ԿԱՊԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սիւնիքի մէջ այս տարուան ինը ամիսներուն արձանագրուած է 1078 ծնունդ, 915 մահ, որուն 9ը՝ 0-1 տարեկան երեխաներ: Մարզին մէջ բնակչութեան բնական աճը կազմած է 163 հոգի:
Մարզպետարանի աշխատակազմի առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովութեան վարչութեան համաձայն, Սիւնիքի մէջ ծնունդներուն 97.5 տոկոսը կատարուած է ծննդաբերութեան օգնութիւն տրամադրող մարզային 5 բժշկական կեդրոններուն մէջ, ուր կեսարեան հատումներու կշիռը կազմած է 17.4 տոկոս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.