
Կիրակի, Հոկտեմբեր 20ին, Տեսինի մէջ, Մշակոյթի նախարարուհի Օրելի Ֆիլիփէթիի, սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի, Լիոնի եւ Տեսինի քաղաքապետներ՝ Ժերար Քոլոնի եւ Ժերոմ Սթիւրլայի, Ռոն-Ալփի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Ժան-Ժագ Քերանի, առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի, բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններու, Տեսինէն եւ մերձակայ քաղաքներէն ժամանած հոծ բազմութեան մը ներկայութեան կատարուեցաւ Հայ ազգային յուշագրութեան կեդրոնին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: «Երբեք չմոռնանք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1915ին: Վերյիշենք զայն Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ աշխարհի երեխաներուն, աշխարհ մը՝ ուր Մարդ արարածը կը մոռնայ իր մարդկութիւնը. անցեալ դարը այնքա՜ն աղէտալի օրինակներ հրամցուց մեզի», ըսաւ Օրելի Ֆիլիփէթի եւ աւելցուց. «Պատմական աշխատանքը պէտք է շարունակել… Բայց դէպքերը հաստատուած են եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետութեան կողմէ օրէնքով մը ընդունուած է»:
Ֆիլիփէթի ըսաւ, նաեւ որ Հայոց Ցեղասպնութեան ժխտումը ան-ընդունելի է: «Ըստ Հանրապետութեան ղեկավարին յանձնառութեան՝ կառավարութիւնը կ՛ուսումնասիրէ ժխտումի հարցին մէջ զգօնութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ իրաւաբանական միջոցներ, որոնք կը յարգեն մեր Սահմանադրութեան տրամադրութիւնները եւ միջազգային ու եւրոպական մեր պարտաւորութիւնները», յայտնեց նախարարուհին:
Իր խօսքին մէջ, Յուշագրութեան կեդրոնի նախագահուհի Քաթիա Պուտոյեան նախ ընդգծեց, որ այս վայրը բաց է բոլորին առջեւ եւ բացատրեց, որ հետապնդուած նպատակն է՝ «գերազանցել աւանդական մշակութային կեդրոնի սահմանը, առաջարկելով դասախօսութիւններ եւ ցուցահանդէսներ, որոնք մաս կը կազմեն խորհրդածութեան կալուածին»:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Լիոնի քաղաքապետ Ժերար Քոլոն, կեդրոնի նախագահ Ժիւլ Մարտիրոսեան եւ ներկայ անձնաւորութիւններէն ոմանք:
Յուշագրութեան կեդրոնը 900 քառ. մեթր տարածութեամբ արդիական շինութիւն մըն է: Ունի մասնագիտական գրադարան մը, 100 քառ. մեթր տարածութեամբ, դիւաններու բաժին մը եւ 80 հոգիի համար նախատեսուած դասախօսութեան սրահ մը:
Կեդրոնին փաստագրական պաշարը կը հանդիսանայ 12,000 հատորէ եւ աւելի քան 110,000 փաստաթուղթէ, որոնք կը վերաբերին Հայոց Պատմութեան, յիշատակներու, լեզուի, մշակոյթի, գեղարուեստներու եւ գաղթի նիւթերուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքներու կեանքին:
Աստիճանաբար պիտի ստեղծուի համալսարանականներու խումբ մը՝ ընկերակցելու համար ուսանողներուն, ուսումնասիրութիւններ կատարելու ու աւարտաճառեր պատրաստելու համար: Տարուան ընթացքին կեդրոնին մէջ պիտի կազմակերպուի 11 դասախօսութիւն-վիճարկում: Նաեւ դպրոցականներ պիտի կարենան այցելութիւն կատարել:
Կիրակի օր, երկու ցուցահանդէսներ բացուած էին: Մէկը կը կոչուէր՝ «Վերակերտուիլ աքսորի մէջ. Հայ գաղթականներու Ֆրանսա ժամանումը», իսկ միւսը՝ «Հայ գիրքը Վերածնունդէն մինչեւ Զարթօնքի շրջան. Սփիւռքի մէջ մշակոյթ մը»:
Նշենք նաեւ, որ Յուշագրութեան կեդրոնի շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2010ին: Շինութեան ծախսերուն կէսը ապահովուած է հանրային-անձնական գանձատրումով, իսկ միւս կէսը՝ նուիրատուութիւններով:
Ըստ տնօրէնուհիին՝ առայժմ կեդրոնը ունի երեք պաշտօնեայ, բայց շուրջ երեք տասնեակ կամաւորներ ալ իրենց ներդրումը կը բերեն անոր: