ԹԻՖԼԻՍ.- «Կրուզիա» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի Էսթոնիա կատարած այցելութեան ընթացքին խօսած է Վրաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն, Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու Վրաստանի ձգտումին եւ որոշ շրջանակներու կողմէ առաջարկուող այլընտրանքին՝ Եւրասիական միութեան անդամակցելու մասին: Ան նշած է, որ վերջինս ժամանակաւոր երեւոյթ է եւ ուշ կամ կանուխ, բոլոր երկիրները, ներառեալ՝ Հայաստանն ու Ռուսիան, պիտի դիմեն Եւրոպական Միութեան՝ անոր անդամ դառնալու համար: «Ռուսիա ներկայիս կը ստիպէ որոշ երկիրներ, ներառեալ՝ Ուքրանիա, Վրաստան եւ Մոլտովա, Եւրասիական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընտրանք կատարելու: Ռուսիոյ այդ դիրքորոշումը հաճելի չէ», ըսած է Իվանիշվիլի:
«Երբ մեզի այդպիսի այլընտրանք կ՛առաջարկէք, կը նշանակէ, թէ պէտք է նախապատուութիւն տալ ստեղծուելիք միութեան մը. ասիկա կը հակասէ եւրոպական արժէքներուն եւ կը վատթարացնէ դրութիւնը, ուրեմն՝ ատիկա լաւ չէ», ըսած է Վրաստանի վարչապետը եւ աւելցուցած. «Վրացական ռազմավարութիւնը ոչ ես եւ ոչ ալ նախորդ կառավարութիւնը որդեգրած է. ատոր հիմքը մեր ժողովուրդի ցանկութիւնն է՝ եւրոատլանտեան տարածաշրջանին համարկուելու: Վրաստան քուէարկած է ՆԱԹՕին միանալու համար: Ես նպատակ չունիմ փոխելու այդ ուղղութիւնը, որովհետեւ գիտեմ, թէ ժողովուրդը ճիշդ որոշումը կայացուցած է, եւ մենք իրաւունք չունինք զայն փոխելու», ըսած է Վրաստանի վարչապետը: Այս ենթահողին վրայ Իվանիշվիլի ըսած է, որ Վրաստան կը ձգտի կարելի եղածին չափ շուտ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալ: Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին խօսելով՝ ան ըսած է, որ իշխանութեան գլուխ գալէ ետք՝ ինք փոխած է երկիրի նախկին կառավարութեան որդեգրած հռետորաբանութիւնը եւ սկսած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութեան մասին արտայայտուելու: Ըստ Վրաստանի վարչապետին՝ արդէն յաջողութիւններ արձանագրուած են, վերահաստատուած են առեւտրական յարաբերութիւնները ու կը խորանան մշակութային եւ մարդասիրական կապերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.