ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սիրելի Մեսրոպ Մաշտոց, Մեծ Վարդապետ, Մեծ Հայ,
Վստահ եմ, Օշականի բարձունքէդ՝ անմահութեանդ պատուանդանէն կը հետեւիս հայկական մեր աշխարհի իրադարձութիւններուն եւ իմացած ես, որ այս տարի կը տօնենք ծննդեանդ 1650րդ տարեդարձը։ Հանդիսութիւններ, խորհրդաժողովներ եւ յոբելենական ձեռնարկներ կը կազմակերպենք մեր հոգիներուն մէջ յարատեւ պահելու համար գիւտիդ փառքը, հպարտանալու՝ որ միակ ժողովուրդն ենք, որ գիտէ թէ ո՛վ է իր գիրերուն հնարիչն ու մեր գոյատեւման հիմերը հաստատողը։ Կը յիշենք ու կը փորձենք վերապրիլ այն տագնապը, որ քեզ ու գործակիցներդ մղեց նախաձեռնելու հայերէն գիրերու որոնման, ամրագրման, գլուխ կը խոնարհենք գործիդ անչափելի արժէքին առջեւ, մեր գլուխները կը բարձրացնենք ժառանգութեանդ հաւատարիմ մնալու ձգտումով։
Կը վերադառնանք ապրած օրերուդ պատմութեան. կը վերյիշենք, որ առանց հաղորդակցութեան մերօրեայ միջոցներուն, առանց արագ տեղափոխութեան նորօրեայ հնարքներուն, մեր ժողովուրդը՝ իշխանական դասով ու հասարակ մահկանացուներով, ինչպիսի՜ խանդավառութեամբ, համաժողովրդային ցնծութեամբ ողջունած է քեզ ու գործակից-աշակերտներդ, երբ իմացած է հայ տառերով Հայաստան վերադարձիդ աւետիսը։ Ազգն ամբողջ տօնած է մեծ գործդ, յետոյ, դարեր շարունակ, հայութեան պատկանելիութեան, հաւատարմութեան ուխտը պահած է ընդդէմ հուրի ու սուրի, ընդդէմ ցեղասպանական արարքներու, ընդդէմ աւերող ու հրկիզող արշաւանքներու։
Դարերէն եկող ու դարերու ձգտող մեր հպարտանքն ու ուրախութիւնը կը զգաս մեզի հետ, ինչ որ անխառն չեն այսօր։ Կ՛ապրինք վիճակներ, որոնց համար պէտք է քեզմէ ներողութիւն խնդրենք։ Իսկ Դուն՝ Մեծագոյն Հայ, հաւանաբար ներես մեր կարգ մը յանցանքները, սակայն նաեւ կը խնդրեմ, որ չներես… աններելիներուն։
Ներէ մեր մատղաշ սերունդներուն, որոնք կը տարուին իրենց շրջապատի ազդեցութիւններով ու կը հեռանան հայերէնէն, քու ստեղծած գիրերովդ ստեղծուած դարաւոր ժառանգութիւններէն, սակայն մի՛ ներեր բոլոր անոնց՝ երէց սերունդի այն բոլոր ներկայացուցիչներուն, որոնք կամայ թէ ակամայ, ուղղակի թէ անուղղակի կերպով կը քաջալերեն նոր սերունդներուն օտարացումը, ազատականութեան անուան տակ աններելի ազատամտութիւն կը խաղան։
Մի՛ ներեր անոնց, որոնք մեր մշակոյթի բազմագանձ հարստութիւններէն հեռու կը պահեն մեր մանուկներն ու պատանիները, հրապարակ կը նետեն նշանախօսքեր, ըստ որոնց՝ լաւ հայ ըլլալու համար հայերէն գիտնալ-սորվիլը անհրաժեշտ չէ, կամ կը փորձեն հայերէնի գրաւչութիւնը կապել անպայման նիւթական կալուածներու, «հայերէնը փոր չի կշտացներ»ի «գաղափարախօսութեան» դիմաց լուծման միջոցներ կ՛որոնեն հարցը «փորի մշակոյթ»ի ակնոցով դիտելով։ Մի՛ ներեր անոնց, որոնք այսօրուան աշխարհի հարկադրանքները դրօշի վերածելով՝ հաւկուրութիւն կը խաղան նո՛յն այս աշխարհի այն իրականութիւններուն դիմաց, ուր այլ ժողովուրդներ իրենց մայրենի լեզուն անպայման չեն կապեր ապրուստի միջոցներու, այլ իրենց լեզուին տիրութիւն կ՛ընեն՝ որովհետեւ ծնած են ու իրենց մօր կաթը խմած են այդ լեզուով, կ՛ապրին ու կը հաղորդակցին իրենց սեփական մայրենիով, զայն կը նկատեն իրենց գոյութեան նպատակն ու միջոցը՝ միաժամանակ, կը դաւանին, որ առանց սեփական լեզուի վերապրումին ու գոյատեւման, իրենք ալ պիտի անցնին հիթիթներու եւ սումերացիներու ցանկին…
Ներէ՛ բոլոր անոնց, որոնք իբրեւ թէ արդիականութեան ու նորարարութեան հետամտութեամբ, հայերէն կը գրեն-կը խօսին այլ լեզուներու խառնուրդով մը, շեղելով քու աւանդներէդ ու պատգամներէդ։ Քու դարուդ, երբ օտար լեզուներով «աղցան» ստեղծելը շատ աւելի պարտադիր էր, դուն օտարաբանութիւններէ զերծ մնալու ուժեղ պատգամ մը եւ հսկայական ժառանգութիւն մը արձանագրեցիր ու կտակեցիր մեզի. քեզմէ առաջ իսկ ծաղկած ու զարգացում ապրած Հայերէնը գիրերո՛վ հայացուցիր ու վերջնական կնիքը դրիր այն հարստութեանց վրայ, որոնք մեր սեփականութիւնն են ու պիտի ըլլան։ Յաջորդական դարերու, Խաչատուր Աբովեաններէ առաջ ու ետք շատեր կրկնեցին այն պատգամը, որ օտար լեզուներու ծանօթացումը պէտք չէ ըլլայ ի հեճուկս մայրենիին։ Սակայն մի՛ ներեր անոնց, որոնք գիտակցաբար կ՛աղճատեն քու հաստատած լեզուի օրէքներդ, կանոններդ, որոնցմէ գլխաւորը կը կրէ քու անունդ եւ կը կոչուի Մեսրոպեան Ուղղագրութիւն։ Մի՛ ներեր այն առեւտրամիտ լեզուագէտներուն, մտաւորականներուն, պետական գործիչներուն եւ մինչեւ իսկ այն հոգեւորականներուն, որոնք մեր ժողովուրդին միասնութեան քու պատգամդ թութակելով հանդերձ, կը յամառին պահպանել բաժանումի այն քաղաքականութիւնը, որ մօտաւորապէս դար մը առաջ պարտադրուեցաւ հայութեան ու Հայաստանին, աշխարհագրական ու քաղաքական բաժանուածութեան կողքին՝ նաեւ լեզուի այս կալուածին մէջ։ Դուն, որ քու օրերուդ եղար գիտնականներու մեծագոյններէն, եղար մեր լեզուի ուսուցիչն ու օրէքները կնքողը, մի՛ ներեր անոնց, որոնք կը ժպրհին քեզմէ ու հաւատարիմ հետեւորդներէդ աւելի՛ իմատուն դաւանիլ իրենք զիրենք, հազար ու մէկ պղտոր աղբիւրէ ջուր կը բերեն հնամաշ ու խարխլած ջաղացքի մը, պատճառաբանելու՝ թէ քու անունդ կրող ուղղագրութեան վերականգնումը (իբրեւ թէ) գործնական մեծ դժուարութիւններ պիտի ստեղծէ, կամ՝ վիճելի մանրուքներու պատանդը թողած են հիմնական օրէնքին վերականգնումը. լուսաւորեալ խաւարամիտները կը մոռնան, որ սխալին որդեգրումն ու կիրարկումն ալ օրին դժուարութիւններ ստեղծեց, կը մոռնան, թէ սխալին մասնակի սրբագրումը՝ երկու տասնամեակ ետք, նմանապէս դժուարութիւններ ստեղծեց, սակայն դժուարութիւնները լուծում գտան կարճ ժամանակի մէջ։ Այսօր ալ ճիշդին վերականգնումը իր դժուարութիւնները պիտի լուծէ քանի մը տարիէն, իսկ եթէ դրօշին, զինանշանին ու այլ ազգային արժէքներուն հետ վերականգնած ըլլար շուրջ 20 տարի առաջ, մենք արդէն այս մեղքէն ձերբազատած ու զայն մոռցած պիտի ըլլայինք այսօր…
Ներէ՛, Վարդապետ, գիտութեան ու գիտակցութեան պակասէ տառապողներուն, սակայն մի՛ ներեր գիտակցաբար մեղանչողներուն։ Ասոնք ըլլան 1650ամեակիդ առիթով վերականգնող պատգամներդ։
Գիտեմ, որ պիտի մտածես, թէ պէտք է 77 անգամ 7 ներել սխալողներուն, սակայն որքա՞ն պէտք է ներել այս սահմանը անցնողներուն, հանդուրժել սահման չճանչնցո՜ղ յամառներուն, որոնք կը մարմնաւորեն մահացու բոլոր մեղքերը, քիչ մըն ալ աւելին, որովհետեւ մայրենիին նկատմամբ այս անտարբերութիւնը մահացու է մեր ժողովուրդին համար, զայն կարելի չէ դիտել անհատի մը արձանագրած մահացու մեղքերու սահմանին մէջ։