ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Սան Ֆրանսիսքոյի գործօն ազգայիններէն Յակոբ եւ Օհան Տէր Աբրահամեան եղբայրները, 2000 տոլար նուիրատուութեամբ, սիրով կը ստանձնեն հովանաւորութիւնը՝ 1923ի (իրենց հօր Գրիգոր Տէր Աբրահամեանի ծննդեան տարին) եւ 1931ի (իրենց մօր՝ Շնորհիկ Տէր Աբրահամեանի ծննդեան տարին) թուայնացման ծախսերուն:
Տէր Աբրահամեան եղբայրները միշտ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնած են Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ, Գռուզեան-Զաքարեան վարժարանին, Հայ Դատի յանձնախումբին եւ երբեք չեն զլացած հասնիլ բոլորին:
«Ասպարէզ»ի թուայնացման ծրագիրին համար, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջակայքին մէջ կրնաք դիմել Նուպար Տէմիրճեանին՝ հեռաձայնելով 415-717-1696 թիւին:
«Ասպարէզ»ի 105 տարիներու բոլոր էջերը թուայնացնելու արշաւը կը շարունակուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.