ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս յայտնի է, վերջերս հրապարակուած Ժողովրդավարացման ծրարի տնօրինութեամբ, դպրոցներէն ջնջուեցաւ աշակերտներուն ամէն առաւօտ «Թուրք եմ, պարկեշտ եմ, աշխատասէր եմ» ըսել տուող երդումը։
Նշեալ երդումը ընելու ստիպուած էին նաեւ քիւրտ կամ հայ աշակերտները։ Մինչ յառաջադէմ շրջանակները գոհունակութեամբ ողջունեցին այս որոշումը, ազգայնապաշտ շրջանակներուն համար պարագան նոյնը չէր։ Օրինակ՝ «Հանրապետութեան զօրակցութեան հարթակ» կոչուած մարմինը Հանրապետութեան տօնին առիթով կոչ ըրաւ, որ մէկ միլիոն քաղաքացի Հանրապետութեան օրը հաւաքուի Իզմիր ու միասնաբար արտասանէ երդումը։ Կոչը իրականացաւ, բայց ոչ թէ մէկ միլիոն հոգիով, այլ՝ մօտաւորապէս հարիւր հազարով։ Ցուցարարները կը կրէին կառավարութեան հրաժարումը պահանջող կոչեր ու իրենք զիրենք կը կոչէին «Աթաթիւրքի զինուորներ»։
Այս արարքով, անոնք յայտնի դարձուցին, թէ տակաւին երկիրին մէջ կան մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնք այս երկիրին մէջ միայն «թուրք»եր տեսնել կը ցանկան։ Այս կոչին զօրակցած էին գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնն ու Աթաթիւրքեան մտածողութեան միութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.