ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է եկեղեցաշինութեան վերաբերեալ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի կատարած քննադատութիւններուն: Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ պէտք է յարգել Թուրքիա բնակող թէ՛ քրիստոնեայ հայերուն եւ թէ անհաւատներուն իրաւունքները:
Էրտողան Վանի մէջ յայտարարած է. «Մէկը կ՛ըսէ՝ «մզկիթ պիտի քանդես», միւսը կ՛ըսէ՝ «ժողովուրդի տուրքերով Աղթամարի եկեղեցին կը վերանորոգես: Երբ ես ըսի, որ անհրաժեշտութեան պարագային՝ մզկիթ ալ պիտի քանդենք, ըսի նաեւ, որ ատոր փոխարէն, ատոր մօտ աւելի լաւը պիտի կառուցենք: Ինչ կը վերաբերի Աղթամարի եկեղեցիին, ապա այստեղ հայ քաղաքացիներ ալ կան, չէ՞. անոնց իրաւունքներն ալ պէտք է պաշտպանուին, չէ՞: Մեր երկիրին մէջ առեւտուրով զբաղող հայերը տուրք չե՞ն վճարեր: Անոնց կրօնական իրաւունքներն ալ պէտք է յարգուին, պաշտամունք կատարելու կարելիութիւն պէտք է ունենան եւ ատիկա մեր պարտքն է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.