Հոկտեմբեր 15ին, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ կայացաւ ժողովրդական նուագարանի՝ դհոլի, դասարանի հանդիսաւոր բացումը: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան օժանդակութեամբ եւ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի աջակցութեամբ, Թիֆլիսահայ 7-15 տարեկան պատանիներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ սորվելու դհոլ նուագելու վարպետութիւնը:
Շնորհահանդէսին ներկայ էին սովորիլ ցանկացող հայորդիները եւ իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ ազգային նուագարաններով հետաքրքրուող անձեր:
Շնորհանդէսին բացումը կատարելով, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի համակարգող Լեւոն Չիդիլեան ներկայացուց ուսուցիչ Ռոբերտ Կաշաւանիձէն, որ դհոլահար է եւ երկար տարիներ նուագակցած է տարբեր ժողովրդական համոյթներու եւ անհատ կատարողներու ելոյթներուն: Կենդոնի համակարգողը կարեւորեց Վիրահայոց թեմի հովանաւորութիւնը եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութիւնը դասընթացքներու կազմակերպման եւ դհոլներով դասարանը ապահովելու գործին մէջ:
Ողջունելով դհոլի դասարանի բացումը, Վիրահայոց թեմի առաջնոորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան յիշեց ժողովրդական երգի եւ երաժշտութեան տարածման նուիրեալ, ազգային նուագարաններու վարպետ նուագող երջանկայիշատակ Մուկուչ Ղազարեանը, որուն ջանքերուն շնորհիւ Թիֆլիսի մէջ հիմնուեցաւ «Սայաթ Նովա» ժողովրդական երգի-պարի համոյթը եւ որուն դհոլահարը այդ ժամանակ եղած է ներկայիս ուսուցիչը:
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց ազգային նուագարաններու վարպետութեան տիրապետելուն եւ սերունդներուն փոխանցելուն ուղղուած քայլերը եւ դասընթացքներուն յաջողութեան իր օրհնութիւնը փոխանցեց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.