
ՖՐԵԶՆՕ.- Յաջորդական 5րդ տարին ըլլալով, այս տարի եւս յաջողութեամբ պսակուած է Հայ ճարտարագիտական խմբակին կազմակերպած հեծելարշաւ-դրամահաւաքը, աւելի քան հազար հոգիի մասնակցութեամբ:
Սովորաբար, Հայաստանի հողագործութեան մարզին օժանդակութիւն տրամադրող Հայ ճարտարագիտական խմբակի այս արշաւին հասոյթը կը տրամադրուի Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն:
Կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ընէ շարունակելու նուիրատուութիւնը՝ զանոնք ուղարկելով հետեւեալ հասցէին՝ Armenian Technology Group Inc. 550 E Shaw Ave, PO Box 5969, Fresno, CA 93755, կամ դիմելով (559) 224-1000 թիւին, նշելով, թէ 250 տոլարէն աւելի նուիրատուութիւններ կատարողներուն իբրեւ նուէր պիտի յատկացուի Ուիլեըմ Սարոյեանի նուիրուած լուսանկարչական գրքոյկ մը: