
ԵՐԵՒԱՆ.– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ գումարուած «Եկեղեցի եւ պետութիւն փոխյարաբերութիւններ. հրամայականներ եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը 19 Հոկտեմբերին եզրափակեց իր աշխատանքները։
Երկօրեայ գիտաժողովին ընթացքին «Եկեղեցի եւ պետութիւն փոխյարաբերութիւնների տարբեր մոդելներն այսօր» նիւթին մասին բանախօսեցին Սերգէյ քահանայ Մատիւշինը (Ռուս Ուղղափառ եկեղեցի) եւ Ասատուր Նահապետեանը (Երեւանի Հայ աւետարանական-Մկրտական քրիստոնեաներու եկեղեցի): «Կրօնական ազատութեան բնագաւառում միջազգային օրէնքներն ու չափորոշիչները» նիւթին մասին զեկոյցներով հանդէս եկան դոկտոր Փեթեր Քրոմերը (Աւստրիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ ղեկավար), մագ. Էլիզապեթա Քիտանովիչը (Եւրոպական եկեղեցիներու կոնֆերանս, Եկեղեցի եւ հասարակութիւն յանձնաժողովի մարդու իրաւունքներու գծով գործադիր քարտուղար), Եւրոպական կառոյցներուն մէջ Կիպրոսի Ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Հայր Նեկտարիուս Իոանիուն եւ Խօսէ Լուիս Պազան (Գաղթականութեան գծով իրաւական խորհրդատու, կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Եւրոպական յանձնաժողով):
«Եկեղեցի եւ պետութիւն փոխյարաբերութիւնները Հայաստանում. հնարաւորութիւններ եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրով չորրորդ նիստը սկսաւ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գրիգոր Մուրադեանի զեկոյցով: Այնուհետեւ բանախօսութիւններով հանդէս եկան նաեւ դոկտոր Թոմաս Սամուէլեանը (Հայաստանի մէջ Ամերիկեան համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի ղեկավար), Արտակ Զաքարեանը (Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին հարցերով մնայուն յանձնաժողովի նախագահ) եւ Տիգրան Մեսրոպեանը (Հայաստանի Կառավարման ակադեմիա, քաղաքագէտ):
Գիտաժողովի եզրափակիչ նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ քննարկում՝ «Եկեղեցու դերը Հայաստանի հասարակական կեանքում. մարտահրաւէրներ եւ հեռանկարներ» նիւթին շուրջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ կրօնական փոքրամասնութիւններու հետ յարաբերութիւններուն, միացեալ ջանքերով փորձառութիւններուն, մօտեցումներուն եւ տեսակէտներու փոխանակման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ իրաւունքները ոտնահարող գործընթացներու կանխարգելման վերաբերող հարցերու:
Գիտաժողովի աւարտին Ս. Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն, Արթիկի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ գիտաժողովին մասնակցութեան համար եւ ընդգծեց, որ նման նախաձեռնութիւններու ընթացքին փոխադարձ փորձառութիւններու փոխանակման միջոցով առաւել պիտի նպաստեն երկխօսութիւններու զօրացման: Դրական գնահատելով եւ ամփոփելով երկօրեայ գիտաժողովին արդիւնքները՝ մասնակիցները կարեւոր նկատեցին նման գիտաժողովներու գումարման շարունակական ըլլալը։