ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Աշխատավարձերի բարձրացումը 2014 թ. տեղի է ունենալու փուլայնութեամբ», յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին ՀՅԴ պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան հարց տուած էր, թէ ինչո՛ւ կառավարութեան առաջարկը չի համապատասխաներ Հայաստանի նախագահին յայտարարութեան: Նախագահը յայտարարած է, թէ աշխատավարձերը պիտի աւելնան 1 Յունուար 2014ին, իսկ կառավարութիւնը կը նախատեսէ, որ այդ մէկը կատարուի 1 Յուլիսին։
Վաչէ Գաբրիէլեանի համաձայն, «2014 թ. Յունուարի 1ից կը սկսեն ուժային կառոյցների աշխատավարձերի բարձրացումից, իսկ Յուլիսի 1ից կը բարձրանայ ողջ համակարգի աշխատավարձը»: Ըստ Վ. Գաբրիէլեանի, կառավարութեան կողմէ առաջարկած թղթածրարով կը նախատեսուի ո՛չ միայն աշխատավարձի բարձրացում, այլ նաեւ կարգաբերում եւ կանոնակարգում: Վ. Գաբրիէլեան նշած է, որ նուազագոյն աշխատավարձը մեծապէս աւելցած է Յուլիսին, հետեւաբար՝ Յունուարին կրկին աշխատավարձի սրընթաց բարձրացումը դժուարութիւններ պիտի ստեղծէ տնտեսվարողներուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.