
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Կաղանդ պապա,
Իմ այս նամակս առաջին
Քե՛զ կը գրեմ ես ահա
Եւ կարօտով կը յանձնեմ քու սուրբ աջին։
«Կաղանդ պապիկ, ես այդ Մասիսը կ՛ուզեմ,
Դիր անիւներ ոտքին տակ
Ու համարձակ քշէ՜ մեր տունը շիտակ,
Բե՛ր ինձ նուէրն այդ վսեմ»։
Իւրաքանչիւր հայ մանուկի սրտին դռները շատ նուրբ ձեւով թակող, սակայն շատ խորունկ կերպով մուտք գործող ու առյաւէտ դրոշմուող այս բանաստեղծութեամբ հայ իրականութեան մէջ եւս զօրեղ կերպով մուտք գործած ու հոն առյաւէտ դրոշմուած բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան կը ներկայանայ Մասիսէն եկող Կաղանդ պապան անհամբեր սպասող իւրաքանչիւր հայ մանուկի։ Ան նաեւ իւրաքանչիւր հայու մէջ, ինչ ալ ըլլայ տարիքը, կ՛արթնցնէ մանուկը՝ ամէն անգամ այս նամակը կարդալով ուրախացող, յուզուող եւ Մասիսը իբրեւ նուէր փափաքող։
Իշխան իր պարզութեան ու հաղորդականութեան ճամբով, հայը լաւապէս ճանչնալու եւ հայուն հոգեվիճակը հասկնալու բերումով առերեւոյթ փոքրիկներու հասցէագրուած թուող այս նամակին ընդմէջէն իր խօսքը կ՛ուղղէ իւրաքանչիւր հայու, յատկապէս սփիւռքահայու, որ կ՛ապրի Մասիսի երազով, զայն «իբրեւ բարի հրեշտակ» պահելու խոստումը տալու պատրաստակամութեամբ։
«Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կը ստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ»։
Կրկին Իշխանն է, որ այս անգամ հայոց լեզուի դասագիրքերուն մէջ բազմած՝ մայրենի լեզուն փառաբանող իր բանաստեղծութիւնը կը ծաղկեցնէ աշակերտներուն շրթներէն ու ոսկեղինիկին հանդէպ խոր ու մեծ սիրով կը փոթորկէ անոնց հոգիները։ Բանաստեղծութիւն մը, զոր արտասանած կամ կարդացած իւրաքանչիւր անհատ անպայման կը մտաբերէ, երբ կ՛ուզէ լեզուին նկատմամբ իր սէրը արտայայտել, զայն գովերգել ու անոր արժէքը վեր առնել։
Մասիսը իբրեւ նուէր ունենալու ակնկալութեամբ հասակ նետած մանուկին համար Մ. Իշխան այս անգամ «տուն» կը կառուցէ, յաւերժական «երդիք» մը, որուն առկայութեամբ կ՛երաշխաւորուի իւրաքանչիւր հայու գոյութիւնն ու գոյատեւումը։ Մայրենիով հպարտ սերունդ մը ունենալու յաւերժական կոչով ան կը դիմէ մեծին ու փոքրին՝ անխտիր։
«Սփիւռքի մէջ ես եղայ այն քիչերէն, որոնք բախտը ունեցան հայրենի շունչն ու ոգին անձնաւորող քանի մը ականաւոր դէմքերու մտերմութիւնը վայելելու՝ կա՛մ իբրեւ աշակերտ, կա՛մ իբրեւ կրտսեր բարեկամ։
«Ես աշխատած եմ քանի մը հիմնական գիծերով վերստեղծել տաղանդաւոր այդ անձերուն կենդանագիրը այնպէս, ինչպէս որ ճանչցած եմ զիրենք։
«Անոնցմէ հինգը՝ Յ. Օշական, Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Ն. Ադոնց եւ մասամբ նաեւ Կ. Զարեան, եղած են ուսուցիչներս։ Ուղղակի իրենց կը պարտիմ մտաւոր եւ հոգեկան դաստիարակութիւնս։ Միւս երկուքը թէեւ դաս չեն աւանդած ինծի, բայց անոնցմէ մէկը՝ Սիմոն Վրացեան, գաղափարական գլխաւոր դաստիարակներէն է մեր սերունդին, իսկ Վահան Թէքէեան՝ բանաստեղծական արուեստի ներշնչողը»։
Ու կը բացուին էջերը «Իմ Ուսուցիչներս» գիրքին, որ երկրորդական կարգերուն մէջ իբրեւ ընթերցանութեան նիւթ կը թելադրուի։ Խայտանքը կը զգաս այդ մեծերուն կենդանի «ժապաւէնը դիտելու»՝ կարդալով անոնց երախտաշատ աշակերտին պատումները, որոնք անպայման ընթերցողը կը տանին տարբեր աշխարհ, տարբեր ժամանակաշրջան, հաղորդակից դառնալու պատմութիւն եւ գրականութիւն կերտած տիտաններու հետ։
«Իմ Ուսուցիչներս»ով Մուշեղ Իշխան ինքնաբերաբար կը պեղէ նաեւ ընթերցողին յիշատակներն ու ապրումները՝ անոր ուսուցիչներէն եկող, սակայն՝ թերեւս միշտ ալ մոռացութեան գիրկը իյնալու թեկնածու։ Ինքնաբերաբար ան աշակերտին մէջ նախանձը կ՛արթնցէ՝ իր ուսուցիչները եւս յիշելու, անոնց առնչուած այս կամ այն իւրայատուկ դէպքը պատմելու, չարաճճիութիւնը վերակենդանացնելու, անմոռանալի ու անկրկնելի դրուագներ մտաբերելու կամ նոյնիսկ գրի առնելու եւ իր շրջապատին պատմելու։ Մ. Իշխան յուշագրութեան շատ հետաքրքրական ներկայացումով վեր կ՛առնէ արժէքը ուսուցիչին ու դաստիարակին, արժանիներուն արժանին մատուցելու անհրաժեշտութիւնը։
«Այս եւ յաջորդ երկու հատորները պատրաստած եմ գոհացնելու համար առաւելաբար դասաւանդութեան կարիքները մեր երկրորդական վարժարաններու վերին երեք դասարաններուն մէջ։ Նպատակն է կարեւոր բաց մը գոցել մեր դպրոցներուն մէջ եւ մեր ընթերցող հասարակութեան մօտ»։
Դպրոցի աւարտական դասարաններուն աշակերտները եւս իրենց կեանքին մէջ կը զգան ներդրումը Մ. Իշխանին՝ վայելելով անոր պատրաստած արժէքաւոր «Արդի Հայ Գրականութիւն» դասագիրքին երեք հատորները, որոնց ընդմէջէն գրականութեան ճոխ ընտրանիի մը անդաստանը կը բացուի աշակերտին դիմաց, անոնց էջերուն ճամբով աշակերտը կը հաղորդակցի մեր գրականութեան տիտաններուն հետ, կ՛ըմբոշխնէ անոնց ստեղծագործութիւնները, որոնք մարդ ու մանաւանդ հայ կը կերտեն։ «Արդի Հայ Գրականութիւն»ները կը դառնան աւելի քան դասագիրք, որովհետեւ անոնք խորքին մէջ փոքրիկ հանրագիտարանի մը արժէքն ու տարողութիւնը ունին։
Երեք տարի շարունակ այդ գիրքերը կը դառնան աշակերտին ընկերները, անոնց էջերուն վրայ աշակերտները իրենց ներաշխարհէն բխող զեղումներ գրի կ՛առնեն, տուեալ հատուած մը սիրած կամ չսիրած ըլլալու մատնանշումներ կը կատարեն, տողեր կ՛աւելցնեն, յաւելեալ բացատրութիւններ կը նօթագրեն, տակաւին չդասաւանդուած հեղինակներուն կտորները կը կարդան՝ մոռնալով ճշդուած դասը պատրաստել… Աշակերտները կ՛ապրին, որովհետեւ Մ. Իշխանի գիրքերը կոչուած են ապրեցնելու…
«Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր Ճեմարան»
Մուշեղ Իշխանի երկրորդ (կամ առաջին) տունը այցելող ոեւէ անձ չի կրնար այս նախադասութիւնը կարդացած չըլլալ՝ Իշխանի խորհրդաւոր եւ պատգամաբեր հարթաքանդակին կողքին «բազմած»։ Նշան Փալանճեան ճեմարանի աշակերտներն ու Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ուսանողները ամէն առաւօտ Մուշեղ Իշխանին բարեւելու եւ անոր գրական օրհնութիւնն ու պատգամը ստանալու բախտաւորութեամբ ապրեցան տարիներ շարունակ։ Ներշնչող եւ խորհրդաւոր է անոր դէմքը, որ կարծես քիչ ետք պիտի շարժի ու պիտի դիմէ քեզի…
Ներկայիս Մուշեղ Իշխանն ու «Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր Ճեմարան»ը հեռացած են Կեդրոնական Պէյրութի իրենց հարազատ բոյնէն, տեղադրուած են Ծաղկաձորի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի շէնքին մէջ… Արդեօք Մ. Իշխան գո՞հ է… Սակայն կը մնայ պատգամը՝ Ճեմարանը ուխտավայր իբրեւ պահպանելու։
«Տուներու Երգը», «Հայաստան», «Ես Զաւակն Եմ Հայաստանի», «Ի Զուր», «Ո՛ւր Է Հողն Իմ Հայրենի», «Ես Մասիսը Չտեսայ», «Ողջո՜յն Քեզ Կեանք», «Հայ Մամիկին Աղօթքը», «Դուք Մամիկներ Սեւազգեստ», «Սիրտ Իմ Խելագար», «Մայր Իմ Արեւ…»
«Հացի Եւ Լոյսի Համար», «Մնաս Բարով, Մանկութիւն», «Մեռնիլը Որքան Դժուար Է…»: Կը տողանցեն անոր բազմաթիւ բանաստեղծութիւնները, արձակ կտորները, թատրերգութիւնները՝ պարզ, պատկերաւոր, գրաւիչ եւ ինքնըստինքեան կլանող ոճով։ Հոն ընթերցողը, աշակերտ ըլլայ ան կամ ոչ, չի կորսուիր, չի յոգնիր, շունչը չի հատնիր, այլ շունչ կ՛առնէ, ինքզինք կը գտնէ այս կամ այն կտորին մէջ, պատկերներէն կամ կացութիւններէն մէկուն մէջ, կ՛ապրի Մ. Իշխանին հետ, կը զգայ անոր հետ ու կը ճամբորդէ անոր բացած գրական ուրոյն ուղիէն։
«Երկի՜ր հնամեայ, երկի՜ր պապենի,
Ո՛չ մէկ աստղ պայծառ եւ ո՛չ մէկ լուսին
Քու յաւերժական հմայքդ ունի.
Լեռներէդ անդին, ամպերէդ անդին
Որքան ալ արագ ես սուրամ հեռուն,
Որքան ալ դառնամ անկշիռ փետուր,
Անհունութեան մէջ միջոցին թափուր,
Ես քե՛զ կ՛որոնե՛մ, հայրենի իմ տուն…»:
Հայ գրականութեան մէջ ուրոյն տեղ ու դեր ունեցողին դրոշմը տակաւին կը հասնի երաժշտական գործիքներուն՝ անոնց ընդմէջէն երգի վերածուելով եւ հնչելով Արթուր Մեսչեանի կիթառի հնչիւններուն ճամբով, նոյնինքն անոր ձայնով եւ երաժշտական յօրինումներով։ Եւ սերունդներ ամբողջ կ՛ապրին ու պիտի շարունակեն ապրիլ Մուշեղ Իշխանին հետ՝ Ա. Մեսչեանի «Աշխարհի Ցաւով», «Առաջ Գիտէի», «Ասում Են», «Հինգ Դար Առաջ», «Մայր Իմ» եւ ուրիշ շատ ու շատ երգերու թրթռացումներուն ճամբով, որոնք կը թափանցեն սրտերը, միտքերը, հոգիները, կը մղեն զգալու, մտածելու, թռիչք առնելու, բարկանալու, պոռթկալու, պահանջելու…
«Այս տարի,
Սեղանին շուրջ Կաղանդի
Բոլորուեցանք ութ հոգի–
Ես ու կինս լռակեաց,
Երկու բաժակ կիսով լի
Եւ չորս պատեր մերկացած՝
Ութը անձ…
Սպասեցինք ընդերկար,
Որ շնչաւոր մէկը գար,
Զարնէր մեր դուռը ամուր
Եւ սրտալի բարեւ տար»։
***
«Հայ եմ ես, հայ եմ ես,
Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…
Օտար հարս, հայ փեսայ
Եւ թոռնիկ՝ կէս առ կէս…»:
Մեծ հայը կը զգայ օտարութեան մէջ ապրելու եւ գոյատեւելու մարտահրաւէրին ուժգնութիւնը, անոր առթած ցաւը, Սփիւռքի ափերուն հայօրէն եւ հարազատ բոյնի մէջ շարունակելու դիմաց թումբ կանգնող բազում-բազում դժուարութիւնները։ Որքան հարազատ են շուրջ երեք տասնամեակ առաջ Մուշեղ Իշխանի ուրուագծած պատկերները, որքան կենդանի ու տարածուած են անոնք այսօր՝ քիչ մը աւելի վտանգաւոր տարողութիւն ստացած։
«Գիրքեր սիրելի, գիրքեր մտերիմ,
Մենք տարիներով եղանք միասին.
Դուք պիտի մնաք, ես պիտի մեկնիմ»:
Անգամ մը եւս չէր սխալած հայութեան Իշխանը, ինք մեկնեցաւ այս անցաւոր աշխարհէն, մնացին իր գիրքերը սիրելի ու մտերիմ, մնացին անոնց ընդմէջէն ցոլացող ամբողջ ներաշխարհի մը դրսեւորումները, մնացին իշխանական հոգեվիճակները, տագնապները, մարդկային վեհ զգացումները, ազգային խորունկ յոյզերը, կարօտները, սէրերը, վիշտերն ու ուրախութիւնները…
Այս բոլորին կողքին եւ ասոնցմէ վեր տակաւին կան մեր հպարտութիւնը՝ Իշխանն ու իր աւանդը ունենալու, երախտագիտութիւնը՝ հայութեան Իշխանին եւ անոր ստեղծած մեծութիւններուն հանդէպ, մեծ սէրն ու անհուն գուրգուրանքը հանդէպ ֆիզիքապէս չճանչցած (բախտաւոր են ճանչցողները), սակայն էութեամբ եւ լռելեայն ներկայութեամբ հայ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու տարեցին մնայուն ու հարազատ ընկերոջ… Եւ ո՛չ ոեւէ ընկեր, այլ մեր գրականութեան իշխանը ըլլալու արժանի թանկարժէք իւրայատկութիւն մը՝ Մուշեղ Իշխան…
Մուշեղ Իշխան,
Իմ այս նամակս սրտագին
Քե՛զ կը յղեմ ես ահա
Եւ կարօտով կը յանձնեմ քու սուրբ աջին։
Մուշեղ Իշխան, ես քեզի՛ աշակերտել կ՛ուզեմ,
Տուր ինծի այս առիթը վեհ
Ու համարձակ վերադարձիր հայութեան,
Եղիր ինծի նուէրն այդ վսեմ։
1-Այս Էջը Կը Հովանաւորեն- ՏՈՔԹ. ՄՀԵՐ ՊԱՊԵԱՆ ԵՒ ՏՈՔԹ. ԱՒՕ ՊԱՊԵԱՆ
2- Այս Էջը Կը Հովանաւորեն- ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱՔԷՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ