ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի «Հայ Շարժում» թերթի Հոկտեմբեր, 2013ի թիւէն կը տեղեկանանք, թէ Հայկական ֆիլմի տարեկան 15րդ փառատօնին համար ֆիլմեր սկսած են ընդունուելու:
Շարժապատկերները պէտք է պատրաստուած ըլլան հայ բեմադրիչներու կողմէ, կամ պէտք է ըլլան հայ գրողներու ստեղծագործութիւնը: Կ՛ընդունուին նաեւ հայկական նիւթով ֆիլմեր, որոնք կրնան որեւէ լեզուով ըլլալ, սակայն պէտք է անգլերէն ենթախորագիրներ ունենան:
Մասնակցիլ փափաքողները կրնան իրենց ֆիլմերէն օրինակներ ուղարկել (DVD, NTSC) հետեւեալ հասցէին՝ Armenian Film Festival, Armenian Studies Program, 5245 N Backer Ave. PB4, Fresno, CA 93740-8001:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.