ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ պիտի կրճատուի զինուորական ծառայութեան տեւողութիւնը։ Հաղորդուած լուրերու համաձայն՝ զինուորները այսուհետեւ երեք ամիսով աւելի շուտ պիտի արձակուին զինուորական ծառայութենէն։
Իր կարգին, Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, ակնարկելով Թուրքիոյ մէջ տիրող յարաբերաբար խաղաղ կարգավիճակին՝ ըսաւ, որ թերեւս մօտիկ ապագային Թուրքիոյ մէջ ջնջուի պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը ու Թուրքիան ունենայ արհեստավարժ զինուորներու բանակ։
Պաղըշ նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց այն լաւ տպաւորութեան համար, զոր Եւրոմիութեան շրջանակներէն ներս թողած է վարչապետին կողմէ հրապարակուած Ժողովրդավարացման ծրարը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.