ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀԵԴ ճամբարի 35ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 9ին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ (410 Washington Blvd.): Ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին ՀԵԴ ճամբարի իրագործումները եւ անոր ծրագիրները, որոնցմէ ամէն տարի կ՛օգտուին մօտաւորապէս 750 պատանիներ եւ երիտասարդներ:
Ճաշկերոյթը պիտի խանդավառէ Արեւելեան Ամերիկայէն ժամանող «Առաւօտ» նուագախումբը: Մասնակցութեան սակը 75 տոլար է, իսկ ՀԵԴականներու համար՝ 50 տոլար: Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի ճամբարի նորոգութեանց:
Տոմսեր ապահովելու կամ նուիրատուութիւններու համար, դիմել (818) 242-7494 թիւին կամ info@ayfcamp.org հասցէին:
ՀԵԴ ճամբարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ayfcamp.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.