ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Մեսրոպեան վարժարանին մէջ ամսական դրութեամբ շարունակուող դասախօսական ձեռնարկներու շարքին յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 7էն 8:30:
Պատանիներու ուղեղի գործունէութեան նուիրուած սոյն դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Տէր Ղուկասեանը:
Բանախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ վարժարանի «Իգնատոսեան» սրահին մէջ (8420 Beverly Road, Pico Rivera, CA 90660) եւ պիտի կատարուի հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել վարժարանի գրասենեակ՝ (323) 723-3181 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.