
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի «Անուշ» ճաշարանին մէջ (Քոլորատօ եւ Քոլոմպոս թաղերուն անկիւնը) տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի բնապահպանութեան նուիրուած դրամահաւաքի մը, որուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուի Հայաստանի բնապահպանութեան առնչուող «Armenia՛s Breaking Backbone» ֆիլմը:
Յայտնենք, թէ Հինգշաբթի, Օգոստոս 17ի երեկոյեան ժամը 7ին եւս, Հայաստանի բնապահպանութեան նուիրուած քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard St.), մասնակցութեամբ Եղիա Ներսէսեանի, Աննա Աղլամազեանի ու Լեւոն Գալստեանի:
Կիրակի, Հոկտեմբեր 20ին, կ.ե. ժամը 4ին, քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ (15105 Mission Hills Rd Mission Hills, CA 91345), իսկ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին, UCLA-ի Հայ ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, նման քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի «Ռոյս» շէնքի թիւ 362 սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ: