւն եւ անբարբառ բարեխօս, շարունակի բարեխօսել այս ընտանիքի համար եւ մանաւանդ Քարլ Սողոյեանի հոգու հանգստութեան եւ տիկին Սողոյեանի կենաց արեւշատութեան համար», ըսած է ան՝ երախտագիտութիւն յայտնելով նաեւ վեհափառ հայրապետին՝ հայ հոգեւոր մշակոյթի աշխարհասփիւռ նշխարները խնամքով հաւաքելու եւ Մայր Աթոռին մէջ մէկտեղելու համար:
Այնուհետեւ իր ջերմ ապրումներն ու զգացումները ներկաներուն փոխանցած է նաեւ Էմմա Սողոյեանը:
Նորաբաց սրահին մէջ, բացի ընծայուած ձեռագրամատեաններէն ցուցադրուած են նաեւ Մայր աթոռի արխիւէն որոշ բացառիկ փաստաթուղթեր, որոնց կարգին նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Զաւէն արք. Եղիայեանի գաղտնի փաստաթուղթերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած, ինչպէս նաեւ վերջինիս գրութիւնը՝ ուղղուած Գէորգ Է. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին՝ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հաստատելու վերաբերեալ: