ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ամիսներու սպառնալիքներէ ու անցեալ Յուլիսին գոյացած կարճատեւ «զինադադար»էն ետք, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի դեմոկրատ մեծամասնութիւնը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22ին պատմական քայլով մը որոշեց Ծերակոյտի փոքրամասնութենէն խլել իրաւասութիւնը՝ նախագահին կողմէ գործադիր իշխանութեանց մէջ ու արդարադատութեան համակարգէն ներս կատարուած նշանակումները ձախողութեան մատնելու:
Ծերակոյտին դեմոկրատ ղեկավարութիւնը տարբեր առիթներով բողոքած էր յատկապէս բազմաթիւ դատաւորներու նշանակման հարցը քուէարկութեան չբերելու մասին հանրապետականներու միջամտութիւններուն դէմ եւ սպառնացած էր «հիւլէական ընտրանք» անունով մկրտուած այս քայլին դիմել:
Նախկին օրէնքներուն համաձայն՝ 100 աթոռ ունեցող Ծերակոյտին մէջ 60 քուէ հարկաւոր է նշանակում մը վաւերացնելու հարցը օրակարգի բերելու, սակայն այսուհետեւ, պարզ մեծամասնութիւն մը բաւարար պիտի ըլլայ այդ բանին: Հանրապետական ծերակուտականները խստօրէն դատապարտեցին այս քայլը՝ զայն Ծերակոյտին արժէքը նուազեցնող քայլ նկատելով: Անշուշտ, հանրապետականները պիտի կարենան նախկին օրէնքին վերադառնալ, եթէ կարենան Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն ապահովել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.