
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 6ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին:
Առաջնորդ սրբազանին տնօրինումով եւ թեմիս Խառն ժողովի որոշումով, Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան նշանակուած է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ երկրորդ հոգեւոր հովիւ եւ մասնակի դրութեամբ կը ծառայէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանին հետ:
Առաջնորդ սրբազանը, Ս. պատարագին ընթացքին խօսք առնելով՝ պաշտօնապէս ծխական համայնքի զաւակներուն ներկայացուց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ երկրորդ հոգեւոր հովիւը, որ այս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց իր անդրանիկ պատարագը: