Վարեց՝ ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ

«… Եկէք բոլորս միասին աշխատինք բարձրացնելու, քաջալերելու այն, ինչ որ հայկական է…», կ՛ըսէ «Հայութեան Ձայն» համացանցային ձայնասփիւռի սեփականատէր Յակոբ Գոճէքեանը, որ ծանօթ է՝ Ճէք Գոճէք (Jack Kojak) անունով:
Վերջին տարիներուն կարծես նորութիւն դարձած է համացանցային ձայնասփիւռը, սակայն հազուագիւտներն են, որոնք գիտցած են զանազանել հայկական երգերը մնացեալ օտար երգերէն, վերջապէս, հայկական երգերը ունին տարբեր մշակումներ, հայկական շրջաններու տարբերութիւններով եւ, անշուշտ, լաւ պիտի ըլլար անոնց պատմականները եւս ներկայացնել ունկնդիրներուն, իսկ գալով հայ երգիչներուն, անոնք պարտաւոր են քարոզելու հայկական մշակոյթը իրենց երգերուն միջոցաւ, վերջ ի վերջոյ հայութեան մշակութային ձայնը լսելի պիտի դառնայ իր հարիւր տոկոս մաքրութեամբ եւ աւանդական բոլոր երաժշտագործիքներով, կարեւորը զանազանելն է հայկականը օտարէն:
«Հայութեան Ձայն» համացանցային ձայնասփիւռը, այսօր չորս տարիներէ ի վեր կը գործէ, նպատակ հետապնդելով՝ ծննդավայրէն գաղթած եւ այլ երկիրներու մէջ բնակութիւն հաստատած հայ ընտանիքները միացնել իրենց հարազատ ծննդավայրին, որուն ընդմէջէն ներկայացնել նաեւ հայկականը, իսկ այժմ՝ հայկականն է, որ կը գերադասէ «Հայութեան Ձայն»ի սեփականատիրոջ եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի աւելի եւս հայկականացնելու եւ ունկնդիրներուն ներկայացնելու զտուած հայկական երգերու շարանները:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Առաջին հերթին պիտի խնդրէի, որ ներկայացնէք դուք ձեզի:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Ծնած եմ Լիբանան, յաճախած եմ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը եւ ապա շարունակած Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճը: Փոքր տարիքէս անդամակցած եմ ՀՄԸՄ Պուրճ-Համուտի սկաուտական կազմին, ապա՝ Լիբանանի Երիտասարդաց Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին: Բաւական ետք անդամակցեցայ նաեւ Համազգայինին: 2001 թուականին փոխադրուեցայ Ամերիկա եւ այժմ բնակութիւն հաստատած Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ: Ամուսնացած եմ եւ ունիմ երկու զաւակներ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ի՞նչը ձեզ մղեց համացանցային ձայնասփիւռ բանալու:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Մանկութենէս երաժշտութիւնը եւ երգը շատ սիրած եմ, այսինքն՝ անհնար է օրս անցընել առանց երաժշտութիւն կամ երգ ունկնդրելու: Երբ Ամերիկա փոխադրուեցայ, ձայնասփիւռի հայկական ալիք մը գտայ, որ ինծի կը յիշեցնէր ծննդավայրս եւ օրական մտիկ կ՛ընէի, երբ փակուեցաւ ալիքը, ես մտածեցի բանալ ալիք մը եւ ճոխացնելով յայտագիրները՝ հայ ժողովուրդին տանիմ իրենց նախկին ապրած երկիրները, անոնց, որոնք հեռու են իրենց ծննդավայրէն, եւ գիտնալով, որ Սփիւռքի բոլոր հայերն ալ կը սիրեն հայերէն, յունարէն եւ արաբերէն երգեր լսել, ապա՝ Մայիս 30, 2009ին, համացանցի ձայնասփիւռը պաշտօնապէս բացի եւ անուանեցի «Radio AGA», այսինքն՝ հայերէն, յունարէն եւ արաբերէն (Armenian, Greek, Arabic): Ամիսներու ընթացքին Radio AGA-ն լսելի դարձաւ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր հայ կայ: Աւելցնեմ նաեւ, թէ Radio AGA-ի միջոցաւ բաւական երգիչներ ծանօթ դարձան հայ գաղութին:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ինչ որ գիտենք, առաջ Radio AGA էր անունը եւ ներկայիս փոխուած է «Հայութեան Ձայն»ի, ինչո՞ւ այս փոփոխութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Լիբանանի հայութեան մօտ ընդհանրացած է «ակա» բառի օգտագործումը, սակայն իմաստը այն չէ, ինչպէս որ է իմ ձայնասփիւռի անունի իմաստը, այլ գռեհիկ իմաստով կը գործածեն, հակառակ Radio AGA անուանումը կրճատումն էր հայերէն, յունարէն, արաբերէն իմաստին, ունկնդիրներէս շատերը ակնարկութիւն ընելով, առաջարկեցին, որ փոխեմ եւ հայութեան պատշաճ անունով մը կոչեմ, որպէսզի ձայնասփիւռը աւելի յաջողութիւն եւ քաջալերանք ստանայ, սակայն անձնական պատճառներով անունի փոփոխութիւնը կը ձգձգէի, բայց հիմա ժամանակն է արդէն, որ բարելաւեմ ձայնասփիւռը, որակաւորեմ հայկականով, հայկական ազգային շունչով, եւ այդ գործընթացին սկսայ անունը փոխելով:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ընդհանրապէս ի՞նչ տեսակի երգերով կը ճոխացնէք ձեր ունկնդիրները:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Հայերէն, արաբերէն, յունարէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն զանազան տեսակի երգերով. ներկայիս աշխատանք կը տարուի հայերէն բաժինը աւելի եւս զօրացնելու:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Իսկ յատուկ ի՞նչ յայտագիրներ ունիք:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Ունինք եւ կամ ունէինք մի քանի յայտագիրներ.
«Օրուայ Նիւթը» յայտագիրը, որ մեծ ժողովրդականութիւն շահած էր եւ բաւական մասնակցողներ ունէինք:
«Տաղանդ» յայտագիրը, որուն ունկնդիրները կը մասնակցէին երգով:
«Ոտանաւոր Գրենք» յայտագիրը, որ մասնակիցին առիթ կ՛ուտար հայերէն մտածելու եւ հայերէն գրելու. յայտագիրը կը ներկայացնէր բանաստեղծ Մկօ Փանոսեանը (Կայլակ):
«Ինչ կայ չկայ» օրուան մէջ մեր հետ պատահածներու յայտագիրը:
«Ազգային եւ Կրօնական» յայտագիր, զոր կը ներկայացնէ հայր Անտոն Ադամեանը:
«Աստղեր», «Հայկական Լուրեր» եւ «Հայկական Առածներ» յայտագիրները, զոր կը ներկայացնէր Սանտրա Սարգիսեանը:
«Երգիչ Խօսնակ» յայտագիրը, զոր կը ներկայացնէ երգիչ՝ Անթուան Պէզճեան:
«Եկեղեցին Հայկական» յայտագիրը, որ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի յայտագիրն է, զոր կը ներկայացնէ Հուրիկ Ֆուռնուզլեան:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ապագային արդեօք կը մտածէ՞ք տարբեր ծրագիրներ ունենալու մասին:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Ներկայիս կ՛աշխատինք տարբեր ծրագիրներ մշակելու ուղղութեամբ եւ արդէն բաւական նոր ծրագիրներ պատրաստած ենք, եւ այդ իսկ պատճառով է, որ անցեալի կարգ մը յայտագիրները դադրեցուցած ենք:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ի՞նչ տեսակի յայտագիրներ կը մտածէք ներառել ձեր ծրագիրներուն մէջ:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Ծրագրած ենք ներառել ազգային եւ յեղափոխական, հայոց պատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս նաեւ՝ գրական, մշակութային, մանկական, կրօնական յայտագիրներ, որոնք, վստահ եմ, շատ պիտի հետաքրքրեն մեր ունկնդիրներուն:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Եւ արդէն ունի՞ք կարող հաղորդավարներ, որոնք ունկնդիրները պիտի գոհացնեն:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Անկասկած ունինք կարող եւ փորձառու հաղորդավարներ, որոնք արդէն իսկ ազգային շունչով կը գործեն գաղութի զանազան մարզերուն մէջ: Կ՛ուզեմ այստեղ առիթը օգտագործել բարի գալուստ մաղթելու «Հայութեան Ձայն»ի խորհրդատու նոր անդամներուն եւ «Հայութեան Ձայն»ին միացած նոր անդամներուն, ի մասնաւորի՝ Ռաֆֆի եւ Սալբի Յակոբեաններուն, որոնք սիրայօժար ընդունեցին կողքիս կանգնելու հրաւէրին եւ միանալով «Հայութեան Ձայն»ի խորհրդատու մարմինի պատասխանատու անդամներուն, բծախնդրութեամբ եւ հոգատարութեամբ ինձ ծանօթացուցին մեր կարող եւ փորձառու նորեկ հաղորդավարներուն:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ներկայիս ո՞ւր կը գտնուի ձեր վայրը:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Ներկայիս կը գտնուի Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքը:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Կարելի՞ է, որ Լոս Անճելըսի մէջ ալ ունենաք ձեր յատուկ գրասենեակը:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Մեր ծրագիրներուն մաս կը կազմէ նաեւ ունենալ գրասենեակ մը Լոս Անճելըսի մէջ եւ կ՛աշխատինք իրականացնել մեր այս ծրագիրի յաջողութեան ուղղութեամբ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ձեր ունկնդիրները հաւանաբար վարժուած են ձեր յայտագիրներուն, եթէ նորութիւններ բերէք, կը կարծէ՞ք քաջալերանք պիտի գտնէք ձեր շրջանակէն:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Մեր ունկնդիրները կը սիրեն նորութիւններ եւ վստահ եմ, որ նոր յայտագիրները աւելի պիտի սիրեն, քանի որ ծրագրուած յայտագիրներու հաղորդավարները ունին կարողութիւնը եւ իրենց տարիներու փորձառութեամբ, մասնագիտացած են իրենց հաղորդման եւ յայտագիրը վարպետութեամբ ներկայացնելու գործին մէջ:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ի՞նչ ունիք ըսելիք հայ գաղութին:
ՅԱԿՈԲ ԳՈՃԷՔԵԱՆ.- Իմ խօսքս պիտի ըլլայ հայ ազգին. եկէք բոլորս միասին աշխատինք բարձրացնելու, քաջալերելու այն, ինչ որ հայկական է եւ կարծիքներու փոխանակման ընդմէջէն, աւելի եւս զարգացնելու «Հայութեան Ձայն» համացանցային ձայնասփիւռը, ապրինք մաքուր եւ ապրինք հայօրէն: Ես կ՛ուզեմ սրտանց շնորհակալութիւն յայտնել «Հայութեան Ձայն»ի բոլոր ունկնդիրներուն, անձնակազմին, ինչպէս նաեւ՝ «Ասպարէզ» օրաթերթին, որ առիթը տուաւ ինծի աւելի մանրամասնօրէն խօսելու «Հայութեան Ձայն»ի նպատակներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Gouzem Shnorhagloutyoun Haydnel Asbarez
Oraterti Dnorenoutyan Yev Hartzazrouytse varogh Սալբի Թէքկէլեան Յակոբեան vor intz arit devin Hayoutyan Tzayne tzanotaznem Hay Kaghoutin.
GOOD LUCK