ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ինչ որ պատահեցաւ օրեր առաջ, Երեւանի կեդրոնական Մաշտոց պողոտային վրայ, «Ցեղակրօն» ցուցարարներուն եւ «Նժդեհական» իշխանաւորներու հրահանգը կատարող ոստիկաններուն միջեւ բորբոքած բիրտ բախումներով, կը սպառնայ նախերգանքը դառնալ քաղաքացիական ընթացիկ խռովութենէ մը շատ աւելի ծանրակշիռ ճգնաժամի մը։
Պատահածը նախազուշացումն է անխուսափելի այն աղէտին, որուն պիտի յանգի տարիներէ ի վեր մեր հայրենիքին մէջ կուտակուող դժգոհութեան ահաւոր սառցակոյտը, եթէ պարբերական ձիւնհալներով լիցքաթափում տեղի չունենայ…
Այլապէս, եթէ արտաքին թէ ներքին այս կամ այն պատճառով քաղաքական ջերմաստիճանը յանկարծակի բարձրանայ մեր երկիրին մէջ, դժգոհութեան սառցակոյտը անխուսափելիօրէն եւ ահեղ թափով պիտի սկսի հալելու՝ ուղղակի կործանարար հեղեղի վերածուելով։
Խռովարարութեան հեղեղ մը, որ քաղաքացիական անկարգութեանց իր յորձանքին տակ պիտի աւերէ ու սրբէ-տանի վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան անչափահաս, այլեւ դժուարութեամբ կայացող ժողովրդավարութեան անբաւարար հիմերն ալ։
æուրը չտեսած բոպիկցողներու փութկոտութեան արձագանգը մի փնտռէք այս ահազանգին մէջ։
Ոչ ալ «Սուտասան Միհրան»ի կեղծ ահազանգներու շարքին դասեցէք զայն։
Մանաւանդ չխաբուիք եւ հալած իւղի պէս կուլ չտաք նարկիսականութենէ տառապող մեր երկիրի իշխանութեանց այն սնամէջ «ինքնավստահութիւն»ը, թէ Հայաստանի մէջ եւ հայ ժողովուրդի պարագային իբր թէ բացառուած են ամբողջ աշխարահամասը վարակած ըմբոստացման Գարունները կամ Գունաւոր յեղափոխութիւնները։
Ճի՛շդ է, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս տրամադիր չեն, այնքան դժուարութեամբ նուաճուած իրենց ազատութեան եւ անկախութեան հաշւոյն, յաւելեալ տուրք վճարելու որեւէ Գարնան գալուստին։
Բայց նոյնքան եւ աւելիով ճիշդ է, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը արդէն զզուած են կառավարման այս խաթարուած համակարգը ամէն գնով «անձեռնմխելի» պահող անիրաւ իշխանութիւններէն եւ անոնց սազով պարող… ընդդիմադիրներէն։
Ի վերջոյ մինչեւ ե՞րբ կարելի է սեփական ժողովուրդը վախցնել Արցախի անկախութեան եւ Հայաստանի ապահովութեան սպառնացող վտանգներու ուրուականով, ամէն անգամ որ ներ-քաղաքական եւ հասարակական անշնչելի մթնոլորտին դէմ համաժողովրդային ընդվզումն ու ծառացումը կը դրսեւորուին արմատական քայլերով եւ կը սպառնան նոյնինքն իշխող քաղաքական համակարգի «պահապաններուն»՝ իշխանութիւն ըլլան անոնք թէ ընդդիմադրութիւն…
Այդ առումով՝ ինչ որ պատահեցաւ Մաշտոց պողոտային վրայ, աւելի քան լուրջ եւ սթափեցնող ահազանգ մըն է։
«Ինչ որ ցանես՝ այդ կը հնձես», կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը։
Իսկ այս պարագային մեր ցանածը կը հնձենք ոչ միայն իբրեւ իշխանաւոր քաղաքական ուժեր, ոչ միայն իբրեւ ընդդիմադիր կամ փոխընտրութիւն ներկայացնող գործիչներ ու կուսակցութիւններ, այլեւ ու մանաւանդ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութիւն, որուն քուէին տէրը ներկայանալու հնարաւորութիւնը ունին բոլորը, բացի իրմէ՝ նոյնինքն ժողովուրդէն։
Վերջին օրերուն համացանցը ողողուած է Հայաստանի «Ցեղակրօն» կուսակցութեան նախագահ Շանթ Յարութիւնեանի «յեղափոխական» խռովարարութեան նուիրուած քննարկումներով ու մեկնաբանութիւններով։ Թեր ու դէմ կողմնորոշումի բոլոր ուղղութիւններն ալ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերեն բազմակարծութեան այս համացանցային հանդէսին։
Առաջին հերթին եւ ամէն բանէ վեր՝ միայն հպարտութիւն կ՛առթէ եւ ինքնավստահութիւն կ՛ամրապնդէ հայ քաղաքական միտքի դրսեւորած համացանցային այդ կենսունակութիւնը։
Միաժամանակ օրակարգի վրայ կը բերէ ինչպէս Հայաստանի ու հայութեան քաղաքական ապագան յուզող հիմնական հարցերու, այնպէս ալ առկայ պատասխաններու եւ պատասխանի որոնումներու ամբողջ երանգապնակը.
– Պատահածը կառավարման այս խաթարուած համակարգին դէմ «յեղափոխութեա՞ն» փորձ էր, թէ գալիք յեղափոխութեան ազդարարութիւնը միայն։
– Եղածը դժգոհութեան սովորական ցո՞յց մըն էր՝ բողոքի եւ ըմբոստացման ծայրայեղական դրսեւորումով, թէ քաղաքական ենթահողով սոսկ օրինախախտում մըն էր՝ խռովարարութեան եւ անկարգութեան մղումով։
– Ցուցարարներուն ըմբոստացման «պատգամ»ը որո՞ւն դէմ ուղղուած էր. իշխանութեա՞ն, ընդդիմադրութեան, թէ նոյնինքն յուսահատութեան մատնուած եւ ներկայ անելէն ետք չտեսնող դժգոհ հասարակութեան լայն շերտերուն։
Համացանցի վրայ շրջող նմանօրինակ հարցադրումներու եւ ա-նոնց տրուած կամ դեռ չգտնուած պատասխաններուն չափ առատ են, նաե՛ւ, չափի զգացողութիւնը չկորսնցնելու եւ պատահածին պէտք եղածէն աւելի իմաստ ու արժէք չտալու յորդորները։
Որոշապէս «Սադրանքի Տեսութենէ» (Conspiracy Theory) ներշնչուած՝ այսօրինակ յորդորներու հեղինակները իշխանութեան մատը կը տեսնեն պատահածին մէջ եւ ՀՀ նախագահին կը վերագրեն վիրաւորներով ու ձերբակալեալներով աւարտած ցոյցին հրահրումը՝ իբր թէ իրաւ յեղաշրջման կամ յեղափոխութեան գաղափարը վարկաբեկելու յետին միտքով։
Ո՛չ կարելի է հաստատել, ոչ ալ բացառել նման վարկածները։
Բայց վստահօրէն կարելի է մատնանշել, որ «Գարեգին Նժդեհ»ի անունով երդուող Հանրապետական կուսակցութեան իշխանութեան դէմ կատարուած ցոյցին հեղինակն ու ղեկավարը նոյնպէս Նժդեհի գաղափարներով առաջնորդուող «Ցեղակրօն» կուսակցութիւնն է՝ իր նախագահով եւ կուսակիցներով։
Աւելի՛ն. եթէ քաղաքական կենսագրութիւն ըսուածը դեռ արժեզրկուած ապրանք չէ հայաստանեան շուկային վրայ, այդ պարագային անպայման պէտք է մտաբերել, որ Շանթ Յարութիւնեանն ու իր «Ցեղակրօն» շարժումը կային 1988ին, 25ամեայ շարժման առաջին իսկ օրերուն, մինչ Սերժ Սարգսեան ընդհանրապէս կապ չունէր Աշոտ Նաւասարդեանի «Հանրապետական» կուսակցութեան հետ, իսկ «Հանրապետական»ը ինք այսօրուան պէս ու չափով ընդգրկած չէր «Նժդեհականութիւն»ը։
Անշուշտ կոյր պէտք է ձեւանալ՝ չտեսնելու համար, որ նմանակումներու եւ կեղծուած արժէքներու առուծախով զատորոշուող հայաստանեան քաղաքական շուկային մէջ դժուար է ստուգապէս ճշդել, թէ Հանրապետականէն կամ Ցեղակրօնէն ո՞վ իրապէս կ՛ընդունի Գարեգին Նժդեհը իբրեւ իր գաղափարական հայրը։
Այս պահուն կարեւոր ալ չէ, անշո՛ւշտ, թէ իրապէս երկուքէն որո՞ւն պէտք է տալ «Նժդեհական»ի կամ «Ցեղակրօն»ի ԻՐԱՒՈՒԹԵԱՆ վկայականը։
Հայաստանին սպառնացող դժ-գոհութեան սառցակոյտին դէմ յանդիման՝ այսօր կարեւորը այն է, որ իշխանութեան ղեկին գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան «Նժդեհական» բանբերը կը սպառնայ «Օրէնքի ողջ խստութեամբ» պատժել պետութեան կարգուկանոնը ոտնահարող «Ցեղակրօն» Շանթ Յարութիւնեանն ու իր կուսակիցները։
Սպառնալիք մը, որ պարզապէս կանխազգուշացում է՝ ուղղուած հասարակութեան այն բոլոր ուժերուն, որոնք մտադիր են իրենց բախտը փորձելու, այս իշխանութեան տապալման ի խնդիր ուժական ցոյց կազմակերպելով։
Իսկ անդին արտագաղթը կը շարունակուի։
Իսկ Ռուսիան աւելի ու աւելի կը ճնշէ Հայաստանի վրայ։
Իսկ մեր ժողովուրդը Նոր Տարիէն սկսեալ պիտի ստիպուի 150 դրամ վճարելու… երթուղայինին։
Եւ հակառակ այս բոլորին, գործող իշխանութեանց ինքնակոչ թէ պաշտօնապէս նշանակուած կնքահայրը՝ Գալուստ Սահակեան սիրամարգի հովերով կը յոխորտայ, թէ Մաշտոց պողոտային վրայ պատահածը լուրջ բան մը չէ, իսկ նախագահ Սերժ Սարգսեան իշխանութենէն հրաժարական տուողը չէ…