Արամ Խաչատրեանի 110ամեակին Նուիրուած Աննախընթաց Ելոյթ.
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15ին Հայաստանի Ազգային Կամերային Նուագախումբը՝ «Ալեքս» Համերգասրահին Մէջ
Վարեց՝ ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Համատեղ գործակցութեամբ International Competitions and Festivals, Inc. կազմակերպութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15ի երեկոյեան ժամը 8ին, Կլենտէյլի «Ալեքս» վերանորոգուած համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ իր տեսակին մէջ եզակի երաժշտական երեկոյ մը: Ելոյթ պիտի ունենայ բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր, Հայաստանի ազգային կամերային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ նոյնքան հանրայայտ ֆրանսաբնակ երաժիշտ Վահան Մարտիրոսեանի: Յատկապէս այս առթիւ հեռակապով հարցազրոյցի հրաւիրեցինք յարգելի մայէսթրօ Վահան Մարտիրոսեանը, որ սիրով պատասխանեց մեր հարցումներուն:
Ո՞վ է Վահան Մարտիրոսեան
Հայաստանի Ազգային կամերային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Վահան Մարտիրոսեան ծնած է Երեւան: Երաժշտական կրթութիւնը ստացած է Սպենդիարեանի անուան երաժշտական դպրոցէն ներս, աշակերտելով Արքուհի Յարութիւնեանի դաշնամուրի դասարանին: 1993ին ընդունուած է Փարիզի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցը (փրոֆ. Ժագ Ռուվիէի դաշնամուրի դասարան):
Կամերային (սենեկային) երաժշտութեան դասեր առած է փրոֆ. Ժան Մույէրէն եւ հիմնած է «Մարտիրոսեան» եռեակը:
1996ին աւարտած է Փարիզի երաժշտանոցը. ստացած է դաշնամուրի եւ կամերային երաժշտութեան Առաջին մրցանակը եւ կոնսերվատորիայի Բարձրագոյն վկայականը՝ հնարաւորութիւն ստանալով կատարելագործուելու Ժագ Ռուվիէի ղեկավարութեան տակ եւ մասնակցելու Գ. Շեբոկի, Դ. Բաշկիրովի, Ք. Ֆրանկի վարպետութեան դասընթացքներուն:
Հիւրախաղերով ելոյթներ ունեցած է շուրջ քսան երկիրներու հեղինակաւոր համերգասրահներուն մէջ՝ լաւագոյն նուագախումբերու հետ եւ նշանաւոր խմբավարներու ղեկավարութեամբ: Մասնակցած է նաեւ միջազգային փառատօներու, հանդէս գալով այնպիսի յայտնի երաժիշտներու հետ, ինչպէս Մ. Ռոսթրոփովիչը եւ Ի. Կիթլիսը:
Վահան Մարտիրոսեան ձայնագրած է բազմաթիւ ձայնասկաւառակներ, որոնցմէ «Armenia»ն ստացած է «Le Monde de la Musique» ամսագիրի 2007ի «Տարուան Սկաւառակ» կոչումը:
Դաշնակահարի գործունէութեան կողքին, Վահան Մարտիրոսեանը բացառիկ խմբավար է: 1990ին երաժիշտ ընկերներու հետ կազմակերպած է Հայաստանի Գեղագիտութեան կենտրոնի երիտասարդական կամերային նուագախումբը, որ ղեկավարած է երկու տարի: 2005ին Վահան Մարտիրոսեան Քուրթ Մազուրի կողմէ հրաւիրուած է Նիւ Եորք, ուր ղեկավարած է «Մենհեթըն Սքուլ»ի նուագախումբը:
Վահան Մարտիրոսեան նաեւ «Մայէստրիա» կամերային նուագախումբի հիմնադիրն է, որուն հետ ելոյթներ ունեցած է Ֆրանսայի ամենահեղինակաւոր համերգասրահներուն մէջ:
Ան պարբերաբար հանդէս կու գայ որպէս հիւր խմբավար՝ ղեկավարելով Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, Սթրազպուրկի ֆիլհարմոնիք եւ Ֆրայպուրկի սիմֆոնիք նուագախումբի երաժիշտներէն բաղկացած «Ամալգամ» նուագախումբը, Քաննի նուագախումբը, Թուլոնի օփերայի նուագախումբը, Նովոսիպիրսքի կամերային նուագախումբը:
Համագործակցած է հռչակաւոր մենակատարներու հետ, եւ իր նուագացանկը շատ ընդգրկուն է՝ ներառնելով պարոք ժամանակաշրջանէն մինչեւ մեր օրերը:
2010թ. Սեպտեմբերէն ի վեր Մարտիրոսեան Caen-ի սիմֆոնիք նուագախումբին գլխաւոր խմբավարն է: Իսկ 2011էն ի վեր Հայաստանի Պետական կամերային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարն ու գլխաւոր դիրիժորն (խմբավարն) է:
Հայաստանի Պետական Կամերային Նուագախումբը (ՀՊԿՆ)
2012-2013 համերգաշրջանին ՀՊԿՆը նշեց իր բեղմնաւոր գործունէութեան 50ամեակը:
Նուագախումբի հիմնադրութեան եւ զարգացման մէջ հսկայական դեր կատարած է առաջին ղեկավար, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Զարեհ Սահակեանցը: Ստեղծուած կայուն աւանդոյթները իւրովի զարգացուցած եւ հարստացուցած են նուագախումբին յաջորդ գեղարուեստական ղեկավարները՝ Կոստանդին Բաղդասարեանը (1975էն), Ռուբէն Ահարոնեանը (1982էն) եւ Արամ Ղարաբէկեանը (1997էն): 2011ին ՀՊԿՆի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր դիրիժոր նշանակուած է Վահան Մարտիրոսեանը:
Այս ամառ, Հայաստանի Պետական կամերային նուագախումբը Արամ Խաչատրեանի 110ամեակին առթիւ մասնակցեցաւ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ մէջ կազմակերպուած շարք մը միջազգային փառատօներու:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Ներկայիս դուք կ՛ապրիք Ֆրանսա եւ հոն կը ղեկավարէք սիմֆոնիք այլ նուագախումբեր ալ: Ձեր նուագախումբերը հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ ալ կը կատարե՞ն:
ՎԱՀԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Ֆր-անսիայում եւ այլուր բազմաթիւ անգամներ կատարել եւ կատարելու եմ հայ կոմպոզիտորների ստեղծագործութիւններ:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Դուք որպէս դաշնակահար թէ խմբավար նախապէս հիւրախաղերով հանդէս եկա՞ծ էք Լոս Անճելըսի մէջ:
ՎԱՀԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Հիւրախաղային առաջին այցելութիւնն է Լոս Անջելես, իսկ ԱՄՆում ելոյթներ են եղել Նիւ Եորք («Քարնեկի Հոլ») եւ Ֆրեզնօ՝ ե՛ւ իբրեւ դիրիժոր, ե՛ւ իբրեւ դաշնակահար:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս բացատրել ընթերցողներուն կամերային, սենեկային նուագախումբը: Նմանութիւններն ու տարբերութիւնները սիմֆոնիք նուագախումբի, օրքեսթրայի հետ:
ՎԱՀԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Արդէն իսկ անունը յուշում է՝ սենեկային, այսինքն սենեակային: Սիմֆոնիք նուագախումբը կամերային նուագախմբի ընդլայնուած տարբերակն է, որտեղ, ի տարբերութիւն կամերային նուագախմբի, մեծ տեղ է տրուած փողային եւ հարուածային գործիքներին: Կամերային նուագախմբում, իր փոքր չափերի պատճառով, իւրաքանչիւր երաժշտի վարպետութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Գոյութիւն ունի՞ արդեօք քաղաքականութիւն մը, ուղեգիծ մը, որպէսզի հայկական դասական երաժշտութիւնը լայնօրէն տարածուի տարբեր երկիրներու մէջ:
ՎԱՀԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Մեծ անհրաժեշտութիւն կայ այդ քաղաքականութիւնն ունենալու, սակայն դեռեւս քարոզւում է շատ անորակ եւ կասկածելի «հայկական» երաժշտութիւն: Իսկ Մոցարտ կատարելով ոչ թէ քարոզւում է աւստրիական երաժշտութիւն, այլ համամարդկային հանճարը:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կրնայ աջակցիլ արտասահմանի, եւ յատկապէս Ամերիկայի հայ համայնքը, որպէսզի աշխարհին ըստ արժանւոյն ներկայացուին Հայաստանի երաժշտական լաւագոյն կատարողական նուագախումբերը եւ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները:
ՎԱՀԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Կարծում եմ, որ այն, ինչ դուք այժմ անում էք, ի դէմս ձեզ, վառ ապացոյցն է հայ համայնքի դրական վերաբերմունքին երաժշտութեան եւ կատարողների նկատմամբ: Այսպիսի ակցիաները բազմապատկելով, յուսով եմ, որ Սփիւռքի աջակցութեամբ մենք կը կարողանանք բաց ճակատով մեր ստեղծագործական եւ կատարողական վարպետութիւնը ներկայացնել համաշխարհային խստապահանջ ունկնդրին:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Յաջողութիւններ եւ դժուարութիւններ անշուշտ թէ կան. օրինակ՝ հովանաւորներ, ֆինանսական վիճակ, աշխատավարձ, գործիքներու պահանջք…
ՎԱՀԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Այն ինչ նշում էք, կազմում են մեր ամենակարեւոր խնդիրները, իսկ յաջողութիւնների մասին վկայում են մեր լեցուն դահլիճների ունկնդիրները:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Այս այցելութեան շարժառիթը Արամ Խաչատրեանի յոբելեանն է: Ինչպէ՞ս ծնունդ առին այս հիւրախաղերը Միացեալ Նահանգներու մէջ:
ՎԱՀԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներում Արամ Խաչատրեանի 110ամեայ յոբելեանական համերգները նախաձեռնուեցին գործակցութեամբ ամերիկեան International Competitions and Festivals, Inc. կազմակերպութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան: Այս շրջանակներում արդէն իսկ յաջողութեամբ ելոյթներ ենք ունեցել Ֆրանսիայում եւ Շուէյցարիայում եւ մեր նուագախմբի համար շատ հաճելի է այս համերգաշարն աւարտել ԱՄՆի բազմահազարանոց հայ ունկնդրի առաջ:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Նոր ծրագիրներ, մարտահրաւէրներ:
ՎԱՀԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Ունենք բազմաթիւ հիւրախաղերի հրաւէրներ Եւրոպայից, աշխարհի շատ երկրներից եւ Հայաստանի մարզերից:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն մայէսթրօ Մարտիրոսեան: Ձեզի կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ, իսկ մենք անհամբեր կը սպասենք Նոյեմբեր 15ի ելոյթին «Ալեքս» համերգասրահին մէջ (216 North Brand Boulevard, Glendale, CA 91203): Տոմսերը ապահովելու համար՝ հեռաձայնել 818 243-2539, 818 265-0506 թիւերուն, եւ կամ այցելել
www.alextheatre.org, www.ticketmicket.com կայքերը: