
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Փարիզի մէջ ուսանողները բազմահազարներով ցոյցեր կազմակերպած են՝ արգելափակելով շուրջ երկու տասնեակի հասնող ուսումնական հաստատութիւններու ճամբաներն ու մուտքերը: Երիտասարդները կը բողոքէին երկիրէն արտաքսուած երկու օտար ուսանողներու համար: Արտաքսուած ուսանողներէն մէկը ազգութեամբ հայ, 19ամեայ Խաչիկ Խաչատրեանն է: Ան Հայաստան վտարուած է Շաբաթ օր:
Կը հաղորդուի, որ Խաչիկ ժամանելուն պէս ձերբակալուած է, սակայն Երեքշաբթի ազատ արձակուած է եւ Նոյեմբերի սկիզբը պիտի անցնի զինուորական ծառայութեան: Խաչիկ Խաչատրեանի ծնողները, քոյրը, փեսան եւ զարմիկները մնացած են Ֆրանսա:
Խաչիկը հինգերորդ երիտասարդ չափահասն է, որ կը վտարուի ձախերու իշխանութեան գալէն ետք: Խաչատրեանի վտարման հրամանը տրուած է Սեպտեմբեր 20ին՝ իր ծննդեան օրը:
Միւս վտարուած օտարը Քոսովոյէն 15ամեայ աղջիկ է: Զայն իր ընտանիքի անդամներուն հետ Սեպտեմբերին ուղարկած են իր երկիրը: Կը հաղորդուի, որ արտաքսումները կատարուած են ներգաղթողներու համար գործող օրէնքով:
Հայաստանի ոստիկանութենէն «Երկիրն այսօր»ին յայտնած են, որ օդակայանի ոստիկանութիւնը Խաչիկ Խաչատրեան անունով անձ մը ձերբակալուած է Փարիզ-Երեւան օդանաւի վայրէջքէն ետք, սակայն ան անմիջապէս ազատ արձակուած է, քանի որ պատրաստակամութիւն յայտնած է ծառայելու բանակին մէջ: Բացայայտուած է, որ Այգաւան գիւղի բնակիչ, 1994ի ծնունդ Խաչատրեան այս տարուան 22 Փետրուարէն հետապնդուած է՝ քրէական օրէնսգիրքի 327ի առաջին մասի յատկանիշներով՝ պարտադիր զինուորական ծառայութենէն խուսափիլ:
Ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթին համաձայն՝ Խաչիկ Խաչատրեան արտաքսուած է՝ Փարիզի խանութներէն մէկուն մէջ գողութիւն կատարած ընթացքին ձերբակալուելէ ետք: Թերթը Հոկտեմբեր 18ի թիւով ծաւալուն անդրադարձ կատարած է այս իրադարձութիւններուն՝ կանգ առնելով նաեւ Խաչիկ Խաչատրեանի դէպքին վրայ:
Ըստ թերթի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Խաչիկը իր բնակութեան վայրի՝ Փարիզի 18րդ թաղամասի քաղաքապետ, ընկերվարական պատգամաւոր, ներքին գործոց նախկին նախարար Տանիէլ Վայեանի նեցուկը ապահոված է: Վերջինս ներկայ նախարար Մանուէլ Վալսէն խնդրած է վերանայիլ հայազգի երիտասարդի թղթածրարը՝ պարզելու համար, թէ արդեօք կարելի չէ՞, որ ան վերադառնայ Ֆրանսա, ուսումը շարունակելու համար: Վայեան բացատրած է նաեւ, թէ 18 տարեկանէն Ֆրանսա գտնուելով եւ Հայաստանի մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարած չըլլալով՝ երիտասարդը կրնայ խիստ պատիժի ենթարկուիլ՝ իբրեւ դասալիք:
Խաչիկ Խաչատրեան Ֆրանսա մեկնած է 2011ի Փետրուարին՝ ծնողներուն եւ քրոջ հետ: Քաղաքական ապաստանի անոնց դիմումները մերժուած են: