
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն կը կազմակերպէ իր 5ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններ, որոնք կը ներառեն շնորհահանդէս, մրցանակաբաշխութիւն, ցուցահանդէս, ընդունելութիւն, պարգեւատրում, այցելութիւններ, համերգներ, այցելութիւններ:
Յոբելենական ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուեցաւ 1 Հոկտեմբերին: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմը՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Ե-ռաբլուր պանթէոնը, ուր նախարարութեան աշխատակիցները ծաղիկներ զետեղեցին արցախեան պատերազմի հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին հերոսներուն:
Անոնք այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ, գլուխ խոնարհեցին, համատեղ աղօթք բարձրացուցին Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիի հանգստութեան համար: Նախարարութեան աշխատակիցները եղան նաեւ սփիւռքի այգիին մէջ: