
ԵՐԵՒԱՆ.– Նշանաւոր «Սամսոնկ» ընկերութիւնը «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին «Սամսոնկ» նորագոյն թուային «Էքս. Ռէյ» հետազօտութեան սարք նուիրած է:
Նուիրատուութիւնը կատարուած է «Սամսոնկ» ընկերութեան համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրի ծիրին մէջ: Հայաստանը յետխորհրդային տարածաշրջանին մէջ առաջինն է, ուր այս տարողութեամբ ծրագիր իրականացուած է 2013 թուականին։
Կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, «SAMSUNG XGEO GC80-ը թուային ունիւերսալ ռենտգենոգրաֆիկ ապարատ է, որի բոլոր բաղկացուցիչները հեռակառավարուող են, որը նախադէպը չունի շուկայում: Ապարատը ունի բարձր թողունակութիւն, ամբողջութեամբ մեքենայացուած է, ապահովում է բոլոր տեսակի շարժումների աւտոմատացում: Նորագոյն թուային տեխնոլոգիաները ապահովում են ռենտգենային պատկերի առաւել բարձր որակ, նուազագոյն ճառագայթման պայմաններում: Թուային դիսպլէին ռենտգենոլոգիական հետազօտութիւնների արդիւնքների ցուցադրման շնորհիւ SAMSUNG XGEO-GC80 զգալիօրէն նուազեցնում է հետազօտութեան տեւողութիւնը»:
Հայաստան առաջինն է, որ նման արդի եւ կարեւոր սարք ունի։
Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, թէ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեանի ընկերակցութեամբ այցելած է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորի»չ բժշկական կեդրոն, ծանօթացած է կեդրոնը համալրած ժամանակակից թուային սարքաւորման կարելիութիւններուն:
Սարքաւորումը առիթ կու տայ մէկ ժամուան ընթացքին հետազօտել շուրջ 200 հիւանդ։