ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 4 Նոյեմբերին Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցին մէջ մասնակցած է «Սիրիահայերի համար արեւելահայերէնի եւ ռուսերէնի անվճար դասընթացներ» ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի (UNHCR) ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերվիրթը, «Ռոսսոտրուդնիչեստուօ»ի ներկայացուցչութեան ղեկավար Մարք Անտրէի Քալինինին, արեւելահայերէնի եւ ռուսերէնի ուսուցիչներ, «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ի անդամներ եւ այլն:
Իր խօսքին մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը ողջունած է ներկաները եւ նշած, որ տարբեր ծրագիրներու ճամբով սուրիահայերը համարկուած են հայաստանեան կեանքին, սակայն կարեւոր է լեզուի իմացութիւնը, յատկապէս արեւելահայերէնի: Նախարարին համաձայն, Հայաստանի մէջ ապրելով ու աշխատելով՝ անհրաժեշտ է նաեւ ռուսերէն գիտնալ, քանի որ ատիկա կարեւոր է կապ հաստատելու եւ ԱՊՀ տարածքի հայերուն հետ համագործակցութեան համար:
Սփիւռքի նախարարութիւնը ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակին հետ համագործակցութեամբ արդէն ապահոված է մասնակցութիւնը արեւելահայերէնի 53 եւ ռուսերէնի 60 սուրիահայերու՝ առանց տարիքային սահմանափակման:
Ծրագիրի բովանդակային բաժինը կ՛իրականացուի Երեւանի քաղաքապետարանին եւ «Ռոսսոտրուդնիչեստուօ»ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան հետ համատեղ, ֆինանսաւորումը կ՛ապահովէ UNHCR կազմակերպութիւնը:
Հետագային կը նախատեսուի կազմակերպել նաեւ անգլերէնի դասընթացքներ՝ 200 սուրիահայերու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.