
«Մեր խմբագրապետը՝ Ռ. Հատտէճեան, 27 Հոկտեմբերին որպէս «Մարմարա»ի խմբագրապետ լրացուց իր ծառայութեան 46ամեակը եւ ոտք դրաւ 47րդ աշխատանքի շրջանի սեմէն ներս», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը:
«Ռ. Հատտէճեան «Մարմարա»ի ղեկը ստանձնած է 27 Հոկտեմբեր 1967ին եւ այդ օրէն սկսեալ թէ՛ որպէս սրատես եւ բանիմաց լրագրող, անմրցելի բեմբասաց, եւ թէ, մանաւանդ, որպէս բազմարդիւն եւ ներհուն գրագէտ, իր առաջնորդող յօդուածներով, հաւասարակշռեալ լրատուութեամբ, հիւթեղ եւ առինքնող գրականութեամբ, առաջատարը եղաւ լրագրական եւ գրական զարթօնքի մը, անհատուցանելի ծառայութիւն մատուցանելով մեր ազգային, համայնքային եւ մշակութային կեանքին, նաեւ հանդիսանալով աշխարհի մէջ հայ լրագրական ասպարէզէն ներս ամէնէն երկարատեւ շրջանով ծառայող խմբագրապետը», իր կարգին կր գրէ «Ակունք» թերթը:
«Այս խիստ ուրախալի տարեդարձին առիթով, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր խմբագրապետը եւ կը մաղթենք իրեն առողջութիւն եւ նորանոր աշխատանքի արեւոտ օրեր», կ՛եզրափակէ «Մարմարա»: