
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիպրահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեանի նորագոյն գործերուն ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 23-24ին, Փասատինայի «Փանտորա Ան Կրին» ցուցադրասրահին (33 West Green St.5 Pasadena, CA 91105) մէջ:
Հանրութեան պիտի հրամցուին շուրջ 30 ջրաներկ եւ իւղաներկ պաստառներ, որոնց մէջ սիրուած նկարիչը ներշնչում կը փնտռէ Կիպրոսի բնակութեան գեղեցկութեան մէջ, առանց մոռնալու իր սիրելի «Մելգոնեան»ը: æրաներկերը շարժում եւ կեանք կը հրահրեն կիսավերացական ու անսովոր ոճով, ինչ որ Վարդանի յատուկ կնիքն է: Իւղաներկերու ճոխ, վառ եւ հարազատ գոյներու գործածութեամբ, արուեստագէտը կը փորձէ բնակութեան յարափոփոխ կերպարն ու գաղտնիքները դրսեւորել՝ արտայայտչական զգայունութեամբ եւ քնարական նրբութեամբ:
Արուեստի քննադատներուն կողմէ բարձրօրէն դրուատուած տաղանդաւոր գեղանկարիչին գործերը, բացի Կիպրոսէն, ցուցադրուած են նաեւ Լոս Անճելըսի (5 անգամ), Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Լոնտոնի, Աթէնքի, Սիտնիի, Պանքոքի, Տուպայի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ՝ արձանագրելով աննախընթաց յաջողութիւն: Այս գործերէն շատերը կը գտնուին յայտնի թանգարաններու եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ:
Վարդան Թաշճեան պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, ու ստացած է շարք մը այլ մրցանակներ:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30-10, յատուկ ընդունելութեամբ մը: Յաջորդ օրը, սրահը բաց պիտի ըլլայ երեկոյեան ժամը 6էն 10: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 370-7200 թիւին: