ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Դիլիջան» համերգաշարի յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Նոյեմբեր 17ին, Լոս Անճելըսի «Զիփըր» սրահին մէջ (200 S. Grand Ave.), որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան տաղանդաւոր արուեստագէտներու հոյլ մը, ինչպէս նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով, պիտի ներկայացուի «Դիլիջան»ի պատուէրով յօրինուած 24րդ գործը՝ Փօլ Չիհարայի «Աղջիկը՝ Երեւանէն» («Girl from Yerevan») ստեղծագործութիւնը, ջութակի, ջութի եւ կիթառի համար:
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ «Դիլիջան» համերգաշարին մէջ իրենց անդրանիկ ելոյթները պիտի ունենան «Կրեմի» մրցանակներու արժանացած կիթառահար Տէյվիտ Սթարոպին եւ Լոս Անճելըսի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր թաւջութակահար Ռապըրթ ՏըՄէյն:
Պիտի ներկայացուին նաեւ Պեթհովենի «Ռազումովսքի» լարային քառեակը, ինչպէս նաեւ Պեթհովենի ժամանակակից Վենզելսլաուս Մաթիքայի «Մեծն Եռեակ»ը:
Վերոնշեալ կատարողներուն պիտի միանան «Դիլիջան»ի արուեստի բաժանմունքի վարիչ եւ ջութակահար Մովսէս Պօղոսեան, Լոս Անճելըսի ֆիլհարմոնիքի ջութակահար Վարդի Մանուէլեան եւ «Լինքըն» կեդրոնի սենեկային երաժշտութեան ընկերակցութեան անդամ՝ ջութակահար Ռիչըրտ Օ՛Նիլ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://larkmusicalsociety.com/dilijan կայքէջը կամ դիմել DilijanMusic@gmail.com հասցէին կամ (818) 500-9997 թիւին:
Տոմսերու սակը՝ 35 եւ 20 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.