ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ժողովրդավարացման ծրարը ընդդիմադիրներու ու քրտական շրջանակներու կողմէ ծանր քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ, բայց միւս կողմէ՝ ծրարին խոստացած կարգ մը նորութիւններուն նկատմամբ դրուատիքի արտայայտութիւններ պակաս չեն։ Դրուատիքի արժանացած կէտերէն մէկը ատելութեան բերումով գործուած յանցագործութիւններու հարցն է։ Ծրարը կ՛ուզէ աւելի ծանր պատիժներու ենթարկել անոնք, որոնք զանազան խմբաւորումներու կամ անձերու հասցէին ատելութեան զգացումէ ծնունդ առնող նախատինքներ կը կատարեն։
«Զաման» թերթը հաղորդէ, թէ այսուհետեւ, զոր օրինակ, մէկու մը հասցէին «կեղտոտ կեավուր» ըսելը յանցագործութիւն պիտի նկատուի, իսկ կարգ մը այլ յանցանքներ, որոնք արդէն պատիժի ենթակայ էին, աւելի ծանր պատիժի պիտի ենթարկուին, եթէ ստուգուի, թէ անոնք ծնունդ կ՛առնեն ատելութեան զգացումէ։
Այս նիւթին առնչութեամբ, «Հապերթիւրք» կայքին վրայ Մուրատ Պարտաքճը դիտել կու տայ, որ իրեն համար ժողովրդավարացման ծրարի ամէնէն դրական կէտը ատելութեան յանցագործութիւններու եւ անհատներու ապրելակերպի մասին եղած նախատինքներու պատիժն է։
«Բոլորս ալ գիտենք, որ այսօր մարդիկ որպէս նախատինք կը գործածեն բառեր, ինչպէս՝ «կրօնափոխ», «սելանիկցի», «հրեայ», «հայ» կամ «յոյն» բառերը։ Այս երկրին մէջ եթէ մէկու մը գաղափարները չհաւնեցար, կամ եթէ մէկու մը գործունէութիւնը քեզի հաշտ չեկաւ, եթէ մէկը քեզի վնաս պատճառելու սկսաւ, շատ դիւրութեամբ անոր հասցէին կը փակցնես մեղադրանք մը՝ «անիկա հրեայ է», «անիկա հայու զաւակ է», եւ այլն։ Այսպիսի ցեխարձակումներ արմատացած են ժողովուրդին մէջ, եւ անոնք ծանր նախատինք կը դառնան ո՛չ միայն այն անձին, որուն հասցէին կը գործածուին անոնք, այլ նաեւ ամբողջ հայ, հրեայ կամ յոյն ժողովուրդին համար։ Տարիներ շարունակ, բազմաթիւ թուրքեր մեղադրուեցան հայու կամ յոյնի զաւակ ըլլալով, բայց ոչ մէկը ըսաւ. «Ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ հայու կամ յոյնի զաւակ է»։ Մեծ ծառայութիւն մը մատուցուած պիտի ըլլայ, եթէ իսկապէս յանցագործութեան պատիժ տրուի բոլոր անոնց, որոնք ատելութեան նմանօրինակ արտայայտութիւններ կը կատարեն», կը յայտնէ Պարտաքճը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.