
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ ծնողներ բաւարար ծանօթութիւն եւ ինքնավստահութիւն չունին իրենց զաւակներուն հայերէնի պարտականութիւններու պատրաստութեանց գծով, Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը այս տարի ձեռնարկած է յանդուգն ծրագիրի մը՝ դիւրացնելու աշակերտներուն համար հայերէնի ուսուցումը, զայն այժմէականացնելու ու 21րդ դար փոխադրելու նպատակով:
Այսպէս, Հայերէն բաժինի ուսուցիչները պատրաստեցին հայերէն լեզուի դասերու բացատրութիւններ, որոնք խտասալիկներու վրայ արձանագրուելով՝ զետեղուեցան վարժարանիս կայքին վրայ: (Հետաքրքրոուղները կրնան այցելել www.chamlian.org կայքը, սեղմել «Academics», ապա «Departments» եւ վերջապէս՝ «Armenian Studies», որուն տակ՝ «Armenian tutoring»):
«Այս ձեւով աշակերտներուն առիթ կը տրուի իրենց հայերէն դասերը պատրաստելու, առանց ծնողներու օգնութեան, «Khan Academy» օրինակով», կը յայտնէ վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան:
«Առայժմ սկսում ենք Ա. կարգով, սակայն հետագային հասնելու ենք մինչեւ վերջին կարգերը», կ՛աւելցնէ ծրագիրի պատասխանատու Սարօ Նազարեան:
BRAVO