ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Դարերու ընթացքին Հայու ֆիզիքականին ու բարոյականին վրայ կուտակուած թերութիւններն ու աղտոտութիւնները ամէնէն շատ կը վերանան գաղթականութեան հոսանքին ուժեղացումով»։
Սիմոն Զաւարեան, «Ազատամարտ», 1911
2000ականներու սկիզբը, երբ Քըրք Գրիգորեանի իշխանական նուիրատուութեամբ Հայաստանի մայրաքաղաքին կեդրոնական փողոցները հիմնովին կը վերանորոգուէին, ի տես վերանկախացեալ մեր հայրենիքէն շարունակուող ու նորովի թափ առնող արտագաղթի հոսանքին, Երեւանի մէջ մարդիկ հայկական սրամտութեամբ դիտել կու տային, թէ՝
– Նախագահ Քոչարեան որոշած է Հայաստանը ընդհանուր վերանորոգութեան ենթարկել եւ, այդ պատճառով, մինչեւ գործը աւարտի, երկրէն դուրս կը հանէ բնակչութիւնը։
Կատակը՝ կատակ, բայց իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր, որ հայը կը նախընտրէ, լալու եւ կացութեան համակերպելու փոխարէն, ծիծաղիլ իր ողբերգութեան վրայ եւ փայփայել Յակոբ Պարոնեանի այն յոյսը, թէ ծաղրանքի ճամբով կարելի է հայուն մէջ արթնցնել բան մը փոխելու ներքին վճռականութիւնը։
Հայաստանէն արտագաղթը անշո՛ւշտ աղէտ է։ Ռազմավարակա՛ն նշանակութեամբ ԱՂԷՏ է։ Մանաւանդ որ արտագաղթի հետեւանքով հայրենի հայութեան արձանագրած թուաքանակի նուազումը աւելիով շեշտելու կու գան ժողովրդագրական երկու հիմնական ցաւեր՝ ծնունդներու տոկոսին տեւական նուազումը եւ մահացութեան տոկոսը հաւասարակշռելու դժուարութիւնը։
Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ քայլերէն, իբրեւ Հայոց Պետական Տան կայացման ու լիարժէք զարգացման սպառնացող գլխաւոր վտանգի, արտագաղթի աղէտին դիմագրաւումը փաստօրէն դարձաւ կիզակէտը հայ քաղաքական միտքի ռազմավարական որոնումներուն։
Սկզբնական շրջանին մէկ կողմէ Ատրպէյճանի պարտադրած պատերազմն ու արիւնահեղութիւնը, իսկ միւս կողմէ խորհրդային ամբողջատիրութեան փլուզումին հետեւող վայրագ հասարակափոխութիւնն ու համատարած անգործութիւնը եւ աղքատացումը պատճառ դարձան արտագաղթի առաջին ու հուժկու ալիքին աննախընթաց թափին։
Ատրպէյճանի հետ կնքուած զինադադարէն ետք որոշակի մեղմացում մը արձանագրուեցաւ արտագաղթի ճակատին վրայ։ Բայց Արցախեան Հարցին վերջնական՝ միջազգային-իրաւական կարգաւորման ձգձգումը պատճառ դարձաւ, որ պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը եւ վտանգը մեղմ կրակի վրայ վառ պահեն արտագաղթի հակումները։
Իսկ հասարակափոխութեան բերած համատարած թշուառութիւնը, աղքատացումը, անգործութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, բարոյահոգեբանական արժէքներու ոտնակոխումը ուղղակիօրէն կրծեցին ամէն կարգի դժուարութեանց տոկալու Հայուն աւանդական դիմադրականութիւնը։
Վերջին երեք տարիներուն արդէն թեւակոխած ենք արտագաղթի շարունակուող ալիքին սաստկացման նորօրեայ փուլը, որուն տուն տուող պատճառներու շարքին իր կարեւորութեամբ ամէնէն մտահոգիչը եւ անյաղթահարելին դարձած է Հայուն իր սեփական պետութենէն խորթացումը։ Օրինական եւ ստուերային իշխանութեանց սերտաճումով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած կառավարման խաթարուած համակարգը այսօր իր կարգին գլխաւոր պատճառ դարձած է արտագաղթի տրամադրութեանց բորբոքումին։ Անարդարութեան եւ կամայականութեանց դէմ ընդվզումը խոր արմատներ արձակած է մերօրեայ Հայուն մէջ, որ արդէն հեգնանքով կ՛արձագանգէ իշխանութեան վերեւի ոլորտներէն շարունակ հնչող բարեկարգման ու բարգաւաճման կեղծ խոստումներուն եւ նոյնքան ձեւական ու սնամէջ տնտեսական «փայլուն ցուցանիշներու»… քարոզչական ներբողանքին։
Զարմանալի չէ, հետեւաբար, որ Արտագաղթի Աղէտին դիմագրաւումը այս օրերուն վերստին իր առաջնահերթ նշանակութիւնը պարտադրած է Հայաստանի ներ-քաղաքական դաշտին։
Դաշնակցութիւնը վերջերս հրապարակեց Արտագաղթի Աղէտին յաղթահարման իր ռազմավարական ծրագիրը, որ ընդդիմադրութեան տարբեր թեւերուն կողմէ գնահատուեցաւ իբրեւ արմատական իշխանափոխութեան ծրագիր, իսկ իշխանամէտ ուժերուն կողմէ ընդունուեցաւ իբրեւ ազգային միասնութեան հիմք ստեղծող աշխատանքի ծրագիր։
Բայց նման՝ համազգային հնչեղութիւն ունեցող ռազմավարական որեւէ վտանգի յաղթահարման կամ զօրաշարժի շղթայազերծման համար, նախապայման է հրապարակային բաց, անկաշկանդ ու բազմաձայն բանավէճ-քննարկումը, որմէ տակաւին հեռու է Հայաստանի քաղաքական հրապարակը։
Ընդհակառակն՝ իշխանամէտ ուժերը չեն յոգնիր միակողմանիօրէն կրկնելէ այն յանկերգը, որ կառավարութիւնը մասնագիտական եւ փորձաքննական ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի նախ Աղէտին բոլոր երեսներուն մասին վիճակագրականօրէն հիմնաւորուած պատկերացում մշակէ եւ ապա, ըստ այնմ, լուծումներ առաջադրէ։
Այսինքն՝ իշխանամէտ ուժերը պարզապէս չարամտութիւն կը տեսնեն բոլոր այն շրջանակներուն եւ քաղաքական ուժերուն մօտ, որոնք ահազանգ կը հնչեցնեն Արտագաղթի Աղէտին դէմ։ Իշխանութեանց կարծիքով՝ նման ահազանգները պարզապէս «Հայաստանը սեւցնելու» նպատակ կը հետապնդեն…
Աւելի՛ն, ընդդիմադրութիւնը ուղղակի ամբաստանեալի աթոռին կը նստեցուի իշխանութեանց կողմէ, եթէ Արտագաղթի դէմ իր արձակած ահազանգներուն նաեւ միացնէ մեր երկրի իշխանաւորներուն գործած չարաշահութեանց վերաբերեալ հրապարակային մերկացումները, մանաւանդ արտասահմանի մէջ եւ օտար ատեաններու առջեւ, ինչպէս որ պատահեցաւ օրեր առաջ ՀՀ նախագահին միլիոնաւոր եւրոներ կորսնցնելու խաղամոլութեան մասին Ժառանգութեան կուսակցութեան անդամներէն Զարուհի Փոստանճեանի հարցապնդումով։
Եթէ Արտագաղթի մասին հարցապնդուած Հայաստանի քաղաքացիներուն աւելի քան 18 տոկոսը մեր երկրին մէջ տիրող անարդարութիւնները կը նկատէ արտագաղթի գլխաւոր պատճառը, այդ պարագային կառավարման ողջ համակարգը եւ յատկապէս անոր գլխուն կանգնած «ղեկավար»ը պատրաստ պէտք է ըլլան լրջօրէն հաշիւ տալու, թէ որքանո՞վ խաթարուած չեն պետական մեր պաշտօնատարները եւ, մանաւա՛նդ, ինչքա՞ն է եւ ուրկէ՞ է իրենց անձնական հարստութիւնը.- ՀՀ նախագահի կամ նախարարի ամսականը օրապահիկի համար իսկ բաւարար չէ… Իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կառավարող այրերը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր պետական պաշտօնեայ են եւ պետութեան տրամադրած ամսականներով կ՛ապրին կամ պէտք է ապրին։
Բուն հարցը Արտագաղթի Աղէտին շուրջ հրապարակային պատասխանատու բանավէճին բացակայութիւնն է։
Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարներէն Գալուստ Սահակեանը, նշած ենք ասկէ առաջ ալ, քաղաքական «հին ոսկոր» է եւ իրաւացի է, երբ արտագաղթը բնական երեւոյթ կը նկատէ…
Հայ քաղաքական միտքը երկար ճամբայ կտրած է արտագաղթի դիմագրաւման ուղղութեամբ եւ այս օրերուն, երբ Սիմոն Զաւարեանի մահուան հարիւրամեակը կ՛ոգեկոչենք, կարեւորութեամբ կ՛անդրադառնանք, որ Հայ ազգային-ազատագրական շարժման «Ընկերային Նազովրեցին» աւելի քան հարիւր տարի առաջ, 1911ին, սեւով ճերմակի վրայ կը պատգամէր, թէ՝
«Դարերու ընթացքին Հայու ֆիզիքականին ու բարոյականին վրայ կուտակուած թերութիւններն ու աղտոտութիւնները ամէնէն շատ կը վերանան գաղթականութեան հոսանքին ուժեղացումով»։
Սիմոն Զաւարեան հեռու էր արտագաղթի անյաղթահարելի հոսանքին դէմ ձեռնածալ մնալու յորդորներէն։ Ընդհակառակն՝ թէ՛ լաւատեղեակ էր ու քաջածանօթ Հայու արտագաղթին տուն տուող պատճառներուն, թէ՛ խորապէս համոզուած էր, որ ատենի Օսմանեան եւ Ցարական Կայսրութեանց արմատական բարեկարգումով եւ քաղաքական կառավարման փտած համակարգի ժողովրդավարացումով հնարաւոր է առաջքը առնել համազգային Չարիքին։
Այդ համոզումէն կը բխէր նաեւ գաղթի հոսանքին բարեբեր ազդեցութեան վրայ դրած իր գրաւը, որպէսզի եւրոպական եւ ամերիկեան յառաջդիմութեան բարիքներով պատուաստուի Հայաստանի ու հայութեան «փոքր ածու»ն։
Նոյնինքն համազգային աղէտի տարողութիւն ստացող արտագաղթի հոսանքին յաղթահարման համար, Հայաստանն ու հայութիւնը ինչպէս երէկ, նաեւ ու մանաւանդ այսօր կարիքը ունին քաղաքացիական առողջ հասարակութեանց բնորոշ արժէքներու իւրացումին ու արմատաւորումին, այլ ոչ թէ ձեւապաշտ նմանակումին կամ սնամէջ հանդերձաւորումին։