
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՊԱՔՈՒ.- Ֆրանսական «Ա.Էֆ.-Փէ.» լրատու գործակալութիւնը անդրադարձած է ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ակշին Մեհտիեւի կողմէ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին կատարուած այն յայտարարութեան, թէ Պաքու «շատ վտանգաւոր» կը նկատէ սուրիահայերուն Արցախ վերաբնակեցումը:
Մեհտիեւ, որ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնած է, այս յայտարարութիւնը կատարած է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ատրպէյճանի նախագահութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ Մեհտիեւ պնդած է. «Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ սուրիահայերու վերաբնակեցումը միջազգային եւ մարդկային իրաւունքներու խախտում է: Գաղթականները կը վերաբնակեցուին ռազմական բռնագրաւման տակ գտնուող հողերու վրայ, ուրկէ տեղւոյն բնակիչները հարկադրաբար հեռացած են: Այս միջոցին, երբ միջազգային հանրութիւնը սուրիական ճգնաժամը լուծելու կարելիութիւնները կը քննէ, մարդկային տառապանքները կ՛օգտագործուին այլ տարածաշրջանի մը հակամարտութիւնը բարդացնելու համար»:
«Ա.Էֆ.Փէ.»ն տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ընդունին, որ մօտաւորապէս 10,000 սուրիահայեր Հայաստան ապաստանած են, սակայն «սուտ եւ ապատեղեկատուութիւն» կ՛որակեն այն պնդումները, թէ Հայաստան կը փորձէ բոլոր սուրիահայերը Արցախ փոխադրել:
Հայուն վերադարձը՝
Դէպի իր հայրերուն ժառանքական հողերուն վերադարձն է.
Իսկ քոչուոր Ազերի-Թուրքը՝
Ինչպէս որ 10-րդ դարուն արշաւեց Հայաստանի վրայ՝ այնպէս ալ 20-րդ դարուն հեռացաւ՝ անվերադարձ.
Ազերի-Թուրքը վերադարձի մէկ ուղի ունի միայն, այն ալ դէպի Ալթայի լեռները՝ հոն՝
Ներողութիւն խնդրելու իր նախահայրերուն աճիւններէն՝ իրենց այսքան երկար դադեր բացակայութեան համար.
Հայուն վերածնունդը ոչ ոք կրնայ կասեցնել,
Հայուն կամքը ոչ ոք կրնայ ընկճել,
Ոչ Ալբասլան մը եւ ոչ ալ Ալիեւ մը.
Վահան Վանական, Զուիցերիա